ՀԱՄԱՐՁԱԿ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
Պատրաստեց՝ ԷՐԻԿ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ,
Նկարչութիւն՝ ԷԼԻՕ ԿԻՅՈՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
Արշակունի թագաւոր Արշակ Բ. որդին է Տիրանի։ Եւ քանի որ Տիրան կոյրցած էր եւ անոր Տրդատ որդին Բիւզանդիոնի մէջ պատանդ էր, Հռոմի եւ Պարսկաստանի համաձայնութեամբ կը թագաւորէ Արշակ Բ.։ Արշակ կը վարէ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն մը, որ հաճելի չէր Վալենտինիանոս Ա. կայսեր։ Ատոր համար կայսրը կը սպաննէ պատանդ եղբայրը եւ կը յարձակի Հայաստանի վրայ։ Արշակը հաշտութիւն կը խնդրէ կայսրէն։ Կայսրն իր սպանուած եղբօր հարսնցուն կ’ուղարկէ Հայաստան իբրեւ Արշակի կին եւ կը կնքեն դաշինք։
Արշակի եղբօրորդի Գնել կը բնակէր կոյր մեծ հօր՝ Տիրանի մօտ, ամուսնացած էր Սիւնիքի նախարար Անդովկի դուստր Փառանձեմի հետ։ Արշակ ասպարէզէն կը հեռացնէ թէ՛ հայրը, թէ՛ եղբօրորդիները ու կ’ամուսնանայ Գնելի կնոջ հետ։ Շատ չանցած կը ծնի թագաժառանգ Պապը։ Արշակ Բ.ի թագաւորութեան առաջին տարիներուն Հայաստանը կ’ապրի խաղաղ, կը բարգաւաճի եւ կը հզօրանայ։
356 թ.ին Արշակ Բ.ի նախաձեռնութեամբ տեղի կ’ունենայ հայկական եկեղեցական առաջին կանոնադիր ժողովը, որ կ’ընդունի կանոններ, կը սահմանափակէ ժողովուրդէն գանձուող հարկերը, կ’արգիլէ մերձաւոր ազգականներու ամուսնութիւնները, բազմակնութիւնը, կ’արգիլէ պարսկերէնի ուսուցումը, կ’արգիլէ մեռելներու վրայ մոլեգին լացն ու կոծը։
Արշակ Բ. կը հիմնադրէ Արշակաւան քաղաքը, ուր կրնային ապաստան գտնել տէրերէն փախած ծառաները, օրինազանցները։ Այս պատճառով քաղաքը արագօրէն կը բնակեցուի։ Արշակաւանը բնակեցնելու որոշումը կը զայրացնէ թէ՛ նախարարները, թէ՛ եկեղեցին։ Արշակաւանի հիմնումէն մի քանի տարի անց սարսափելի համաճարակ կը հասնի քաղաքին վրայ։ Շուտով մարդիկ կը սկսին դաժան մահով մեռնիլ ու մարդաշատ քաղաքը կը դատարկուի։ Կան կասկածներ, որ արշակաւանցիները մահացեր են ո՛չ թէ համաճարակէ, այլ թոյնէ։ Արշակաւանը հիմնովին քանդուեր է։ Հիմա հին հայկական քաղաքին տեղը թրքական Դոգուբայազետ – Տողուպայազիտ (Doğubayazıt) քաղաքն է։
359 թ.ին կը վերսկսի պատերազմը Պարսկաստանի եւ Հռոմի միջեւ, ուստի Արշակ Բ. կ’ընդունի Հռոմի հետ դաշնակցելու առաջարկը: Սակայն զոհուած Յուլիանոսին յաջորդած Յովիանոսը, կը դաւաճանէ Արշակին, եւ 363 թ.ին դաշնագիր կը կնքէ Շապուհի հետ։ 364 թ.ին Շապուհ Բ. կ’արշաւէ Հայաստան: Քառամեայ պատերազմի ընթացքին Արշակ Բ. կը պահպանէ Մեծ Հայքի սահմանները։ Շապուհ հարկադրուած կը դադրեցնէ յարձակումներն ու կը դիմէ նենգ միջոցներու։ Հայոց թագաւորն եւ սպարապետ Վասակ Մամիկոնեանը կը բանտարկուին Խուժիստանի Անյուշ բերդը: Շապուհի հրամանով Արշակը կը կոյրցնեն եւ տանջամահ կ’ընեն, իսկ Վասակը՝ մորթազերծ:
Արշակ Բ-ի մասին Րաֆֆին գրած է «Սամուէլ» պատմավէպին մէջ, անոր նուիրուած են Ստեփան Զօրեանի «Հայոց բերդ» եւ Պերճ Զէյթունցեանի «Արշակ Երկրորդ» պատմավէպերը, ինչպէս նաեւ Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ» օփերան:
27 Ապրիլ 2021