Գծագրութիւն՝ ԷԼԻՕ ԿԻՅՈՆ,
Դպրոցասէր Վարժարան, 8-րդ դասարան
Այստեղ՝ բխումներ Դպրոցասէր վարժարանի 9-րդ դասարանէն
ՍԵՐԵՆԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ես հայ եմ, բայց Ֆրանսա ծնած եմ։ Իմ ծնողքս զիս մեծցուցած են հայ։ Մեր տունը հայերէն կը խօսինք, հայկական երգեր մտիկ կ’ընենք։
Հայ ժողովուրդը մէկ ընտանիք է եւ բոլոր հայերը ինծի համար քրոջ եւ եղբօր պէս են։ Եւ երբ գիտնամ, որ իրենք կը պատերազմին, կը չարչարուին եւ դժուարութեան մէջ են, ես կը յուզուիմ։
ՀՐԱՉ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
Տեսանք ինչ կը պատահի Հայաստան, մեր հայերը կ’երթան կռուելու։
Հայաստանը իմ երկիրս է, ծնողքիս երկիրն է, զարմիկներուս երկիրն է, մեր Մայր երկիրն է։ Շատ երիտասարդներ կ’երթան կռուելու, ինձմէ 4 կամ 5 տարի մեծ են եւ պատրաստ են իրենց կեանքը տալու մեր երկիրը պաշտպանելու համար։ Ես հպարտ եմ իմ երկրովս, իմ հայերովս։ Ես Ֆրանսա եմ ծնած, բայց իմ սիրտս Հայաստան կը մնայ։ Ուժ կը մաղթեմ։
ՍՈՆԻԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Ես հայ եմ, Ֆրանսա ծնած եմ, բայց արիւնով եւ ծագումով հայ եմ եւ երբ Արցախը կռիւի մէջ ինկաւ, շատ յուզուեցայ, որովհետեւ իմ երկիրս է եւ հայ մարդիկ կը մեռնին։ Շատ հզօր երկիր մըն է, պիտի յաղթենք այս կռիւը։ Բա՛ն չեմ կրնար ընել հիմա, բայց հոգիովս հայ զինուորներուն հետն եմ։ Զինուորներու համար դեղեր հաւաքեցինք, որ ուղակենք Հայաստան։
ՆԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Ես կը մտահոգուիմ Հայաստանի համար, ինչ որ կը պատահի հիմա՝ այս վայրկեանին, որովհետեւ ես հայ եմ, ընտանիքս հայ է, արիւնս հայ է։ Երիտասարդները, որոնք կը մեռնին, ինծի համար իմ ընտանիքէս են, իմ եղբայրներս են։ Ես գիտեմ, որ Հայաստանը ուժեղ երկիր է, պէտք չէ տխուր ըլլանք, որովհետեւ մենք միասին պիտի յաղթենք։
Հայաստանը իմ սիրտս է, պէտք չէ կոտրենք։ Այսօր պէտք չէ պատերազմով հարց լուծել, միայն բանակցային ճամբով։ Ոչ մէկ ընտանիք պատերազմի զոհ ունենալու է այս դարուն։
ԿԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Երբ իմացայ, որ Արցախի դէմ պատերազմ սկսաւ, շատ ազդուեցայ։ Այնտեղ շատ ընկերներ ունիմ եւ բոլոր բարեկամներս Հայաստան կ’ապրին։ Նաեւ ծանօթներ ունիմ, որ գացին Արցախ կռուելու։
Ընկերային ցանցերու շնորհիւ կապ պահեցինք մեր բարեկամներուն հետ եւ տեսանք նաեւ բոլոր կատարուածները։ Շատ կը տխրիմ երբ այնտեղ մարդիկ կը զոհուին։ Ուր ալ ծնած ըլլամ կամ ապրիմ, ամէն պարագայի՝ հայ եմ։ Ես յոյս ունիմ, որ պիտի յաղթենք։ Կը տխրիմ նաեւ, որ բա՛ն չեմ կրնար փոխել կամ ընել, բայց շատ կ’ուրախանամ, երբ կը տեսնեմ, որ մարդիկ օգնութիւն կը ցուցաբերեն եւ կը համախմբուին։
ՄԵԼԱՆԻ ՍԱՀԱԹ
Ես ծնած եմ Ֆրանսա եւ շատ կը սիրեմ ֆրանսան։ Բայց երբ լսեցի ինչ կ’ըլլայ Հայաստան, շատ նեղուեցայ, քանի որ թէեւ ես ֆրանսացի եմ, բայց հայ եմ եւ գիտեմ հայերէն խօսիլ, կարդալ, գրել եւ երբ որ այսպէս բան կը լսեմ Հայաստանի մասին, շատ կը նեղուիմ։
Մեղք է աս զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ Ասոր համար տխուր եմ։ Գիշերները ընտանիքիս հետ Հայաստանի լուրերուն կը հետեւինք։ Իմ հայրս Թուրքիա ծնած է, բայց այս պատճառ մը չէ, որ չսիրեմ Հայաստանը։ Ընդհակառակը, ես շատ կը սիրեմ Հայաստանը, առտուները աղօթք կ’ընեմ Հայաստանի զինուորներուն համար, անոնց ընտանիքներուն համար։ Յուսամ ամէն ինչ լաւ կ’ըլլայ։
ՄԿՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ես մտահոգ եմ Արցախի պատերազմով։ Արմատներս Հայաստանէն ու Արցախէն են։ Ծանօթներ ունիմ այնտեղ։ Աւելի շատ կը նեղուիմ, երբ ընկերային ցանցերու վրայէն կ’առնեմ երիտասարդ զինուորներու մահուան լուրը, որոնք իրենց հայրենիքին համար պայքարեցան։ Ամէն օր, դպրոցէն վերադարձիս, լուրերը կ’առնեմ եւ կը նեղուիմ, որ մեր հայրենիքը միշտ պատերազմներու մէջ է եղեր եւ դեռ է։ Այս հարցին մէջ անկարողութիւնս զիս կը յուզէ։
ԽԱՉԻԿ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ
Ես Ֆրանսա եմ ծնած, բայց իմ ծնողներս հայու պէս են զիս մեծցուցած։ Մինչեւ 3 տարեկան ես ֆրանսերէն խօսիլ չէի գիտեր, միայն հայերէն, այնպէս որ ես մեծցած եմ կարծես Հայաստանի մէջ։ Հայրս միշտ կը պատմէր կռուի եւ մեր հերոսներուն մասին։ Այդպէս ես շատ ՙհայրենասիրահար՚ եմ եւ տխուր եմ այս պատերազմի պատճառով։
ԴԱՆԻԷԼ ՖԱՐՀԱՏԵԱՆ
Հայ-ազերի այս պատերազմով մտահոգ եմ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը Հայաստանը կորսնցնելու վտանգի տակ է, հայոց պատմութիւնը, մեծ քաղաքները, կոթողները, եկեղեցիները, նոյնիսկ եթէ դեռ հայ ըլլայ ամբողջ աշխարհի մէջ։
Ունիմ հայկական արմատներ, ասոր համար կը մտահոգուիմ։ Նոյնիսկ եթէ Ֆրանսա ծնած եմ, Հայաստանը սրտիս մէջն է։
ԼՕՐԻՍ ԻՆՃԷԵԱՆ
Ես Ֆրանսա ծնած եմ, բայց հայ եմ։ Հայկական արիւն ունիմ։ Եթէ պէտք ըլլայ, կրնամ երթալ կռուելու։ Արցախը մերն է։ Ես հպարտ եմ, որ Արցախը պիտի չկրնան առնել։ Բայց տխուր եմ նաեւ այս պատերազմին համար, քանի որ զարմիկս գնաց պատերազմի։
ԷՏՈՒԱՐՏ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Ես կը մտահոգուիմ Հայաստանի համար, անհանգիստ եմ, որ մեր զինուորները կը զոհուին։ Ունիմ նաեւ եղբայրներ, որոնք Արցախի մէջ մեր սահմանները կը պաշտպանեն։
Թշնամին կ’ուզէ մեր պապենական հողերը գրաւել։ Ես Ֆրանսա ծնած եմ, բայց հոգիիս մէջ հայ եմ։ Հայրիկս ծնած է Մարտունի, մայրիկս՝ Վանաշէն։ Երբ մեծնամ, կ’ուզեմ երթալ մեր սահմանները պաշտպանելու։
ՄԱՍԻՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Ես Ֆրանսա ծնած եմ, բայց մտահոգուած եմ, որովհետեւ իմ արմատս Հայաստանի մէջ է։ Այսպիսի խնդիրները զիս շատ կը տխրեցնեն, որովհետեւ կը սիրեմ Հայաստանս եւ չեմ ուզեր, որ կիսուած ըլլայ։ Կը յուսամ, որ այս խնդիրը շուտ վերջանայ։ Կը վստահիմ մեր զինուորներուն։
ՀԱՅԿ ՄԻՐԶԱԽԱՆԵԱՆ
Մանկութենէս սորվեցուցած են ինծի հպարտ ըլլալ, որ հայ եմ։ Մենք՝ այստեղէն, այս պատերազմին մասին խօսելէ զատ բան մը չենք կրնար ընել։ Եւ այս անկարողութիւնն է, որ այսքան կ’ազդէ սփիւռքի հայերուն վրայ։
ՔԵՒԻՆ ՔԱՐԱ
Ես Ֆրանսա ծնած եւ մեծցած եմ, բայց շատ մտահոգ եմ Արցախի վիճակով, քանի որ ընտանիքս հայ է։ Շատ երիտասարդներ, մօտաւորապէս 18 տարեկան, զոհուեցան։ Ես կ’ուզեմ, որ այս ամբողջը դադրի, քանի որ եթէ այսպէս շարունակուի, իմ մօրեղբայրներս, որոնք կ’ապրին Հայաստան, երեւի պիտի երթան Արցախ պատերազմ ընելու։ Կը ճանչնամ մարդիկ, որոնք իրենց զաւակներէն ոչ մէկ լուր ստացած են։
ԱԼԻՍԻԱ ՊԷՆԼԻՕԿԼՈՒ
Ես ծնած եմ Ֆրանսա եւ լաւ չեմ ճանչնար Հայաստանն ու Արցախը, բայց այս պատերազմը շատ տխուր է ինծի համար։ Իմ մայրս Լիբանանցի հայ է եւ հայրս՝ Թուրքիոյ հայ։ Ես գիտեմ հայերէն խօսիլ, կը սիրեմ հայկական մշակոյթը եւ կ’աջակցիմ Հայաստանին, սատար կը կանգնիմ զինուորներուն, որոնք գացած են կռուելու եւ պաշտպանելու մեր երկիրը՝ Հայաստանը։
29 Սեպտեմբեր -7 Հոկտեմբեր 2020