ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՎԱՍԱԿԵԱՆՔ. Դ.

ՎԱՍԱԿ ԻՆՉՈ՞Ւ ԴԱՒԱՃԱՆ ՀԱՄԱՐՈՒԵՑԱՒ

ՄԿՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Դպրոցասէր Վարժարան, 8-րդ դասարան

Երբ Յազկերտին յայտնեցին, որ Վասակ իր մարզպանի մատանիովը կնքուած նամակ ուղարկած էր Բիւզանդիոն օգնութիւն ուզելու պարսիկներու դէմ, Յազկերտ զայն փոխանակ թագաւոր նշանակելու եւ անոր որդիները պատանդութենէ ազատ արձակելու, ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեց։

Երբ Վրաստանի եւ Աղուանքի օգնութիւնը չհասաւ, Վասակ Սիւնի պատգամաւորութիւն ուղարկեց Բիւզանդիոն օգնութիւն ուզելու։ Դժբախտաբար անոնք ալ չկարողացան օգնել եւ Հայաստանը մինակ մնաց Պարսկաստանի դէմ։ Հայերուն պարտութիւնը յստակ էր։

Ասկէ ետք Վասակ ամէն ջանք գործադրեց Վարդանի, Ղեւոնդ Երէցի եւ ուխտապահ նախարարներուն կողմէ կազմակերպուած ապստամբութիւնը արգիլելու։ Ան ուզեց հայկական բանակը տկարացնել։ Այս ձեւով, ան հակառակած եղաւ այն ուխտին, որ հայ նախարարներուն հետ կատարած էր Տիզբոնի մէջ, այսինքն՝ Հայաստան վերադառնալէ ետք պատրաստ ըլլալ նոյնիսկ մեռնելու հայրենիքի եւ քրիստոնէութեան սիրոյն։

Վասակ դիւանագիտութեամբ ուզեց իր հայրենիքին օգտակար դառնալ եւ առանձին չպատերազմիլ պարսիկներուն դէմ։ Չկրցաւ։  Ապստամբութիւնը արգիլելու համար իր կատարած  բոլոր ջանքերը ապարդիւն անցան։

Պատերազմը տեղի ունեցաւ, Վարդան Մամիկոնեան զոհուեցաւ 1036 հայ զինուորներով։ Վասակ փոխանակ թագաւոր նշանակուելու, Յազկերտի կողմէ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։

Վասակ կ’ուզէր թէ՛ Հայաստանի թագաւոր դառնալ, թէ՛ իր հայրենիքին օգուտ բերել, բայց ան վնասեց թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ Պարսկաստանին։

Այս պատճառաւ ան համարուեցաւ կրկնակի դաւաճան թէ՛ հայոց եւ թէ՛ պարսիկներու համար։

20 Յունիս 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան