ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍԱՍՆԱ ԾՌԵՐ. ՄԱՍ Բ.

Սասունցի Դաւիթ, Յակոբ Կոջոյեան,
Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահ

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ

ՄԿՐՏԻՉ ՔԷՇԻՇԵԱՆ,
Դպրոցասէր Վարժարան, 9-րդ դասարան

Սասնա Ծռեր դիւցազնավէպին մէջ կը գտնենք հաւատարմութեան, անհաւատարմութեան եւ դաւաճանութեան նիւթեր։

Իմ առաջին օրինակս Իսմիլ խաթունն է՝ Մսրա Մելիքի կինը։ Ան կը հրաւիրէ Մհերը, որ գայ եւ իրեն օգնէ, կատարելով իր ամուսինին եւ Մհերի միջեւ եղած ուխտը։ Մհերի կինը՝ Արմաղանը վատ նախազգացում ունէր եւ կ’ըսէ Մհերին, որ զգոյշ մնայ։

Մեծ Մհերի հանդիպումը Իսմիլ Խանումի հետ,
Թորոս Ալեքսանեան
Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահ

Դժբախտաբար իրաւունք ունէր. Իսմիլ խաթունը ծուղակ պատրաստած էր։ Մհերը իր մօտ գինովցած կը պահէ եւ անոնք տղայ մը կ’ունենան, անունը՝ Մսրա Մելիք։ Այսպիսով՝ Մհերը կը դաւաճանէ Արմաղանին։ Բայց Արմաղանը կը ներէ Մհերին երեխայ ունենալու սիրոյն։ Անոնք երկար ժամանակ կը սպասեն այս երեխան ունենալու համար եւ դժբախտաբար Արմաղանն ու Մհերը կը մահանան իրենց մանուկի ծննդեան օրը, անէծքի մը պատճառով։

Իմ երկրորդ օրինակս է Դաւիթի կէս եղբայր՝ Մսրա Մելիքը։ Ան կը հրամայէ Ազատին եւ Արեգին, որ Դաւիթը սպաննեն Սասուն վերադառնալու ժամանակ եւ անոր դաւաճանեն, որովհետեւ անոր գերմարդկային ուժը վտանգաւոր էր եւ ինք կը վախնար Դաւիթէն։ Բայց Ազատն ու Արեգը հաւատարիմ կը մնան Դաւիթին եւ անոր կը պատմեն Մսրա Մելիքի ահաւոր նպատակները, հակառակ որ անոնց մեծ հարստութիւն մըն էր խոստացուած։ Անոնք Դաւիթի սուրհանդակներն էին։

Իմ երրորդ օրինակս դարձեալ Մսրա Մելիքն է. ան Իսմիլ խաթունին կը հաւատացնէ,  որ մեծ հանդէս մը պիտի կազմակերպէ Դաւիթին հետ հաշտուելու համար։ Բայց, դժբախտաբար, թակարդ մըն էր Դաւիթը բանտարկելու համար։ Դաւիթ կ’ազատի Ձենով Օհանի շնորհիւ եւ վերջնական մարտի կը հրաւիրէ Մսրա Մելիքը, զայն դաւաճան անուանելով։ Անոնք կը կռուին, կը մենամարտին։ Ամէն մէկը երեք հարուածի իրաւունք  ունէր։ Մսրա Մելիքը կը սկսի։ Իր առաջին հարուածին համար թափ կ’առնէ դաշտէն հեռու։ Երկրորդ հարուածին համար թափ կ’առնէ երկու անգամ հեռու։ Վերջին հարուածին համար թափ կ’առնէ Սասունի ուղղութեամբ 40 օր առաջ։ Բայց իր երեք հարուածներն ալ կը վրիպին։

Դաւիթի Վերջին Հարուածը,
Սեդրակ Ռաշմաճեան,
Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահ

Մսրա Մելիքը շատ կը վախնայ  եւ ամէն ինչ կը խոստանայ Դաւիթին։ Դաւիթը սառնասրտօրէն կ’ըսէ Մսրա Մելիքին, որ երթայ կանգնի, որպէսզի տայ իր առաջին հարուածը։ Բայց Իսմիլ խաթունը կ’աղաչէ, որ առաջին հարուածը չտայ յանուն իր հօրը։ Ան դարձեալ կը խնդրէ, որ երկրորդ հարուածն ալ չտայ յանուն այն կաթին, որ Դաւիթին փրկեց։ Իր վերջին հարուածին համար Դաւիթը թափ կ’առնէ մինչեւ լերան լիճ եւ կը սպաննէ Մսրա Մելիքին, իր կէս եղբօրը։

Իսմիլ խաթունը շատ կը յուզուի, կը սկսի զառանցել, կը կարծէ, որ Մհերն է իր դէմինը եւ ոչ Դաւիթը։ Կ’ըսէ՝ ՙՄհեր, իմ սխալներս փորձեցի ուղղել, ինծի ներեցի՞ր՚։ Դաւիթ կը պատասխանէ՝  ՙԱյո, եւ շատոնց՚։ Եւ Իսմիլ խաթուն խիղճը հանգիստ կը ձգէ այս աշխարհը։

1 Դեկտեմբեր 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան