ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՐՁԱՇՐՋԱՆԸ. ՄԱՍ Բ.

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒ ՓՈՐՁԱՇՐՋԱՆԸ CHRISTIAN DIOR COUTURE ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

ԵՐՐՈՐԴ ՕՐԸ

ԿԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

Երրորդ օրը եղբօրս հետ այցելեցինք կաշիէ պայուսակներու եւ Dior պայուսակներու վերանորոգութեան աշխատանոցը։ Dior-ի կաշիի արտադրութիւնը Ֆրանսայի մէջ չէ, այլ՝ Իտալիոյ։ Մեզ դիմաւորեց այս բաժնի տնօրէնը, որ, ի միջի այլոց, հայորդի մըն էր՝ Լուտովիկ Փանոսեան։ Ան շատ սիրալիր ու ազնիւ գտնուեցաւ եւ մեզի ցոյց տուաւ զանազան գործիքներ։

 Իրեն հետ կար ուրիշ մարդ մը, որ պայուսակ մը կը վերանորոգէր։ Իրենց հետ երկար զրուցեցինք, շատ հաճելի էր։ Լուտովիկը յատուկ գործիքով թանկարժէք պայուսակ մը կը փայլեցնէր։ Կարողացայ փորձել այս գործիքը, որ, ի միջի այլոց, շատ դժուար չէր գործածելը։ Բազմաթիւ հարցումներ հարցուցի եւ գրի առի պատասխանները, որ երբ տուն վերադառնամ, անոնցմով լրացնեմ փորձաշրջանիս զեկոյցը։

 Շատ բան սորվեցայ, շատ հետաքրքրական էր իրենց հետ ժամանակ անցնելը։ Ատկէ ետք հայրս եկաւ եւ միասին գացինք հաց ուտելու, որովհետև մեր դադարի ժամն էր։ Յետոյ, ժամը 13։00-ին, վերադարձանք աշխատանքի տեղը եւ մնացած ժամանակը անցուցինք ձեւագէտներու հետ։ Անոնք կ’աշխատէին յատուկ ծրագրով մը՝  LECTRA։

29 Մարտ 2021

ԹԱՆԳԱՐԱՆ

ՄԿՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

Երեքշաբթի 16 Մարտին, Christian Dior Héritage թանգարանը գացինք։ Թանգարանի տնօրէնուհին շատ հաճելի կին մըն էր։ Այցելութիւնը բաղկացած էր չորս մասէ։

Նախ, եղանք Christian Dior-ի գրադարանին մէջ, տնօրէնուհին ուրախութեամբ մեզի պատմեց Christian Dior-ի կեանքի մանրամասնութիւնները։ Մեզի ցոյց տուաւ վաւերաթուղթեր եւ Christian Dior-ի գծած պատմուճաններու ուրուագծեր…

Յետոյ, եղանք կանացի փայտէ մարդակերպարներու սրահը։ Հոն կը չափէին գեղեցիկ կերպարներ եւ կը պատրաստէին նորաձեւութեան տողանցքներ։

Այնուհետեւ, եղանք հին կօշիկներու, անուշահոտերու եւ պճնանքի (accessoire) պահեստը։ Տնօրէնուհին մեզի ցոյց տուաւ մի քանի նմոյշ։

Վերջաւորութեան, եղանք հին պատմուճաններու պահեստը։ Հագուստները կը պահուէին յատուկ պայմաններու մէջ՝ մասնաւոր ջերմաստիճանով, պայուսակներով եւ կախիչներով։

Այս օրը շատ սիրեցի, որովհետեւ կարողացայ շատ բան սորվիլ Christian Dior-ի եւ անոր աշխատանքին մասին։

29 Մարտ 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան