ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՄԵՐ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

Դպրոցասէր Վարժարան, 9-րդ դասարան

ՏԽՐՈՒԹԵՆԷ ԱՒԵԼԻ՝ ԲԱՐԿԱՑԱԾ ԵՆՔ

ՔԵՒԻՆ ՔԱՐԱ
Ես շատ տխուր եւ ջղայնացած եմ Արցախի վերջին նորութիւններուն պատճառաւ։ Մէկ սերունդի զինուորները պարապի՞ զոհուեցան։ Փաշինեանը, Ալիեւը եւ Փութինը ստորագրեցին պայմանագիր մը, որպէսզի Հայաստանի եւ Արցախի տարածքները, մանաւանդ Շուշին տանք թուրքերուն եւ ազերիներուն։

Ես ծնողներուս հետ կը սպասէի, որ Արծրուն Յովհաննիսեանը մեզի յայտարարէր, որ Շուշին ազատագրեցինք։ Մարդիկ այնչափ դրամ տուին Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին եւ Զինուորներու Հիմնադրամին. պարապի՞։ Եթէ պատերազմը այսպէս պիտի վերջանար, ինչո՞ւ սկիզբէն չըրին այս ա…ները, ինչո՞ւ ձգեցին, որ զինուորներ մեռնին։ Մեր տրամադրութիւնը մարտական էր, մենք ռազմականօրէն լաւ էինք, յաղթած էինք, կը յաղթէինք եւ պիտի յաղթէինք։

Ես ջղայնացած եմ նաեւ, որովհետեւ Կարս քաղաքի պատմութիւնը կը կրկնուի եւ յաջորդ դարերուն այս խայտառակութիւնը գրուած պիտի ըլլայ հայոց պատմութեան դասագիրքերու մէջ։ Հայաստանի բանակը հզօր է, բայց դիւանագիտութիւնն է տկար։

Հայ ժողովուրդը հիասթափուած է եւ խաբուած։

ՀԱՅԿ ՄԻՐԶԱԽԱՆԵԱՆ
Ես այսօր վատ կը զգամ, որովհետեւ Արցախը կորսնցուցած ենք։ Հայաստանը պաշտպանելու համար այսքան երիտասարդ տղայ մահացաւ, որ մէկ գիշերուան մէջ անոնց ըրածը ոչնչանա՞յ։  Բոլորս կը հաւատայինք, որ կարող էինք յաղթել, որ Հայաստանը կը յաղթէ այս անվերջ պատերազմը։

Որքան ալ ՙյաղթելու ենք՚ պոռանք, բան մը պիտի չփոխուի։ Մինչեւ մեր հողերով շահ չցցնենք, ոեւէ մէկուն համար Հայաստանը կարեւոր պիտի չդառնայ։

ԷՏՈՒԱՐՏ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Հայաստանի այս վիճակը շատ գէշ է։ Մենք՝ հայերս պարտուեցանք։ Ես վերջապէս հասկցայ, որ աշխարհի մէջ՝ բացի սփիւռքի մէջ ապրող հայերէն, մենք բարեկամ չունինք։ Մարդիկ կ’ըսեն՝ ՙՄենք հայերու հետ ենք, զիրենք շատ կը սիրենք՚. հասկցանք մեզ շատ կը սիրէք, բայց գոնէ այդ ՙսիրելով՚ մեզի օգնէիք։ 

Ադրբեջանը սխալ լուրեր կը տարածէր եւ այդ պատճառով ես կը մեղքնամ հայերուն, որովհետեւ միայն մեր հողերը պաշտպանելու համար մարդիկ մեզ կ’ատեն եւ ասիկա՝ Ադրբեջանի սխալ լուրերուն պատճառով։ 

Երէկ ստորագրուեցաւ համաձայնութիւն, որ Արցախի մէկ մասը անցաւ Ադրբեջանին։ Այդքան երիտասարդ տղաներ զոհուեցան անիմաստ տեղը։

ՆԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Ալ ուժ չունիմ, սիրտ չունիմ, չեմ կրնար խօսիլ, ինչ որ կը գտնուի սրտիս մէջ դուրս չ’ելլեր։

Միայն գիտեմ, որ բոլոր եղբայրներս գացին, ափսոս, ես չեմ ուզեր տեսնել, որ իմ Հայաստանս երթայ պզտիկ պզտիկ եւ շուտով այլեւս հայրենիք չունենանք։ Իմ մէջս կը ցաւի, լաւ չեմ, կ’ուզեմ որ ուրախ ըլլանք, չլանք։ Չեմ ուզեր որ ընտանիքս հիւանդանայ։ Կ’ուզեմ հեռատեսիլէն լաւ լուրեր լսել։

Ոչ, ասանկ չի վերջանար։  Հայերը պիտի յաղթեն։ Աստուած մեզի հետ է։ Միայն կ’ուզեմ Էրտողանն ու Ալիեւը … (անզուսպ բարկութեամբ կ’արտայայտուի Նարինէն. Ծ.)։

ԱԼԻՍԻԱ ՊԷՆԼԻՕՂԼՈՒ
10 Նոյեմբեր 2020-ին Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ռուսաստանի  նախագահ Վլադիմիր Փութինը ստորագրեցին յայտարարութիւն մը, որ կ’ազդարարէ Արցախի մէջ պատերազմի ու զինուորական գործողութիւններու վերջը։  Հայ զինուորները Ադրբեջանի դէմ կռուեցան 45 օր։ 30 տարիէ ի վեր Արցախը հայերունն Էր, բայց 10 Նոյեմբեր 2020-էն սկսեալ Արցախի մեծ մասը Ադրբեջանինն Է: Այս բախումը սոսկալի էր հայերուն համար։ Ես շատ տխուր եմ, բայց մենք պէտք չէ կորսնցնենք մեր յոյսը։

ՄԿՐՏԻՉ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Հայաստանի հարաւը եւ Արցախի մեծ մասը տրուեցաւ թշնամիին ։ Շատ հայեր կը կարծեն, որ այս պատերազմը անօգուտ եղաւ, հայ զինուորներ սպանուեցան։ Հայերը յուսախաբուած են, անոնք համաձայն չեն եւ կ’ուզեն որ պատերազմը շարունակուի, որովհետեւ շատ տարածք կորսնցուցինք ։

Ես վատ վիճակի մէջ եմ մանաւանդ զոհերու ծնողքներուն համար, որոնք զաւակները կորսնցուցին ոչինչի դիմաց։ Ես չեմ հասկնար ինչպէ՞ս ասիկա այսքան շուտ տեղի ունեցաւ։ Չեմ կարծեր, որ հայկական բանակը այսքան տկար էր, մենք պարտուեցանք դիւանագիտութեան պատճառով։ Ընկեր ձեւանալով Եւրոպայի շատ երկիրներ մեզ սուտի մէջ պահեցին, աշխարհի ո՛չ մէկ երկիր օգնեց մեզի։

ՄԵԼԱՆԻ ՍԱՀԱԹ
Ես կը կարծեմ, որ արդար չէ. ինչո՞ւ չյաղթեցինք։ Կ’ուզէի որ յաղթէինք, բայց չեղաւ եւ գոհ չեմ։ Թերեւս կարելի է, որ նորէն առնենք մեր կորսնցուցածը։ Շատ զինուորներ մեռան։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի կորսնցնե՞նք Արցախը։

Ո՛չ, մենք կռուեցանք մեր հայրենիքին համար ու ինչ ալ պահատի՝  կարծիքովս յաղթեցինք։ Բայց խօսելով բան մը չենք կրնար ընել։

ՍՈՆԻԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Երբ գիշերը իմացայ, որ Նիկոլ Փաշինեանը ստորագրեր է մեր հողերը Ադրբեջանին տալու համաձայնագիրը, չհաւատացի։ Մեր տղաները մահացան, որ երկիրը պաշտպանեն։ Ինչո՞ւ համար։ Որպէսզի վերջաւորութեան մեր հողը տա՞նք։ Հայաստանը արդէն պզտիկ էր դեռ Արցախով միասին, հիմա աւելի պզտիկցաւ։ Մեր հայրենիքն է, որ  կորսնցուցինք։

Սփիւռքահայերն ալ տանջուեցան, որպէսզի Հայաստանին օգնութեան հասնին, ամէն ինչ կ’ընէին, որ վերջաւորութեան ըսեն, որ պարտուեցա՞նք, որ մեր հողերը կորսնցուցի՞նք։ Շատ տխուր է պատահածը, շատ յուսահատական է, բոլորս կը տանջուէինք այս պատերազմին յաղթելու համար։ Մեր զինուորները պաշտպանեցին մեր հողերը, իրե՛նց համար մենք պէտք է յաղթէինք։

ԿԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ես չէի պատկերացներ, որ այսպէս պիտի վերջանար պատերազմը, այսքան անսպասելի եւ տհաճ ձեւով։ Վերջին 30 տարուան ընթացքին այնքան զոհեր տուաւ Հայաստանը,  այնքան երիտասարդներ զոհուեցան, ուրեմն ի զո՞ւր։ Շատ տխրեցայ, երբ իմացայ այս բոլորը։ Անկարելի բան մըն է, չեմ կրնար  համակերպիլ…..

Մեզ խաբեցին, զուր յոյսեր տուին։ Հայաստանի մէջ ահաւոր կացութիւն  է…չեմ ալ երեւակայեր զոհուածներու ընտանիքներուն վիճակը։ Ընկերներս եւ բարեկամներս  իրենց տուները, աշխատանքը, կեանքը թողուցին եւ այս օրով անտուն են։ Ես շա՛տ հիասթափուած եմ։

Մտահոգ եմ նաեւ Հայաստանի համար, ուր իմ բոլոր բարեկամներս կ’ապրին։ Տեսանք նաեւ, որ ոչ մէկ երկիր օգնեց Հայաստանին…. Բոլորը կը ձեւացնեն….

Ըստ Գարեգին Նժդեհի, ՙՄեր դժուարութիւնն այն չէ, որ աշխարհում կան թուրքեր, այլ այն, որ կան թուրքանման հայեր՚։

ՍԵՐԵՆԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Այս առտու առի լուրը, որ մեր հողերուն մէկ մասը տրուեցաւ ազերիներուն եւ այսպէս պատերազմը վերջ գտաւ։

Ես ու բոլոր հայերը վատ կը զգանք այսօր, որովհետեւ մեր հայ տղաներէն շատերը մահացան պարապ տեղ։ Անոնք իրենց կեանքը տուին, որ մեր հողերը պաշտպանեն։ Այդ հողերը մեր պատմութեան կարեւոր մասը կը կազմեն։ Մենք կ’ուզէինք այդ հողերը պահել։ Եթէ  յաղթած ըլլայինք պիտի կարենայինք ըսել, որ մեր հայ տղաքը մեռան,  բայց իրենցմով կրցանք մեր հողերը պահել եւ մեր պատմութիւնը ազատել։

10 Նոյեմբեր 2020

ՄԱՍԻՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Ես հիմա շատ տխուր եմ, որովհետեւ Հայաստանի վիճակը վատ է։ Առաջ ես շատ կ’ուզէի օգնել Հայաստանին, բայց հիմա չեմ կրնար, որովհետեւ Հայաստանը պարտուեցաւ։ Սակայն քանի դեռ կան մարդիկ, մօրս պէս, որոնք Հայաստան կ’երթան սիրտ տալու, ուրեմն դեռ յոյս կայ։

Այս պատերազմը պէտք է յաղթէինք մեր մեռած զինուորներուն համար։ Ես սփիւռքահայ եմ, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ բան մը չեմ կրնար ընել։  

23 Նոյեմբեր 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան