ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏԸ, ՏԱԳՆԱՊԸ, ՅՈՅՍԸ. ՄԱՍ Բ. եւ վերջ

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻԻՆ ՀՈԳԵՎԻՃԱԿԸ

ԿԱՊՐԻԷԼ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան, Պէյրութ
10-րդ դասարան

Միջին Արեւելքի երբեմնի Զուիցերիան հռչակուած Լիբանանը այսօր վերածուած է չքաւորութեան, սղութեան եւ համաճարակի երկրի մը։ Միջին Արեւելքի բժշկութեան անմրցելի կեդրոնը կը տառապի թագաժահրի համաճարակէն։

Մանուկներ ու պարման-պարմանուհիներ զրկուեցան դպրոցական եւ ընկերական կեանքէ մը, որ անոնց նուազագոյն իրաւունքն է։ Այժմ առցանց ուսման հետեւելով կը փորձենք գիտութիւն ամբարել։ Երկար ժամեր համակարգիչի դիմաց մեկուսացած ըլլալով` անիկա մեզ ջղագրգիռ կը դարձնէ։ Ընտանիքի անդամներ եւ բարեկամներ իրարմէ հեռու կը մնան, որուն պատճառով կը ստեղծուին հոգեկան տագնապներ։

Երկրի տնտեսական դժուարութեան կողքին, 4 Օգոստոս 2020-ին, ուժգին պայթում մը մեծապէս ցնցեց քաղաքացին։ Զրկուեցանք հանգիստ բնակարանէ, շատեր զոհուեցան, իսկ ուրիշներ վիրաւորուեցան։ Այս ահաւոր արկածին հետեւանքով մեր բարկութիւնը ու մտահոգութիւնը սաստկացան։ Դրամատուներու մէջ, քաղաքացիներ, յոգնատանջ, երկար կը սպասեն ստանալու համար իրենց վաստկած գումարները, ուր պահ դրած են։

Այս օրերուն տնտեսական վիճակը այնքան ծանր է, որ ընտանիքներ համացանցի սպասարկութեան ամսավճարը չկարենալով վճարել, իրենց զաւակները կը զրկեն առցանց ուսման կարելիութենէն։

Այսօր կ’ապրինք անորոշութեան մէջ։ Արդեօք պիտի կարենա՞նք վերադառնալ մեր սովորական կեանքին։ Կ’աղօթենք, որ բարելաւուի Լիբանանի տնտեսական, քաղաքական եւ առողջապահական վիճակը, եւ մենք վերադառնանք մեր սովորական կեանքին, որուն շատ կարիքը ունինք։

18 Մայիս 2021


ԵՐԱՆԻ՜ ՆԱԽՆԻՆԵՐՈՒՆ

ՔԷՅԱՆՆԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան, Պէյրութ
10-րդ դասարան

Որքա՜ն խաղաղ ու երանելի կը սեպուի նախնիներուն կեանքը, երբ բաղդատենք ներկայի ապրած մեր կեանքին։ Բազմաթիւ դժուարութիւն եւ կուտակուած հարցեր ինկան մեր գլխուն։ Պետական մակարդակի կաշառակերութիւն եւ գողութիւն մենք կը տեսնենք ամէն տեղ։ Ժողովուրդը բողոքեց եւ ցոյցի ելաւ, բայց ի զուր։ Ցոյցերուն ես ալ մասնակից եղայ մէկ անգամ, որպէսզի յայտնեմ իմ դժգոհութիւնս։

Ցոյցերուն յաջորդեցին տնտեսական տագնապ ու ճգնաժամ, անգործութիւն եւ աղքատութիւն, ապա վրայ հասաւ համաճարակը` թագաժահրը, որ մեր կեանքը տակն ու վրայ ըրաւ։ Որքա՞ն պիտի կարենայ դիմանալ մարդ արարած. համբերութեան սահմանը, կարծես, իր աւարտին հասած է։

Բողոքի ցոյցերը յանկարծակի բռնկեցան։ Առաւօտ մը, շտապ արթնցայ, կարծելով որ ուշացած եմ դպրոց երթալու. մեղադրեցի ծնողքս, որ ինչո՞ւ չեն արթնցուցած զիս։ Երբ սկսայ հետեւիլ հեռատեսիլի լուրերուն՝ տեսայ, մարդիկ փակած էին ճամբաները, անիւներ կ’այրէին եւ կը բողոքէին ստեղծուած կացութեան համար։ Բոլորս շատ մտահոգ վիճակի մատնուած էինք, սպասելով հրաշքի մը, որ կարենայ մեզ այս ծանր վիճակէն ազատել։

Մէկ անգամ ես մասնակցեցայ բողոքի ցոյցերուն. լաւ փորձառութիւն մըն էր։ Երբ ժողովուրդը կը միաւորուի պահանջելու իր նուազագոյն իրաւունքները, կը յուսայ, որ փոփոխութիւն մը տեղի ունենայ եւ կեանքը բարելաւուի։

Տնտեսական տագնապը ժողովուրդին վրայ ազդեց։ Հայրս անգործ մնաց ամիսներ շարունակ։ Կը տեսնենք, թէ մարդիկ հացի համար կը կռուին։ Հասանք հոն, ուր անապահով է մեր կեանքը, չենք գիտեր թէ վաղը ի՞նչ պիտի պատահի։ Վախի զգացումը կը խեղդէ, իսկ մտահոգութիւնը կը սպաննէ մեզ։ Միտքը չի հանգչիր, հարցումներ չեն վերջանար իսկ խաղաղութիւնը կորսուած է։

Կարծես այս բոլորը չէին բաւեր, թագաժահրը, իր կարգին, աւերներ գործեց։ Ան մեզմէ խլեց բազմաթիւ վարակուածներ, ընտանիքներ իրարմէ հեռացան, ընկերական կեանքը կասեցաւ, դպրոց, եկեղեցի ու այլ վայրեր իրենց դռները փակեցին, ապրելակերպը փոխուեցաւ։
4 Օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը ծանր բեռ եղաւ եւ հարուածեց Լիբանանի սիրտը։

Հակառակ որ ապրելակերպի նոր հմտութիւն ձեռք ձգեցինք, բայց մարդիկ ուրախ չեն, կարծես վատ երազ մըն էր, որ անցաւ։ Կը յուսամ, որ այս տագնապները վերջ գտնեն եւ վաղը խաղաղ եւ ուրախ օր մը սպասէ մեզի։

Իբրեւ եզրակացութիւն, պէտք է յոյսով ապրինք հակառակ տիրող ծանր իրավիճակին, հաւատալով, որ Աստուած լաւ է, սիրող է եւ մօտ է իր անունը փնտռողներուն։

18 Մայիս 2021


ՏԱԳՆԱՊԸ

ՌԻԹԱ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան, Պէյրութ
11-րդ դասարան

Վերջին երկու տարուան ընթացքին Լիբանանի ժողովուրդը դիմագրաւեց տարբեր տեսակի փորձանքներ, տագնապներ, որոնք մարդոց հոգեկանին վրայ ժխտական անդրադարձ ունեցան։ Այս տագնապներէն մէկը եղաւ 4 Օգոստոսի պայթումը, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ։

Պայթումը քանդեց ամէն ինչ, ընտանիքներ անտուն մնացին, զաւակներ անտէր մնացին, բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ ինկան, քաղաք մը ամբողջ աւերակի վերածուեցաւ։

Համաճարակ մըն ալ տարածուեցաւ երկրին մէջ։ Դպրոցներ փակուեցան, աշակերտներ զրկուեցան իրենց ընկերական կեանքէն, անոնք բանտարկուած մնացին իրենց տուներուն մէջ։ Բոլորին նման ես ալ մնացի տունը, զրկուեցայ դասընկերներու ֆիզիքական ներկայութենէն, սովորական դպրոցական կեանքէ։ Մեծագոյն մտահոգութիւնս այն է, որ առցանց պիտի շարունակեմ կրթական տարեշրջանը եւ պիտի չկարենամ վայելել դասընկերներուս ներկայութիւնը։

Ուրիշ մտահոգութիւն մըն ալ՝ իմ կամ ընտանիքիս անդամներէն ոեւէ մէկուն Քորոնա ժահրով վարակուիլն է։ Անիկա հիւանդութիւն մըն է, որ մահուան կրնայ առաջնորդել վարակակիրը։ Բազմաթիւ երիտասարդներ ու տարեցներ մահացան։

Կը յուսամ, որ արագ անցնին այս օրերը։ Արեւը պիտի ծագի այս խաւար ժամանակներէն ետք։ Դիմադրենք այս դժուար կացութեան. մօտ է յաղթանակը։

18 Մայիս 2021


ԴԺՈՒԱՐԻՆ ՕՐԵՐ

ՍԷՐԼԻ ԵԹԻՄԵԱՆ
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան, Պէյրութ
11-րդ դասարան

Լիբանանի ժողովուրդը տարիներէ ի վեր կը տոկայ դէմ դնելով բազմաթիւ դժուարութիւններու։ Անիկա կ’ապրի յոյսով, որ վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Սակայն վերջին երկու տարիները այնքան տագնապներու հանդիպեցաւ, որ այդ մնացած յոյսը անհետացաւ։

Այո՜, այս տագնապները այնքան ծանր էին, որոնք ոչ միայն չափահասներու վրայ ազդեցին, այլ նաեւ պատանիներու եւ երեխաներու։ Երբ վատթարանալ սկսաւ տնտեսական վիճակը, ժողովուրդը դիմեց բողոքի ցոյցերու։ Ասոր պատճառով մենք զրկուեցանք դպրոց երթալէ եւ առօրեայ զբաղումներէ։

Տնտեսական վիճակն ու բողոքի ցոյցերը ազդեցին բոլորիս հոգեկանին վրայ, անգործութիւնը շատցաւ եւ աղքատութեան տոկոսը բարձրացաւ երկրի տարածքին։

Այս խնդիրներէն ետք, Քորոնա ժահրը ի յայտ եկաւ եւ յաւելեալ մտահոգութիւն մը աւելցաւ բոլորիս մօտ։ Մարդիկ տան մէջ բանտարկուեցան, վախի զգացումը կը տարածուէր ամէնուրեք, նոր ապրելակերպի սկսանք հետեւիլ։ Այս նոր կեանքին վարժուիլը շատ դժուար եղաւ պատանիներու համար։ Զրկուեցանք ընկերական կեանքէ, որ շատ անհրաժեշտութիւն մըն է մեզի համար։ Դպրոցը դարձաւ առցանց, իսկ բարեկամներու հետ կապուելու միակ ձեւը հանդիսացաւ բջիջայինը։

Թագաժահրի ստեղծած դժուարութիւններուն կողքին, մենք սորվեցանք ժամանակի արժէքը։ Ունեցանք նոր հետաքրքրութիւններ, աւելի մօտեցանք մեր ծնողքին եւ կրցանք մենք մեզի աւելի ժամանակ տրամադրել եւ հասկնալ մեր կարիքները։

Ասոնց կողքին, մեծ դժբախտութիւն մըն էր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, որ քանդեց ամբողջ քաղաքը։ Կորսնցուցինք բարեկամներ, ընկերներ, քանդուեցան տուներ եւ ինքնաշարժներ։ Սակայն, այս ահաւոր վիճակին մէջ մենք տեսանք, թէ ժողովուրդը ինչպէս կրցաւ օգնել իրարու եւ վերականգնիլ։ Պայթումին յաջորդող օրերուն եւ շաբաթներուն, երիտասարդներ իջան փողոց եւ սկսան մաքրութեան աշխատանքի։ Մահուան, քանդումի թէ պոռչտուքի երեւոյթները պահ մը մոռցանք եւ սկսանք աշխատանքի։ Փորձեցինք նորոգել մեր կեանքը եւ նետուիլ գործի դաշտ։

Իսկապէ՛ս, որքան զօրաւոր ժողովուրդ է լիբանանցին։ Հակառակ դժուար օրերուն եւ անոր պատճառած ժխտական ազդեցութեան մեր հոգեկան, մտային թէ ֆիզիքական վիճակին վրայ, դիմանալն ու պայքարիլը փաստն է մեր տոկունութեան եւ համբերութեան։

18 Մայիս 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան