ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ՎԱՍԱԿ ՍԻՒՆԻ
ԴԱՆԻԷԼ ՖԱՐՀԱՏԵԱՆ
Դպրոցասէր Վարժարան, 8-րդ դասարան
Վասակ Սիւնի իր նախորդին մահէն ետք դարձած էր Սիւնիքի նախարար, երբ Պարսկաստանի Յազկերտ Բ. թագաւորը զինք Պարսկահայաստանի մարզպան նշանակեց։
Երբ հայ նախարարները Տիզբոն էին, Յազկերտ Բ. ը կրօնափոխութիւն պարտադրեց անոնց եւ սպառնաց։ Իսկ Վասակի երկու տղաքը պատանդ պահելով հարկադրեց, որ երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութիւնը ամրացնելու համար աշխատի քրիստոնեայ Հայաստանի կրօնքը փոխել։ Վասակ Յազկերտի թակարդէն փրկուելու համար դիւանագիտական լուծում մը գտաւ։ Վարդան Մամիկոնեանի ու հայ միւս նախարարներուն հետ Աւետարանին վրայ երդում ընելով համաձայնեցան ընդունիլ Յազկերտի առաջարկը մինչեւ Տիզբոնէն ապահով վերադառնան Հայաստան։ Հայաստանի մէջ պիտի կարենային աղօթել ճիշդ Աստուծոյ եւ պիտի պատրաստուէին ապստամբութեան, նոյնիսկ մեռնելու քրիստոնէութեան եւ հայրենիքին համար։
Հայ նախարարներուն Տիզբոնէն վերադարձին, ապստամբութիւնը արդէն սկսած էր հայ-պարսկական սահմանին՝ Անգղ, ուր ժողովուրդը կը սպասէր նախարարներուն։ Իրենց միջեւ պատերազմ եղաւ մինչեւ որ հաստատուեցաւ, որ Յազկերտին տրուած խոստումին չէին հետեւեր հայ նախարարները, որոնք միացան ժողովուրդին պարսիկ քուրմերու ու բանակին դէմ։
Վասակի նպատակն էր ազատել Հայաստանը եւ հայ հողը առանց ամբողջ հայ ժողովուրդն ու բանակը տկարացնելու կամ կորսնցնելու։ Հայաստանի մարզպանին համար մեծ եւ զօրաւոր Պարսկաստանի դէմ պատերազմի մէջ Հայաստանի անզօրութիւնը ակներեւ էր, ուրեմն առանձին ապստամբիլը գէշ գաղափար մըն էր։ Ուստի ապստամբութեան մէջ իրենց միանալու համար Վրաստանի, Աղուանքի եւ Բիւզանդական Կայսրութեան օգնութիւնը խնդրեց, նամակ ղրկելով։
Սակայն Վասակին սպասած օգնութիւնը Վրաստանէն եւ Աղուանքէն չհասաւ, որովհետեւ պարսիկներու կողմէ պաշարուած էին։ Նաեւ Բիւզանդական Կայսրութիւնը չկրցաւ օգնել, որովհետեւ պատերազմի մէջ էր։ Ուստի Վասակ առանձին մնաց Պարսկաստանի դէմ եւ ապստամբութիւնը արգիլելու իր նպատակին հասնելու համար ստիպուած եղաւ ամէն բան ընելու, մինչեւ իսկ ուժաթափելու հայ բանակը, մեծաթիւ զինուորներ ձերբակալելով, զանոնք բանտարկելով Սիւնիքի բանտերուն մէջ։ Այսպիսով՝ ան Աւետարանի վրայ իր տուած երդումը յարգած չեղաւ։ Բայց պէտք է անպայման արգիլէր ապստամբութիւնը։
Վասակը ինքզինքը գովելով եւ համոզուած, որ ապստամբութիւնը արգիլեց, ելաւ Յազկերտ Բ.ի առջեւ եւ կարծեց, որ ան իր աշխատանքէն գոհ էր, ԲԱՅՑ Տիզբոնի դատավարութեան ընթացքին Վարդանանք նախարարները (համակարծիք Վարդանի՝ որ կը պաշտպանէր կրօնական տեսակէտները) մատնեցին Աւետարանին վրայ հայ նախարարներու հետ Վասակի երդումը։ Վարդանին փեսան ցցուց Վասակին մատանիով կնքուած նամակը, որ բիւզանդացի թշնամիներէն օգնութիւն կ’ուզէր։ Այսպէս բոլորը հասկցան, որ Վասակը երկու երկիրները կը պաշտպանէր եւ երկուքին ալ դաւաճանած եղաւ։
Ան բանտ ղրկուեցաւ։ Երկու տարի ետք հիւանդութենէն մեռաւ, իր ռազմավարութեան զոհ երթալով։
20 Ապրիլ 2020