Տարի մը առաջ այս օր սկսաւ գործել ԾԻԾԵՌՆԱԿը։ Առաջին հրապարակումը պատանեկան խաղ էր, նիւթը՝ Աղայեանի ծիծեռնակը, այն որ կրկին ու կրկին բոյն կը շինէ, շինելով կ’երգէ, երգելով կը յիշէ։ Մարդկային ուժականութիւն եւ կամեցողութիւն. շինել, նորոգել, մեկնիլ, վերադառնալ, չկտրուիլ անցեալէն։
Տարի մը ետք, նոյն օրը, դարձեալ պատանեկան խաղ է, զոր լոյս կ’ընծայէ ԾԻԾԵՌՆԱԿը, բայց այս անգամ նիւթը պատերազմն է, արցախեան պարտութիւնը։ Այն բառապաշարը, զոր ընտրած են պատանիները կազմելու իրենց խաղը, անուղղակի, միեւնոյն ժամանակ բացայայտ արտայայտութիւնն է անոնց հոգեվիճակին, զոր դարմանել պէտք է։ Բայց ինչպէ՞ս։ Մեր պատասխանն է՝ չխաբելով, իրականութիւնը այլեւս բաժնելով երազատեսութենէն, ատո՛ր քաջութիւնը աճեցնելով անոնց մէջ, որպէսզի երբ մեծնան, անո՛նք ըլլան փրկարարները մեր հիւանդկախ ու շփոթած հոգիներուն. մեր տակաւ աւերուող բոյնը չկարկատեն, ո՛չ, այլ վերաշինեն հիմնովին։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
28 Փետրուար 2021
ՔԵՒԻՆ ՔԱՐԱ,
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
ՀՈՐԻԶՈՆԱԿԱՆ
1. պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցող գործողութիւն
2. հողային մակերես
3. հայրենիքի … համար կռուիլ
4. զինուորական տեղաշարժ
5. զօրքի առաջնորդ
6. ոսկիի հանք, որուն մէկ մասը վերջերս մնաց թշնամիին
7. յարձակում
ՈՒՂՂԱՀԱՅԵԱՑ
1. առաջին եւ երկրորդ համաշխարհային …
2. կրակող մեծ մեքենայ
3. երկիրը մաքրել, ազատել թշնամիէն
4. զինուորներու մեծ խումբ
5. հայրենիքի համար զոհուած զինուոր
6. հակառակորդ
7. հազար տարուայ
8. մարդ մը որ կ’ուզէ իր կամքով կռուիլ թշնամիի դէմ
9. անվախ
ՍԵՐԵՆԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ,
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
ՀՈՐԻԶՈՆԱԿԱՆ
1. մարդիկ որոնք դէմ կ’ելլեն եւ կ’ուզեն
մեզ պարտութեան մատնել
4. երբ թշնամին կու գայ կռուելու իր բանակով
5. երբ ժողովուրդ մը ստիպուած կը ձգէ իր հողերը եւ
կը հեռանայ
6. պատերազմի աւարտին երբ բանակ մը չի յաղթեր
7. երբ յաղթական բանակը կը տիրանայ իր թշնամիի
հողերուն
8. թշնամի կողմի անձեր զինաթափել եւ ողջ պահել
ՈՒՂՂԱՀԱՅԵԱՑ
2. զինուորներու խումբ մը որ երկիրը կը պաշտպանէ
թշնամիներէն
3. երբ պատերազմը կը դադրի որոշ ժամանակի մը համար
9. երբ պարտուած բանակը դէպի ետ կ՜երթայ
ԿԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ,
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
ՀՈՐԻԶՈՆԱԿԱՆ
1. պատերազմ վարելու արուեստը
5. ռազմական գործիք՝ պաշտպանուելու կամ
յարձակելու համար
9. ☮
11. կռիւ, պատերազմ
12. .☠💀⚰
13. պայթուցիկ լիցքով արկ
ՈՒՂՂԱՀԱՅԵԱՑ
2. զօրք
3. պայքար երկու կամ աւելի պետութիւններու միջեւ
4. պատերազմի ժամանակ թնամիին ձեռքը ինկած
եւ ազատութենէ զրկուած մարդ
6. զօրքի, բանակի շարքային ծառայող
7. պայքար
8. տխրութիւն, անբախտութիւն
10. ուժով տիրելը, տիրանալը
ԴԱՆԻԷԼ ՖԱՐՀԱՏԵԱՆ,
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
ՀՈՐԻԶՈՆԱԿԱՆ
2- պատերազմի մէջ յաջողութիւն
3- զէնքի կռիւ երկիրներու միջեւ
6- թշնամին կ’ուզէ ընդլայնել իր ….ը
10- մեր երկիրը
11- կռիւի ընթացքին կը գործածուի պաշտպանելու
եւ պաշտպանուելու համար
12- հանդիսաւոր համաձայնութիւն, որ երկու կողմ
կը կնքեն իրարու հետ
ՈՒՂՂԱՀԱՅԵԱՆՑ
1- պատերազմի մէջ ձախողութիւն
4- թշնամի երկիրը
5- թշնամին կ’ուզէ գրաւել այս հողատարածքը
7- գրգռուածութիւն
8- անցեալի եւ ներկայի տուեալներ
9- անպաշտպան եւ անմեղ մարդոց սպանութիւն
28 Փետրուար 2021
2 Responses
Շատ շնորհակալություն Դպրոցասէր վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտնեին հետաքրքիր խաչբառի համար, որը ամբողջովին լուծելենք ընտանիքով: Հինալի աշխատանք
Այս քաջալերական խօսքերուն համար շնորհակալութիւն Դպրոցասէրի 9-րդ դասարանի աշակերտներուն եւ անշուշտ ԾԻԾԵՌՆԱԿին կողմէ։