ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՎԱՍԱԿ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ

ԱՌԻՒԾ ՍՊԱՐԱՊԵՏԸ

Պատրաստեց՝ ԱԼԻՆԱ ԵՐԻՑԵԱՆ
Նկարչութիւն՝ Մաթիս Թօփուզ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

Չորրորդ դարու երկրորդ կէսին, հայոց Արշակ Բ. թագաւորի եւ Ներսէս կաթողիկոսի հետ հայկական պետականութեան պահպանման, հայկական ուժեղ բանակի կազմաւորման գործին մէջ կարեւոր դեր ունի Մամիկոնեան տոհմի առաջնորդը՝ սպարապետ Վասակ Մամիկոնեան։

Վասակ Մամիկոնեան ծնած է Դ. դարու սկիզբը (309թ.) Տայոց գաւառի Էրախան բերդ դղեակին մէջ։ Մանուկ հասակէն ստացած է զինուորական դաստիարակութիւն։ Երիտասարդ տարիքէն աչքի ինկած է զինուորական հմտութեամբ։ Այդ պատճառով Տիրան թագաւորը իր որդի Արշակի դաստիարակութիւնը յանձնած է իրեն։

Վասակ Մամիկոնեան չհանդուրժելով բռնակալ Տիրանի քաղաքականութեան հեռացաւ արքունիքէն։ Երբ հայոց գահը անցաւ Արշակ Բ.ին, ան պալատ հրաւիրեց Վասակը եւ հայոց սպարապետութեան պաշտօնը յանձնեց իր սիրելի ուսուցիչին։

Վասակը բազում յաղթական մարտեր տարաւ պարսիկ Շապուհ Բ.ի դէմ եւ դատաստան տեսաւ պետութեան դաւաճաններու հետ, որոնցմէ՝ իր հարազատ եղբայր Վարդանը եւ Արշակ Բ.ի եղբօրորդի Գնելը։

Պարսիկներու դէմ 23 մարտերուն ան յաղթական ելաւ։ Պատերազմի աւարտին Վասակն ու Արշակը կանչուեցան Շապուհ թագաւորի մօտ, որ կը փափաքէր վստահ ըլլալ հայերու հաւատարմութենէն։

Արշակի հետ քննարկում ունենալէ ետք Շապուհ թագաւորը համոզուեցաւ, որ պատերազմներու ժամանակ Արշակ իր կողքին պիտի չըլլար, ուստի որոշեց երկուքն ալ բանտարկել:

Արշակը նետեց Անհուշ բերդ, սակայն Վասակի ճակատագիրը աւելի սարսափելի եղաւ։ Անոր ներքին գործարանները հանեցին, յետոյ զայն կախեցին իր թագաւորի բանտին դիմաց:

Անոր մահէն առաջ Շապուհ ու Վասակ զրոյց մը ունեցան:

Շապուհ աղուէս կոչեց Վասակը, իսկ ան պատասխանեց, որ այսօր իր գերին ըլլալով ան աղուէս է, բայց մինչ այդ առիւծ էր, եւ երբ ան հայոց սպարապետն էր, մէկ ոտքը մէ՛կ լեռան վրայ դրած էր, միւս ոտքը՝ միւս լեռան։ Երբ աջ ոտքին վրայ կը յենուէր՝ աջ լեռը գետին կը խրուէր, երբ ձախ ոտքին վրայ կը յենուէր՝ ձախ լեռը գետին կը խրուէր։ Եւ այդ լեռները պարսից ու յունաց թագաւորներն էին։

Սա Վասակի վերջին խօսքն էր Շապուհ արքային։

6 Մայիս 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան