ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԱՐՑԱԽ, ԴՈՒՆ՝ ՙՄԱՆԿԱՆՑ ՈՒ ՏՂԱՅՈՑ ԲԵՐՆԷՆ …՚ ՄԱՍ Ա.

Դպրոցասէր Վարժարան, 8-րդ դասարանի աշակերտներ
Գծագրութիւն՝ ՄԱԹԻՍ ԹՕՓՈՒԶ

ՍՈՖԻ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ
Քանի օր է մեր թշնամին՝ Ադրբեջանը կը ռմբակոծէ Արցախը։ Ես անձնապէս, շատ ծանր կը տանիմ այս ամէնը, յատկապէս որ աչքերովս տեսած եմ մեր հայրենիքը եւ Արցախը։ Կ’աղօթեմ մեր զինուորներուն համար, մեր հայրենիքի խաղաղութեան համար։

ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՈՒԼԵԱՆ
Երբ իմացանք պատերազմի մասին սկսանք ընտանիքով աղօթել, որ Աստուած պաշտպանէ մեր հայ ազգն ու պահէ մեր հայրենիքը։ Ես շատ մտահոգուած եմ մեր հայրենիքին եւ մեր հայ ազգին համար։ Իմ մանկութիւնս անցած է Հայաստան, յաճախած եմ մանկապարտէզ եւ դպրոց, ունիմ շատ ընկերներ եւ սիրելի ուսուցիչներ։ Հայաստան են մեր բոլոր բարեկամներն ու հարազատները։ Հայաստանը մեր բոլորին տունն է, հարազատ վայրն է, մեր սուրբ հողն է, մեր օրրանն ու մեր լոյսն է։ Հայաստանը իմ երկրորդ մայրս է։

ԷՐԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Սեպտեմբեր 27-ին Ադրբեջանը յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ, սկսաւ լայնածաւալ պատերազմ։ Արցախի մէջ այս պահուն շատ լարուած դրութիւն է։ Ադրբեջանը եւ Թուրքիան միացած են եւ կը պահանջեն Արցախը։ Բայց մենք չենք նահանջեր։ ՙԿանք պիտի լինենք ու դեռ շատանանք՚։

ԱՐԵԳ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Մենք տխուր ենք, որովհետեւ Հայաստանը պատերազմի մէջ է Ադրբեջանի դէմ։ Մենք տխուր ենք, որովհետեւ մեր հայ զինուորները իրենց կեանքը կը կորսնցնեն մեզի համար։ Տխուր ենք, որովհետեւ մեր հողը, մեր երկիրը վտանգի մէջ է, բայց հպարտ ենք, որովհետեւ ունինք քաջ եւ հպարտ զինուորներ։

ԳԼԱՐԱ ԵԱՐԱՆՈՒՇ
Ես կը յուզուիմ եւ կ’անհանգստանամ, որովհետեւ Հայաստանը հիմա պատերազմի մէջ է, որովհետեւ այնտեղ կան պզտիկներ, որոնք որբ կը մնան։ Այդ հողերը, որ թշնամիները կ’ուզեն, մերին հողերն են։ Հիմա Հայաստանը շատ գէշ է եւ այդ պատճառով հանգիստ չեմ։ Կը յուսամ ամբողջ սրտովս, որ Հայաստանի համար լաւ վերջանայ։

ԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ պատերազմը ինծի համար յուզիչ է, որովհետեւ իմ ընտանիքս այնտեղ է։ Բայց Հայաստանը իմ մայր երկիրս է եւ անոր համար եթէ նոյնիսկ Ֆրանսա եմ, Հայաստանի պատերազմը կարեւոր է։

ԷՐԻԿ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ
Ծնողներս շատ են պատմած 90-ականներուն Ղարաբաղեան պատերազմին մեր հերոս զինվորներու քաջութիւններու մասին։ Կը հպարտանամ իմ հայրենակից զինուորներով, կը վստահիմ անոնց ուժին, բայց կը տխրիմ, ի հարկէ, երբ պատերազմի լուր կ’առնեմ, քանի որ այն չ’ըլլար առանց կորուստներու։ Մենք պիտի յաղթենք։

ԱՐԻՆ ՄԽՄԵԼՃԵԱՆ
Արցախը Հայաստանի սիրտն է։ Այս օրերուն եղած պատերազմը կը յուզէ բոլոր հայերուն սիրտը եւ էութիւնը։ Ես որպէս սփիւռքահայ, կարօտ ունիմ տեսնելու հայրենիքս, այն սրտիս մէջն է։ Մեր նահատակներու արիւնով ազերիներէն ազատագրուած Արցախը միշտ կ’ենթարկուի կռիւի եւ հիմա դեռ կ’ունենանք երիտասարդ զոհեր։ Կը փափաքիմ, որ մեծ երկիրներ միջամտեն եւ վերջ դնեն այս պատերպազմին։ Մենք պիտի յաղթենք։

ԱՌՆՕ ԿՕԶՕԿԼՈՒ
Ադրբեջանը Թուրքիոյ զօրակցութեամբ կը պատերազմի Արցախի դէմ։ Կ’ուզեմ նշել որ մայրս Արցախէն է։ Ես շատ տխուր եմ իմ մեծ ծնողներուս եւ մեր բոլոր հարազատներուն համար։ Կը յուսամ որ պատերազմը շուտ կ’աւարտի։ Մենք պիտի յաղթենք։
Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ։

ՄԱՐԿՕ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Ես շատ տխուր եմ այսօրուան Հայաստանի վիճակին համար ու այնքան կ’ուզէի որ Հայաստանը հանգիստ՝ առանց խնդիրի ապրէր։ Բայց ես նաեւ կ’անհանգստանամ իմ բարեկամներուս համար, որ հոն կ’ապրին եւ միայն կը խնդրեմ, որ հայ զինուորները կարողանան այս փորձանքը անցընել եւ ողջ վերադառնալ իրենց տունը։ Բայց նաեւ կ’ուզէի ըսել, որ թէեւ մենք Ֆրանսա ենք ծնած եւ մեծցած, բայց մեր հայրենիքը Հայաստանն է, որուն համար  կ’անհանգստանանք։

ԱԼԻՆԱ ԵՐԻՑԵԱՆ
Ես ծնած եմ եւ մեծցած Ֆրանսա, բայց դեռ մանկուց գիտեմ, որ հայ եմ։ Այսօր իմ մայր Հայաստանի մէջ պատերազմ է։ Ես չեմ կրնար անտարբեր ըլլալ, քանի որ երակներուս մէջ հայկական արիւն կը հոսի։ Ես հայ կը կոչուիմ, որովհետեւ Հայաստան գոյութիւն ունի եւ անոր ամէն մէկ վէրքը նոյնպէս զիս կը ցաւցնէ։ Ես հպարտ եմ մեր զինուորներու քաջութեամբ եւ համոզուած եմ, որ մենք պիտի յաղթենք։

ՄԱՐԻԱ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ
Ես քիչ մը կը վախնամ եւ կը նեղուիմ այս պատերազմին պատճառով, կը մտահոգուիմ, որ շատ մարդ մեռնի եւ Հայաստանը այլեւս չըլլայ (որովհետեւ պզտիկ երկիր մըն է)։

ՄԱԹԻՍ ԹՕՓՈՒԶ
Ես տխուր եմ Հայաստանի իրավիճակին համար, որովհետեւ այն կը յիշեցնէ նախորդ պատերազմները, մահերը եւ այն տագնապները, որոնք կը վտանգեն Հայաստանը։

ԷՄՄԱ  ԱՆԴՐԻԱՍՈՎ
Ես շատ կը տխրիմ հայերու համար, որովհետեւ կը մեռնին, կը վիրաւորուին եւ կ’երթան հիւանդանոց։ Ես ու իմ ընտանիքս շատ տխուր ու շատ բարկացած ենք։ Թուրքերը կը վերցնեն մեր երկիրը, որ շատ տեղ ունենան։

ԼՈՒՍԻՆ ԴՐԱՄԿՈՉԵԱՆ
Մենք հոն չենք ծնած, բայց կը յուզուինք, որովհետեւ մեր հայրենիքն է եւ մեր հայրենիքը կը մնայ։

ՄԱՐԻՆԷ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Երիտասարդները կ’երթան պատերազմի։ Ինծի ցաւ կը պատճառէ ատիկա, քանի որ Հայաստանը իմ երկիրս է, այն երկիրը, ուր մենք ծնած ենք։
Հայաստանը մեր երկիրն է, մենք կը յաղթենք, մենք ուժով ենք։  

ՄԵԼԻՍԱ ԹՕՓՈՒԶ
Հայաստանի պատերազմին պատճառով կը յուզուիմ, որովհետեւ շատ մարդիկ կը վիրաւորուին եւ կը մեռնին։

ԺՈՒԼԻԱ ՊԱՅՐԱՔՏԱՐ
Ես յուզուած եմ, որովհետեւ կան երիտասարդներ, որոնք կը զոհուին պատերազմին։

ԴԱՆԻԷԼ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Այս պատերազմը զիս կը տխրեցնէ, որովհետև Հայաստանը իմ երկիրս է։  Կան շատ մահեր։ Ոչ ոք չի պաշտպաներ Հայաստանը եւ այդ է տարօրինակը։  

ԷԼԻՕ ԿԻՅՈՆ
Այս վիճակը զիս կը յուզէ, քանի որ այս հողերը կը պատկանին հայերուն դարերէ ի վեր։ Ադրբեջանցիները կ’ուզեն ատոնք ետ առնել եւ կ’ըսեն, որ հայերը սուտ կը խօսին։ Այս անարդար պատերազմը կրնայ վատանալ եւ ուրիշ երկիրներու հասնիլ։

30 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ – 6 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

  1. Ապրիք ։ Հիանալի խոսքեր, անկեղծ եւ յուզիչ ։Աղոթենք մեր զինվորներուն եւ բոլոր հայ ազգին համար։ Արցախը մերն է եւ մենք պիտի հաղթենք։

  2. Շատ ապրիք, կեցցէք,յուզիչ եւ սրտաճմլիք խօսքէր, այսպէս հոգւով սրտով հայրենասէր մնացէք:Յաղթանակը մերն է:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան