ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍԱՍՆԱ ԾՌԵՐ. ՄԱՍ Զ.

Առիւծաձեւ Մհեր,
Երուանդ Քոչար,
Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահ

ԱՌԻՒԾ ՄՀԵՐ

ԷՏՈՒԱՐՏ ՄԻՆԱՍԵԱՆ,
Դպրոցասէր Վարժարան, 9-րդ դասարան

Ես պիտի պատմեմ Մեծ Մհերի մասին։

Մեծ Մհեր կամ առիւծաձեւ Մհեր Սանասարի որդին էր։ Այդ ժամանակ Սասունը հարկատու էր Մսրա Մելիքին։ Մհերը տիրութիւն կ’ընէր Սասունին։

Հացի ճանապարհը փակող հսկայ առիւծի երախը ձեռքով երկու կէս կ’ընէ, ատոր համար զինք կը կոչեն Առիւծ Մհեր կամ Առիւծաձեւ Մհեր։

Յետոյ Սպիտակ դեւէն կը փրկէ Արմաղանը եւ կ’ամուսնանայ  անոր հետ։ Կը կռուի Մսրա Մելիքի դէմ, կը յաղթէ անոր եւ Սասունը կ’ազատէ հարկերէն։

Խորէն Յակոբեան

Մսըրի մէջ կը մեռնի Մելիքը։ Անոր կինը՝ Իսմիլ Խաթունը կը խնդրէ Մհերէն գալ եւ տէր կանգնիլ իր երկրին։ Իսմիլ Խաթունը Մհերէն տղայ կ’ունենայ եւ անունը կը դնէ Մելիք։ Եօթ տարի Մհերը կը մնայ Մսըր։ Յետոյ իր սխալը հասկնալով ետ կ’երթայ Սասուն։ Արմաղանը դժուարութեամբ կը ներէ անոր։

Արմաղանը տղայ  մը կ’ունենայ Մեծ Մհերէն եւ անոր անունը կը դնէ Դաւիթ։ Հենց Դաւիթը կը ծնի՝ Մհերն ու Արմաղանը կը մեռնին։

10 Դեկտեմբեր 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան