ԿԱՆԱՑԻ ԿԵՐՊԱՐՆԵՐ.
ԽԱՆԴՈՒԹ ԵՒ ԾՈՎԻՆԱՐ
ԽԱՆԴՈՒԹ
ՍԵՐԵՆԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ եւ ՍՕՆԻԱ ՊՕՂՈՍՈՎ
Դպրոցասէր Վարժարան, 9-րդ դասարան
Խանդութը Կապուտկողի արքայ Վաչօ-Մարջոյի աղջիկն էր։ Շատ գեղեցիկ աղջիկ մըն էր։ Օր մը երեք աշուղ գացին պալատ Խանդութի գեղեցկութիւնը տեսնելու եւ գիտցան, որ ան սիրահարուած էր Սասունցի Դաւիթին ու որոշեցին օգնել իրեն, որ դառնայ Դաւիթի կինը։
Երեք աշուղները գացին Սասուն եւ տեսան Դաւիթը, որ որսորդութենէ կը վերադառնար ընկերներուն հետ։ Ընկերները կանչեցին աշուղներուն, որ գան իրենց հետ խօսին։ Աշուղները սկսան երգել Խանդութի մասին եւ Դաւիթ սիրահարուեցաւ անոր։ Դաւիթ կ’ուզէր ծանօթանալ Խանդութին իր պալատին մէջ, բայց Քեռի Թորոսը ըսաւ Դաւիթին, որ պէտք է զգուշանար Չմշկիկ Սուլթանէն։ Չմշկիկ Սուլթանը Դաւիթի մանկութեան նշանածն էր։ Սակայն Դաւիթ որոշեց ամուսնանալ Խանդութի հետ։
Դաւիթ գնաց Կապուտկողի պալատը ու թագաւորէն խնդրեց իր աղջկան ձեռքը։ Անոնք գացին Սասուն ու ամուսնացան։ Ամուսնութիւնը տեւեց եօթ օր եօթ գիշեր։ Խանդութը ետ դարձաւ Կապուտկող եւ երեխայ մը ունեցաւ, իր մեծ հայրիկի անունով զայն կոչեցին Մհեր կամ Փոքր Մհեր։
Երբ Մհեր ծնաւ, մէկ ձեռքը գոց էր եւ միայն քեռի Թորոսը կրցաւ բանալ։ Երբ ձեռքը բացուեցաւ, մէկ կաթիլ արիւն կար. այն կը նշանակէր, որ շատ զօրաւոր պիտի ըլլար։
Քանի մը ատեն ետք Խանդութ ու Մհեր վերադարձան Սասուն։ Մհեր կ’ուզէր գտնել իր հայրը։ Խանդութ իր տղուն թեւին անցուց թեւնոց մը, որպէսզի ատով Դաւիթը կարենայ ճանչնալ իր զաւակը։ Ու ան ճամբայ ելաւ։ Ճամբուն վրայ, Մհեր կռուեցաւ մարդու մը հետ։ Լուր չունէր, որ այս մարդը իր հայրն էր։ Խանդութ գիտցաւ, որ գէշ բան մը կը պատահէր, զգաց, որ Դաւիթը եւ Մհերը կը կռուէին։ Հասաւ, բայց չկրցաւ բաժնել զանոնք, օգնութեան կանչեց Գապրիէլ հրեշտակը։ Երբ Դաւիթ գիտցաւ, որ դիմացինը զաւակն էր, անիծեց զայն։ Մհեր ո՛չ պիտի կարենար զաւակ ունենալ, ո՛չ ալ մեռնիլ։
Մհեր տխուր վերադարձաւ պալատ։ Դաւիթ ալ Կապուտկողի ճամբուն վրայ հանդիպեցաւ Չմշկիկ Սուլթանուհիի աղջկան, որ իր զաւակն ալ էր։ Աղջիկը յարձակեցաւ Դաւիթի վրայ, զայն սպաննեց թունաւոր նԵտով։ Դաւիթ մեռաւ ու իր աղջիկը զղջացած՝ անձնասպան եղաւ։
Չմշկիկ Սուլթանուհին իր աղջիկը մեռած տեսնելով որոշեց սպաննել Փոքր Մհերը։ Իսկ Խանդութ Դաւիթի մահուան լուրը ստանալով անձնասպան եղաւ։ Դաւիթը եւ Խանդութը թաղուեցան Մարութավանքի մէջ։
Ամբողջ Սասունը եօթ օր սուգի մէջ մտաւ։
15 Դեկտեմբեր 2020
ԾՈՎԻՆԱՐ
ՄԵԼԱՆԻ ՍԱՀԱԹ եւ ԱԼԻՍԻԱ ՊԷՆԼԻՕՂԼՈՒ
Դպրոցասէր Վարժարան, 9-րդ դասարան
Ծովինարը Հայոց Գագիկ թագաւորին աղջիկն էր։ Ծովինար կը նշանակէ լիճի ցուլացում կամ լիճի լոյս։ Ծովինարը պիտի ամուսնանար Պաղտատի խալիֆային հետ, բայց կ’ուզէր, որ երբ ամուսնանար, ամուսինը միայն իրեն համար տուն մը շինէր եւ մինչեւ մէկ տարի չդպնար իրեն։ Խալիֆան համաձայն էր, եթէ հայերը զինք ճանչնային իրենց թագաւորը։ Երկուքը համաձայնեցան եւ ամուսնացան։ Երբ Ծովինարը հարսանիքի կ’երթար, Կաթնաղբիւրի ջուրը խմեց եւ ծնունդ տուաւ երկու տղայ զաւակներու՝ Սանասարի և Պաղտասարի։
Երբ Ծովինարի ամուսինը իմացաւ որ Ծովինարը երկուորեակ զաւակ ծնաւ, կարծեց որ Ծովինարը ուրիշ մարդու հետ ունեցած է զանոնք եւ ուզեց Ծովինարին գլուխը կտրել, բայց երբ որ գիտցաւ, որ տղաները Կաթնաղբիւրէն էին, որոշ ժամանակ ազատ ձգեց Ծովինարին։ Եւ ատեն մը վերջ Սանասար եւ Պաղտասար փախան Պաղտատէն։
Սանասարը եղաւ այս դիւցազնավէպին առաջին հերոսը: Քուռկիկ Ճալալին եւ թուրը կեծակին օգնեցին անոր խաղաղութիւն հաստատելու Սասունի մէջ։
15 Դեկտեմբեր 2020