ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍԱՍՆԱ ԾՌԵՐ. ՄԱՍ Գ.

Ծովինար, Սանասար եւ Պաղտասար,
Վեհիկ Տէր-Գրիգորեան
Հայաստանի Ազգային Պատկերասրա
հ

ԿԱՆԱՑԻ ԿԵՐՊԱՐ ՄԸ՝ ԾՈՎԻՆԱՐ

ՔԵՒԻՆ ՔԱՐԱ,
Դպրոցասէր Վարժարան, 9-րդ դասարան

Ծովինարը Կապոյտ Բերդի հայ թագաւորին միակ աղջիկն էր։

Անոր անունը կը նշանակէր ՙլիճի արտացոլում՚ կամ ՙլիճի լոյս՚։ Ամէն երեկոյ, Ծովինարը կը մօտենար պատուհանին եւ կը լուսաւորէր քաղաքը, որու շնորհիւ մարդիկ կրնային աւելի երկար աշխատիլ։

Ծովինարը շլացնող գեղեցկութիւն ունէր։ Ան ծնած էր Կաթնաղբիւր քաղաքը, Վանայ լիճէն ոչ հեռու եւ հոն անցուցած էր իր մանկութիւնը. երբեք չէր ճանչցած իր մայրը։ Ծովինարը նաեւ շատ հայրենասէր էր։ Հայաստանի հարեւան երկրի չար թագաւորը իմանալով Ծովինարի գեղեցկութեան մասին, սուրհանդակներ ուղարկեց Հայաստան, Ծովինարին հետ ամուսնանալու համար։ Մերժում ստանալով հայ թագաւորէն՝ չար թագաւորը պատերազմ յայտարարեց  Հայաստանին սպառնալով մեծ վնասներ ու շատ զոհեր։ Ծովինարը տեսնելով այս ամէնը՝ որոշեց ինքզինքը զոհաբերել յանուն իր երկրին եւ ամուսնանալ չար թագաւորին հետ։ Այսպիսով, ինք Հայաստանը ազատեց մեծ վտանգէ։

Խորէն Յակոբեան

Ամուսնութեան նախորդ օրը, Համբարձման տօնին, Ծովինարը իր մօրաքրոջը  հետ կը զբօսնէր իր ծննդավայր Կաթնաղբիւր քաղաքը, ուր պէտք է տեղի ունենար իր հարսանիքը։ Սաստիկ ծարաւ զգալով ջուր խմեց իր ծննդավայրին անունը կրող պտղաբերութեան աղբիւրէն՝ Կաթնաղբիւրէն եւ այդ օրն ալ հրաշքով յղիացաւ։ Ինն ամիս յետոյ ունեցաւ երկուորեակ մանչեր՝ Սանասար եւ Պաղտասար։ Ծովինարի ամուսինը բարկացած էր անոր յղութեամբ կարծելով, որ իրեն դաւաճանած է։

Ծովինարը այնքան խելացի եւ հեռատես էր, որ կարողացաւ համոզել ամուսինը հանդուրժելու նախ՝ ունենալու համար զաւակները, այնուհետեւ մեծցնելու։Սակայն յետոյ զգալով, որ թագաւորը կ’ուզէ սպաննել Սանասարն ու Պաղտասարը, զանոնք գաղտնօրէն ուղարկեց Հայաստան՝ իրենց պապիկին մօտ։ Յետագային, Սանասարը եւ Պաղտասարը կարողացան ազատել իրենց մայրը չար թագաւորի պատիժէն։

Խորէն Յակոբեան

Ծովինարը շատ գեղեցիկ, խելացի, հեռատես, հայրենասէր եւ նուիրուած անձնաւորութիւն մըն էր։ Ան նաեւ շատ լաւ դաստիարակած էր իր զաւակները։ Ծովինարը իր երկու զաւակներուն սորվեցուցած էր գրել եւ կարդալ։ Անոնք իրենց մայրիկէն լսած էին, որ իրենց պապիկը Հայաստանի թագաւորն է։ Հակառակ որ կը գտնուէին թշնամական միջավայրի մէջ՝ երկու եղբայրները սիրով լեցուած էին Հայաստանի նկատմամբ եւ հպարտ էին այս միտքով։ Սանասարը եւ Պաղտասարը խիզախ, անվախ, կառուցող, հայրենիքին (Սասունին) եւ ժողովուրդին նուիրուած անձնաւորութիններ մեծցած էին։ Անոնք շատ կը սիրէին ու կը յարգէին իրենց մայրը։ Լքելով թշնամական երկիրը, Սանասարը եւ Պաղտասարը հիմնեցին Սասունը, իրենց պապիկէն ալ ստացան Հայաստանէն երեք նահանգներ, որոնք կը գտնուէին Սասունի շուրջը։

9 Դեկտեմբեր 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան