ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍԱՍՆԱ ԾՌԵՐ. ՄԱՍ Ա.

Սասունցի Դաւիթը ձիու հետ,
Երուանդ Քոչար
Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահ

ՀԵԹԱՆՈՍՈՒԹԻՒՆ

ԿԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ,
Դպրոցասէր Վարժարան, 9-րդ դասարան

Այս դիւցազնավէպին մէջ բազմաթիւ գերմարդկային արարածներ ու աստուածներ կան, օրինակ՝ լիճի ոգին, կայծակի աստուածը։ Հին ժամանակաշրջանի ժողովուրդները հեթանոս էին եւ բազմաթիւ աստուածներու եւ գերմարդկային արարածներու կը հաւատային եւ զանոնք կը պաշտէին։

Ծովինարը բուռ մը ջուր կը խմէ,
Սարգիս Ալեքսանեան
Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահ

Լիճի ոգիին շնորհիւ Ծովինար կրցաւ ծնունդ տալ Սանասարին եւ Պաղտասարին։ Ան մէկ ու կէս ափ ջուր խմեց Կաթնաղբիւրէն. առաջին՝ լման ափը ծնունդ տուաւ Սանասարին եւ երկրորդ՝ կէս ափը՝ Պաղտասարին։ Կաթնաղբիւրի աւանդութեան համաձայն, ով որ խմէ այս աղբիւրէն, երեխայ կ’ունենայ։ Այս լիճի ոգին միշտ նեցուկ կանգնեցաւ Սասունի հերոսնեուն։

Դիւցազնավէպին մէջ կայ նաեւ քամիի ոգին՝ Սպիտակ Դեւը։ Ան միշտ դէմ ելաւ լիճի ոգիին եւ ամէն ինչ ըրաւ վնասելու համար Սասունի հերոսներուն (Սանասար, Պաղտասար, Մհեր, Դաւիթ եւ Փոքր Մհեր)։ Այս հերոսները հասարակ ու պարզ մարդիկ չեն։ Անոնք ունին յատուկ պահպանակ, զէնքեր՝ կայծակէ թուր  եւ գերմարդկային ուժ։ Անոնց նժոյգն ալ պարզ ձի չէ, յատուկ է, կը կոչուի Քուռկիկ Ջալալի, որ շատ արագ կը վազէ եւ կը խօսի մարդոց հետ։ Ժողովուրդն ու անոնց նախահայրերը կը պաշտէին կայծակի աստուածը,  որ ստեղծած է թուրը կեծակին՝ շատ զօրաւոր զէնք մը։

Սասունցի Դաւիթ, Յակոբ Կոջոյեան
Հայաստանի ազգային Պատկերասրա
հ

Կը պաշտէին նաեւ ագռաւը, որ շատերու համար որդիական սիրոյ խորհրդանիշն է, որովհետեւ երբ ծնողքը կը ծերանան, ագռաւը կը կերակրէ զանոնք։ Ոմանք կ’ըսեն, որ ագռաւը արեւի սուրհանդակն է, կամ լոյսի աստուծոյ  նախընտրած եւ սիրած թռչունն է։ Ուրիշներ կ’ըսեն, թէ ագռաւը յոյսի խորհրդանիշն է։ Եւ այն տեղը, ուր կը պաշտէին ագռաւը, կը կոչուի Ագռաւաքար, որ կը մնայ մինչեւ այսօր, Փոքր Մհերի յոյսով, որ օր մը խաղաղութիւն պիտի տիրէ աշխարհին։

Այս դիւցազնավէպը մեզի կը տեղեկացնէ նաեւ աւանդութեան մը մասին։ Հին ժամանակ Սասունի բնակիչները, երաշտի ժամանակ, անձրեւ ունենալու համար եզ մը կը զորհաբերէին եւ հարիսայ կը նուիրէին իրարու։ Հարիսան ուտելէն առաջ պէտք էր անպայման ըսէին. ՙԹող երկինքը ընդունի այս ընծայաբերումը՚։

Բայց հերոսներէն բացի չարերն ալ գերմարդկային արարածներ էին եւ գերմարդկային ուժ ունէին։ Օրինակ՝ այն հրէշը՝ Սպիտակ Դեւը, զոր Սանասար սպանեց Դեղձուն Ծամի ձեռքը խնդրելու համար։ Քարայրի մը մէջ կային նաեւ բազմաթիւ հսկաներ, որոնք կը կողոպտէին Սասունի հարստութիւնը։ Դաւիթ զանոնք բոլորը մէկ մէկ սպանեց։ Կար նաեւ Իսմիլ Խաթունի տղան՝ Մսրա Մելիքը, որ Դաւիթի կէս եղբայրն է։

Եւ վերջապէս կային Ազատ եւ Արեգ սուրհանդակները,  որոնք կրնային քամիի վերածուիլ եւ շատ արագ երթալ լուր մը փոխանցելու համար։ Վերջաւորութեան անոնք անհետացան։

Այս դիւցազնավէպին միջոցով կը տեսնենք եւ կը հասկնանք, որ հին ժամանակ մարդոց համար շատ կարեւոր դեր ունէին աստուածները։ Մարդիկ բոլորը հաւատացեալ էին։

1 Դեկտեմբեր 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան