ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ ՎԱՆՔԸ

ԱՌՆՕ ԿՕԶՕԿԼՈՒ
Դպրոցասէր Վարժարան, 8-րդ դասարան

Գանձասարը  վանական համալիր է. կը գտնուի Արցախ, Մարտակերտի շրջանը գտնուող Վանք գիւղի մօտ։ Անունը ստացած է գիւղին դիմացը գտնուող բլուրէն, որուն ընդերքը կան մետաղի հանքեր։

Գանձասարի գլխաւոր տեսարժան վայրը Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին է, որ կառուցուած է 1216-էն 1238 թուականներուն Հասան Ջալալ իշխանին կողմէ։  Ըստ աւանդութեան, այնտեղ ամփոփուած է Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը եւ ուրիշ նահատակնեու նշխարներ։

Արցախեան ազատամարտի ընթացքին քանի մը անգամ յարձակման ենթարկուած է Գանձասարը։ 1992-ին կատաղի մարտեր տեղի ունեցած են շրջակայքը։ Մինչեւ այսօր վանքի պատերուն վրայ կարելի է տեսնել ռմբակոծումի հետքեր։ Վանքը ամբողջութեամբ նորոգուած է պատերազմէն ետք։  

Ծնողքս պսակուած է այս եկեղեցիին մէջ. մայրս Արցախէն է։ Քոյրիկիս եւ իմ սուրբ մկրտութիւնը նոյնպէս տեղի ունեցած է Գանձասարի մէջ։

6 Նոյեմբեր 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան