ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՄԵՐ ԿԵԱՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՐՁԱՇՐՋԱՆԸ. ՄԱՍ Գ. եւ վերջ

ՓՈՐՁԱՇՐՋԱՆԻՍ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ

ՍԵՐԵՆԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

Փորձաշրջանիս առաջին օրը Երկուշաբթի 15 Մարտն էր։ Սկսայ առտուան ժամը ութին եւ աշխատեցայ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը երեք։

Նախ՝  ինծի ցցուցին ընկերութեան գրասենեակը, ուր պիտի աշխատէի փորձաշրջանիս ընթացքին։ Սկսանք տեղաւորել հաշուեթուղթերը եւ իմակները։ Յետոյ, պատրաստեցի երկրաչափի մը կառավարական թուղթերը, որովհետեւ ան պէտք է Ֆրանսա գար օտար երկրէ, աշխատելու այս ընկերութեան մէջ։ Պէտք եղած բոլոր թուղթերը տպեցի եւ դրի պահարանի մը մէջ, որ զետեղենք նամակատուփին մէջ։ Ճաշէն ետք ժողով մը գումարեցինք, որովհետեւ քանի մը օրէն նոր մեքենաներ պիտի հասնէին։

Վարժիչս ինծի ներկայացուց “société.com” անունով կայքէջ մը, որուն վրայ կրնայինք տեսնել ընկերութիւններու մասին բոլոր տեղեկութունները։ Զայն գործածեցինք, որովհետեւ ընկերութիւն մը կ’ուզէր աշխատիլ մեզի հետ, բայց պէտք է ստուգէինք անոր եկամուտը։

Վերջապէս, “batigest” ծրագիրի վրայ տեղաւորեցինք նախահաշիւներ՝  ստուգուած, մերժուած եւ ընթացքի մէջ եղողներ։   

29 Մարտ 2021


ՓՈՐՁԱՇՐՋԱՆՍ

ՄԵԼԱՆԻ ՍԱՀԱԹ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

Փորձաշրջանս կատարեցի Վիլիէ լը Պէլ քաղաքը ակնոցի «Krys » խանութի մէջ, Մարտի 16-էն  20։ Հետս ուրիշ մարզուող ալ կար, Սելեն անունով։

 Ամենասիրած օրս 19 Մարտն էր: Առաւօտեան ժամը 10-ին հասայ խանութ։ Սելենին վերջին օրն էր։ Երբ հասայ, ան արդեն սկսած էր մանրացնել անօգտակար  թերթերը։ Ես դասաւորեցի հաշուեթուղթերը թիւերուն նայելով։

Յետոյ ստուգեցինք վաճառագիրերը: Երբ աւարտեցինք ստուգումը, մեր վարժիչը եկած էր։ Ան մեզի ըսաւ, որ ակնոց ընտրենք մեզի համար։ Ընտրեցինք եւ ան ակնոցները մեզի ընծայեց: 

Կէսօրէն ետք, ժամը 14։00-ին շարունակեցի օրը: Մենք մանրացուցինք 2016 թուականէն մոռցուած դեղատոմսերը:

Յետոյ, սկսաւ յաճախորդներուն ժամանումը: Մենք հետեւեցանք ակնոցավաճառներու աշխատանքին: Անոնք պէտք է զննէին վաճառագիրերը եւ տեղադրէին զանոնք  համակարգիչի վրայ: Այսպէս վերջացաւ օրս։

Ես շատ սիրեցի իմ փորձաշրջանս, քանի որ յուզիչ էր, անձնակազմը շնորհալի էր եւ ես շատ նոր բաներ սորվեցայ:

29 Մարտ 2021


ՓՈՐՁԱՇՐՋԱՆՍ «MONTRE SERVICE» ՎԱՃԱՌԱՏԱՆ ՄԷՋ

ԱԼԻՍԻԱ ՊԷՆԼԻՕՂԼՈՒ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

Առաւօտեան, երբ հայրիկիս հետ Փարիզ կու գայի « Montre Service» վաճառատուն, կը սկսէի խանութը պատրաստել յաճախորդներու ժամանման համար:

Այս օրերուն ես սորվեցայ փոխել ժամացոյցի մարտկոցը, պատուհանը, թեւնոցը: Ընդունեցի խանութի բոլոր ապսպրանքները, մաքրեցի ժամացոյցներն ու ապակիները, ստուգեցի անոնց ջուրի դիմադրողականութիւնը, մարտկոցները եւ մեքենականութիւնը։ Ժամացոյցները կը փայլեցնէի յատուկ գործիքով:

Յաճախորդներու հետ յարաբերութիւնը շատ կարեւոր էր։ Անոնց տեղեկութիւններ կու տայի: Սորվեցայ նոյնիսկ ժամացոյց նորոգել: Շատ բան սորվեցայ այս փորձաշրջանիս ընթացքին։

29 Մարտ 2021


ՓՈՐՁԱՇՐՋԱՆԻՍ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԸ

ԴԱՆԻԷԼ ՖԱՐՀԱՏԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

Փորձաշրջանիս վերջին օրը շահ մը եղաւ ինծի համար։

Առտու կանուխ աղբերը թափեցինք։ Ներքնայարկը պահած էին ծանուցումներու թուղթեր եւ ցուցատախտակներ։ Կարծես նետած էին ամէն ինչ։ Խառնակութիւն էր։ Չէինք կրնար քալել։ Պէտք է պահուելիք իրերը զանազանէինք անոնցմէ, որոնք  ինկած էին գործածութենէ, ժամկէտը անցած էր, կամ մգլոտած էին։ 

Ինչ որ չէին ուզեր պէտք է գետնայարկ տեղափոխէինք, հոնկէ ալ՝ վար իջեցնէինք աղբանոց։ Հոնտեղէն աղտոտ ելայ։

Այդ օրը աւելի կանուխ սկսաւ դադարը, որովհետեւ Ժամը 19:00-ին պիտի վերջացնէինք աշխատանքը։ Կրցայ տուն երթալ, ուտել եւ վերադառնալ։ Ամբողջ կէսօրէ ետքը անցուցի հարցումներս հարցնելով։ Ուրախ էի քիչ մը ժամանակ ունենալով իրենց հետ։ Երբ վերջապէս տուն դարձայ՝ շատ երջանիկ էի, որ այս յոգնեցուցիչ շաբաթը վերջ գտաւ։

30 Մարտ 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

  1. Շատ հետաքրքիր աշխատանքներ էին ։ Յատկապէս Դանիելինը , շատ խնդացի երբ որ կարդացի անոր աշխատանքը ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան