ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍԼՔՏԱՑՈՂ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ

ՏԻԱՆԱ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ՍԼՔՏԱՑՈՂ ՄԱՐԴԻԿ

Սլքտացող մարդիկ վատ ձեւով կ’ազդեն մեր վրայ։ Անոնք իրենց ժամանակը կ’անցընեն սլքտալով եւ ասիկա ունի տարբեր պատճառներ։
Ահա միքանին.

– Լաւ դաստիարակուած չեն։ Անոնց ծնողներն ու ուսուցիչները կ’երեւի շատ ուշադիր չեն եղած անոնց հանդէպ, զանոնք ձգած են ազատ, որ ընեն ինչ որ ուզեն։ Հոս կրնանք նշել, որ այսօր ուսուցիչները չեն դաստիարակեր, միայն դաս կը սորվեցնեն։

– Անոնց ընկերները սլքտացողներ են եւ իրենք ազդուող նկարագիր ունենալով կը հետեւին անոնց։

– Անոնք գործ չունին եւ կը ձանձրանան, ատոր համար փողոցները կը թափառին։ Ըստ իս, ո՛չ սլքտացողը  լաւ մարդ կը դառնայ, ո՛չ ալ լաւ մարդը՝ սլքտացող։

Բայց կան լուծումներ։ Ահաւասիկ մի քանին.

– Ուսուցիչները եւ ծնողները պէտք է, որ լաւ դաստիարակեն երեխաները եւ անոնց ցոյց տան սլքտալուն վնասները։

– Եթէ պատանին միամիտ է, պէտք է իր ձայնին մտիկ ընէ եւ հետեւի եւ ոչ թէ սլքտացողներուն։

– Ան կրնայ գործ փնտռել, որպէսզի չձանձրանայ եւ ատկէ մղուած սլքտալու չելլէ փողոցները։

15 Հոկտեմբեր 2019


ՆԱԹԱԼԻ ԱԼԻՍ,
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ԹԱՓԱՌՈՂ ԵՒ ՍԼՔՏԱՑՈՂ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԱՐԻՔ ԵՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ

Մեր շուրջը կը տեսնենք տեսակ-տեսակ երիտասարդներ, որոնք փողոցը թափառելով վատ եւ վտանգաւոր գործեր կ’ընեն։ Շատ բարդ է այս վիճակը, որ մենք վատ կը կոչենք, քանի որ կը թունաւորէ ընկերութիւնը։

Չափահաս երիտասարդի տարիքին չի յարմարիր անոնց առօրեան։ Ինծի համար, այս երիտասարդները պէտք է ապրին իրենց տարիքին համեմատ. դպրոց յաճախեն, աւարտեն, դուրս ելլեն ընկերներով,  ընտանիքին հետ ժամանակ անցընեն։ Անոնք պէտք է ինքզինքնին յարգեն, իրենց արժէքը գիտնան։

Այս խնդիրին համար ես կ’առաջարկեմ լուծումներ.
-Խօսիլ, բացատրել, զինք պատրաստել որ առանձին մտածէ եւ փոխէ իր ընթացքը, որ կեանքը լաւանայ։

-Աշխատանք առաջարկել, որ կեանքը պատիւով շահի եւ վտանգէ հեռանայ։

-Սիրահարութիւն,  որ իր սիրած աղջկան համար փոխէ ինքզինքը, քանի որ մարդ սիրոյ համար պատրաստ կ’ըլլայ ամէն բան ընելու, սխալ ճամբայէն դառնալու։ Մարդ ինքզինք կը փոխէ նաեւ ընտանիքին համար, որպէսզի ընտանիքին անդամները լաւ կարծիք ունենան իր մասին եւ հաւատան, որ ան պիտի յաջողի կեանքին մէջ։ 

15 Հոկտեմբեր 2019


ԹԱԼԻՆ ՏԷՏԷԵԱՆ,
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ԹԱՓԱՌՈՂ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ

Թափառող երիտասարդները անոնք են, որոնք փողոցը չարութիւններ կ’ընեն, այսինքն՝ կը գողնան, կը հարուածեն, կը կռուին, եւլ։

Ընկերային այս չարիքին մասին ես կարծիք ունիմ, որ հետեւեալն է։ Այդ մարդիկը լաւ չեն աշխատիր, ուրեմն գործ գտնելու տեղ կը նախընտրեն փողոցները թափառիլ եւ կը սկսին, օրինակ՝  գողութիւն ընել։ Ընելով- ընելով կը վարժուին, սովորութիւն կը դարձնեն եւ կը սկսին սիրել գէշութիւն ընելը։

Շատ քիչ լուծում կրնայ ըլլալ այս խնդրին։ Օրինակ՝  եթէ անոնցմէ մէկը սիրահարի աղջկայ մը, կրնայ փոխուիլ, որպէսզի իր սիրած աղջկան հետ լաւ ապրի։ Կամ, եթէ հանդիպի մէկու մը, որ իրեն լաւ բացատրէ իր վարմունքին գէշ ըլլալը, ան թերեւս հասկնայ, ընդունի եւ որոշէ վարմունքը փոխել։ Թերեւս բանտ երթայ եւ անոր այնքան մեծ դաս ըլլայ, որ զղջայ։

Լաւ փորձառութիւններ ալ կրնան ազդել իր վրան, օրինակ՝ օր մը մօրը հետ ճաշ կը պատրաստէ, կը սիրէ ըրածը եւ կը փափաքի ճաշարանի գործի նետուիլ, ինչո՞ւ չէ՝ ճաշարան բանալ։

Եթէ այս լուծումներէն որեւէ մէկը չյաջողի, թերեւս մարզանքը օգնէ։ Մարզանքը, կարծիքովս, թէ՛ կը շինէ մարմինը եւ թէ՛ մարմինին եւ միտքին ուժերը կը սպառէ հաւասար չափով։ Հաւասարակշռուած անձը գէշութիւն չ’ըներ։

15 Հոկտեմբեր 2019

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան