ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍԱՍՆԱ ԾՌԵՐ. ՄԱՍ Ե.

Մհերի կռիւը առիւծի հետ,
Սարգիս Ալեքսանեան,
Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահ

ՄՀԵՐ ԵՒ ԱՐՄԱՂԱՆ

ԴԱՆԻԷԼ ՖԱՐՀԱՏԵԱՆ եւ ՄԱՍԻՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ,
Դպրոցասէր Վարժարան, 9-րդ դասարան

Հանդիպում
Սասնա նոր թագաւոր Մհերին (Առիւծ Մհեր) քաջագործութեան  համբաւը անցաւ Սասունի սահմանները եւ հասաւ հեռու երկիրներ։ Դրացի թագաւորները իրենց բարեկամութիւնը յայտնեցին անոր։ Բոլոր պալատներուն աղջիկները միայն Մհերը կ’երազէին։ Անոնցմէ մէկն էր դրացի Մանազկերտի Թեւոթորոս թագաւորին աղջիկը՝ Արմաղան։

Ան աղուոր, խելացի, համեստ էր, գիտէր տաւիղ նուագել, շատ լաւ կ’երգէր։ Յաճախ կը սիրէր մեկուսանալ պարտէզի մէջ ու բանիլ։ Օր մը, պարտէզին մէջ բանելով եւ Մհերը երազելով անակնկալի եկաւ թռչունի մը անսպասելի երգէն։ Անոր ետեւէն վազեց ու անտառի մէջ կորսուեցաւ։ Մհեր՝ այդ ատեն Քուռկիկ Ճալալիին հետ կ’ուզէր Սասուն վերադառնալ, բայց Ճալալին իրեն մտիկ չըրաւ ու զինք տարաւ Սասնա պարտէզը։ Մհեր իր ճամբուն վրայ հանդիպեցաւ Արմաղանին։ Կորսուած աղջկան հարցուց, թէ ո՞ւր կ’ապրէր։ Ան ըսաւ, որ դրացի թագաւորութեան իշխանուհին է։ Մհեր ճամբան շփոթած Արմաղանին իր տեղը դարձուց։

Քուռկիկ Ճալալին դիտմամբ զիրենք հանդիպեցուց։ Գիտէր, որ իրենց միջեւ բան մը պիտի պատահէր։ Եւ իրաւունք ունէր։ Յաջորդ օրը Մհերը ստիպեց Ճալալիին, որ նոյն ճամբան առնեն։ Հոն դարձեալ հանդիպեցան եւ իրարու ըսին, որ մէկը առանց միւսին չէր կրնար ապրիլ։

Խորէն Յակոբեան

Նշանտուք
Մհեր իր նպատակը ընտանիքին յայտնելէ ետք, Քեռի Թորոս գնաց Մանազկերտ, Արմաղանին ձեռքը խնդրելու հօրմէն։ Սակայն Թեւոթորոս թագաւորը վախով լեցուն ըսաւ, որ Արմաղանը առեւանգուեցաւ ու աղերսեց, որ իր աղջիկը ետ բերեն։ Քեռի Թորոսն ու Մհերը զարմացան։ Յանկարծ բուռն քամի սկսաւ. երեւցաւ հրէշ մը, որ ըսաւ. «Ես Սպիտակ Դեւն եմ, քամիի դեւը, ջուրի ոգիի թշնամին։ Արմաղանը ես առեւանգեցի ու բանտարկեցի Խլաթ քաղաքի պալատին մէջ»։

Դեւը, որ կրնար տարբեր երեւոյթներ առնել, Մհերի տեսքով եկած էր Արմաղանը խաբելու, բայց չէր կրցած։ Արմաղան իր սիրած Մհերին նայուածքը չէր գտած անոր մէջ։ Մհեր փրկեց Արմաղանը դեւէն, բայց դեւը սպառնաց վրէժ լուծել անկէ։  

Մեծ Մհերի եւ Մսրա Մելիքի կռիւը,
Սարգիս Ալեքսանեան,
Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահ

Դաշինք, մատնութիւն, անհաւատարմութիւն եւ անէծք
Սասունէն հեռու, կար Մսրա Մելիք անունով թագաւոր մը, որ բերրի հողերու իշխանն էր։ Ուզեց Մհերի վրայ յարձակիլ եւ անոր ուժը առնել։  

Մհեր ու Մսրա Մելիք մենամարտեցան։ Անոնց կռիւը անվերջանալի ըլլալով՝ բարեկամացան, ուխտ մը ըրին, որ կ’ըսէր, թէ եթէ մէկը մեռնէր, միւսը պէտք է պաշտպանէր անոր կինն ու զաւակները։

Դժբախտաբար Մսրա Մելիքը մեռաւ հիւանդութենէ։ Ունէր կին՝ Իսմիլ Խաթուն, բայց ոչ զաւակ։ Օր մը, Իսմիլ Խաթուն օգնութեան կանչեց Մհերին, որովհետեւ քաղաքականութեան խնդիր ունէր։ Արմաղանը Մհերին խորհուրդ տուաւ չերթալ, որովհետեւ Իսմիլ Խաթունին նայուածքին մէջ Սպիտակ Դեւին նայուածքը տեսած էր։ Ըսաւ, որ եթէ երթար, 40 տարի իրեն պիտի արգիլուէր կնոջը սենեակը մտնել։ Մհեր խոստացաւ չմտնել Իսմիլի պալատը։

Մեծ Մհեր եւ Իսմիլ խանում,
Սեդրակ Ռամշաճեան,
Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահ

Մհեր երբ հասաւ Իսմիլի պալատը, Իսմիլ նամակով տեղեկացուց, որ  հարցը կարգադրուած է եւ հրաւիրեց Մհերը գինի խմելու։ Իսմիլ զօրաւոր քնաբեր մը խմցուց Մհերին։ Երբ արթնցաւ, իրեն խմցուց սիրայոյզ կախարդական ըմպելի մը։ Ինը ամիս ետք ծնաւ Փոքր Մսրա Մելիքը, Սպիտակ Դեւին անէծքը իրականացաւ։ Այս նորածինը աւերեց լիճի հերոսներուն սերունդը։

Լուրը հասաւ Սասուն, Արմաղան տկար զգաց, որովհետեւ Իսմիլ կրցաւ Մհերին տալ տղայ մը, որ ինք չէր կրցած։

Առիւծ Մհեր օր մը լսեց Իսմիլի ըսածը Փոքր Մսրա Մելիքին, որ երբ ան մեծնայ Սասունը պիտի քանդէ։ Մհեր գինովութենէն արթնցաւ ու վերադարձաւ Սասուն։ Ինք ու Արմաղան աղօթեցին ու լիճին հրեշտակը իրենց տուաւ լուծումը. սպասուած զաւակը կրնային ունենալ, բայց Համբարձման տօնին նախորդ օրը Արմաղանը պիտի ծնանէր եւ մեռնէր, իսկ Մհերը՝ Համբարձման տօնէն մէկ օր ետք պիտի մեռնէր տխրութենէն։ Նորածինին անունը դրին Դաւիթ, որ կը նշանակէ «սիրած»։

23 Դեկտեմբեր 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան