ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՆԱՅԻՐԻ ԲԱՌԱՐԱՆ

www.nayiri.com

ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՈՒԼԵԱՆ, ԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ,
ԳԼԱՐԱ  ԵԱՐԱՆՈՒՇ, ՄԱՐԿՕ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ,
Դպրոցասէր Վարժարան, 7-րդ դասարան

ՆԱՅԻՐԻ կայքէջը հայերէնի առցանց բառարաններու գրադարան է։ Ստեղծուած է Սէրուժ Ուրիշեանի կողմէ, 2004 թուականին, երբ ան նկատած է, որ այսօրուան զարգացած աշխարհին մէջ գիրքով բառարան գործածելը այլեւս հին սովորութիւն է։

Երբ մտնենք ՆԱՅԻՐԻ բառարանի կայքէջը, կեդրոնը կը տեսնենք ՆԱՅԻՐԻ բառին տառերը ծաղիկներու, անասուններու եւ մարդկային կերպարներու նախշերով։ Անոր տակ կը տեսնենք այն լեզուները, որոնցմով կարելի է թարգմանել բառերը։ Ունինք բառերու որոնման վանդակը,  քովը՝ ստեղնաշարը եւ երկու պատուհան՝ Փնտռել եւ Պատահաբառ :

Օրինակ տանք. երբ գրենք ուտել բայը որոնման վանդակին մէջ, բառարանը կու տայ մեզի անոր սահմանումը, հոմանիշները, բնոյթը (ինչ տեսակ բայ ըլլալը), իմաստները, նաեւ աղբիւրը, այսինքն՝ այն բառարանը, ուրկէ ան օգտուած է մեզի պատասխանելու համար։

Կրնանք նաեւ թարգմանել այն լեզուներով, որոնք կան բառարանին մէջ, տասներկու օտար լեզուներ՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, սպաներէն, պարսկերէն, արաբերէն, վրացերէն, ռուսերէն, թրքերէն, յունարէն, լատիներէն։ Ասիկա շատ օգտակար է այն մարդոց  համար, որոնք օտար լեզու չեն գիտեր։ 

Իսկ հայերէնը գոյութիւն ունի իր երկու ճիւղերով, միջին հայերէնով եւ գրաբարով։ Հայերէն ստեղնաշարը ունի չորս շարուածք, որոնք կը համապատասխանեն ձայնական եւ մեքենագիր շարուածքներու։

Էջին վերը, աջին, ունինք երեք պատուհան՝ Ուղղագրիչներ, Տառատեսակներ եւ Մեր մասին։

Մեր Մասինը մեզի կու տայ ՆԱՅԻՐԻի մասին պէտք եղած բոլոր տեղեկութիւնները. կը ծանօթանանք ծրագիրներուն, պատմութեան՝  թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ստեղծուեցաւ բառարանը: Միւս ծրագիրներն ալ մեզի կ’օգնեն առցանց այս բառարանը աւելի լաւ ճանչնալու:

ՆԱՅԻՐԻ բառարանին մէջ գիրերու տեսակի մեծ ընտրութիւն ունինք։ Տառատեսակներ պատուհանը կը հայթայթէ քսան տառատեսակ։ Ահա քանի մը օրինակ. Արիան Ամիւ (Ariane Amu), Արիան Ամիւ Սերիֆ (Ariane Amu Serif), Արիան Գրքի (Ariane Grqi), Արմ Հելվ (Arm Helv) եւայլն ։

Այս տառատեսակները ՆԱՅԻՐԻ կայքէջէն  կրնանք ներբեռնել։

ՆԱՅԻՐԻն ունի ուղղագրութեան ծրագիր մըն ալ, որ կը կոչուի HySpell։ Ասիկա հայերէնի ընդարձակ ուղղագրիչ մըն է, ստեղծուած է Հարօ Մհերեանին կողմէ։ Անոր գործածութեան ձեւը եւ օգուտները բացատրուած են Ուղղագրիչներ պատուհանին մէջ։ 

Տարիներու ընթացքին կայքը հետզհետէ զարգացած է։ 2010 թուականէն սկսեալ կայքէջին մէջ կ’աւելնան նոր բառարաններ։ Վերջին նորութիւնն է Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ՙՀայբուսակ կամ Հայկական Բուսաբառութիւն՚ բառարանը։

ՆԱՅԻՐԻն այժմ կ’ընդգրկէ 128 բառարան եւ երկու գիրք։ 

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս կայքէջը մեզի համար պատրաստողներուն։   

5 Յուլիս 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան