ԿԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
Արդէն երեք շաբաթ անցաւ վերամուտէն եւ կարող ենք յստակօրէն ըսել, որ մեր առօրեայ կեանքը բոլորովին փոխուեցաւ։
Նոր դպրոցին մէջ առաջին օրերը համեմատաբար լաւ անցան, թէեւ մեզի համար ամէն բան նորութիւն էր՝ ժամանակացոյցէն սկսած մինչեւ մարզական աւան երթալը։ Ունինք դպրոցական բոլորովին անկանոն ժամանակացոյց։ Ամենաերկար օրերը կը տեւեն ժամը 8։20-էն մինչեւ17։05։
Առաջին օրը աշակերտներուն թիւը մեզ շատ զարմացուց։ Իմ դասարանս բաղկացած է մօտաւորապէս 250 հոգիէ. բաժնուած ենք եօթ խումբերու։ Օրինակ՝ ես մաս կը կազմեմ 2nde 7 բաժնին (10-րդ դասարան, 7-րդ բաժին), իսկ եղբայրս՝ 2nde 3 (10-րդ դասարան, 3-րդ բաժին)։
Դպրոցի շէնքը հսկայ է ի տարբերութիւն Դպրոցասէրի։ Այստեղ ամէն բան շատ աւելի կազմակերպուած է։ Սնունդի վերաբերեալ ըսեմ, որ ինքնասպասարկման դրութիւն ալ կայ, տեսականին աւելի հարուստ է ու համեղ։ Արդէն առանձին կը վերադառնանք տուն հանրակառքով, քանի որ ես ու եղբայրս ունինք տարբեր ժամանակացոյցեր։
Դպրոցին մէջ զանգ չկայ ու պէտք է ինքնուրոյն ձեւով մտնենք դասարան։ Մարզադաշտը ուրիշ տեղ կը գտնուի եւ տարածքը աւելի մեծ է։ Հանգիստ եմ այն առումով, որ կարողացայ ընկերանալ մի քանի հոգիի հետ։
Ուսուցչական կազմը ընդհանուր առմամբ լաւ է, դասատուներէս մի քանին շատ կը հաւնիմ։ Պարզապէս, հայերէն դասեր չունինք այլեւս, ինչ որ քիչ մը անսովոր է։ Ուրիշ տարբերութիւններ ալ կան անշուշտ…
Մեր դպրոցական առաջին օրէն ի վեր, մինչեւ այսօր, դպրոցասէրցի էինք եւ այս անցումը շատ նոր էր ու համակերպիլ էր հարկաւոր։ Մենք շատ պիտի կարօտնանք Դպրոցասէրի հայկական մթնոլորտը։
25 Սեպտեմբեր 2021