ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՉԳԱՑԻՆՔ

ՏԻԱՆԱ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ԻՆՉՊԷ՞Ս  Կ’ԱՊՐԻՆՔ  ԱՅՍ  ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

16 Ապրիլին պիտի ճամբորդէինք Հայաստան։ Մարտին իմացանք աս վարակի գոյութեան եւ ատոր հետեւանք՝ մեր ճամբորդութեան ջնջումին մասին։ Բոլորով տխուր էինք, որովհետեւ գիտէինք, որ մեր 9-րդ դասարանի ամենալաւ ժամանակը ջուրը ինկաւ։

Հիմա տունը գամուած ենք եւ կ’ապրինք անսովոր նոր կեանք մը։ Կը սերտենք, մեր ընտանիքը կը վայելենք եւ այս ժամանակը կը գործածենք խօսելու ընկերներու հետ, մտերիմներու եւ անոնց, որոնց հետ շատոնց չենք խօսած։

Այս կացութեան մէջ հեռախօսը շատ կարեւոր գործիք մըն է, որովհետեւ այդ միջոցով կը հաղորդակցինք մեր խօսակիցին դէմքը տեսնելով կամ ձայնը լսելով։ Կրնանք նաեւ զուարճանալ երգ ունկնդրելով, խաղ խաղալով, եւլ։

Դասարանով Հայաստան պիտի ըլլայինք 24 Ապրիլին, պիտի երթայինք Ծիծեռնակաբերդ։ Բայց այս տարի 24 Ապրիլը տունը անցուցինք, ցոյցի չմասնակցեցանք։ Բարեբախտաբար համացանցային ցոյցեր եղան, որպէսզի ամբողջ աշխարհի հայերուն ձայնը լսելի դառնայ։

26 Ապրիլ 2020


ԷՐԻԿ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ՑԱՒՕՔ ՍՐՏԻ՝ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ Է

Պսակաձեւ ժահրը վարակ մըն է, որ սկիզբ առաւ Չինաստանէն եւ տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Մարտի կէսերուն ֆրանսական կառավարութիւնը որոշում կայացուց. տուն մնալ։

Համաճարակին պատճառով դասերը, քննութիւնը եւ բոլորիս կողմէ շատ սպասուած ճամբորդութիւնը ջնջուեցան։ Շատ տխուր է, բայց ցաւօք սրտի՝ իրականութիւն։

Այս իրականութիւնը ես կ’ապրիմ ո՛չ վատ՝ քանի որ տուն մնալով պայքարած կ’ըլլանք վարակին դէմ եւ ո՛չ ալ լաւ՝ քանի որ չեմ տեսներ ընկերներս, ուսուցիչներս։ Մեր կեանքի առաջին կարեւոր պետական քննութիւնը տեղի պիտի չունենայ։

Օրերս կ’անցընեմ դասերով, մարզանքով, կը զբաղիմ նաեւ եղբօրս հետ։

Յոյսով եմ, որ այս անսովոր կացութիւնը շուտով վերջ պիտի գտնէ եւ մենք պիտի վերադառնանք առօրեայ սովորական կեանքին, ետեւ ձգելով այս օրերը։

26 Ապրիլ 2020


ՆԱԹԱԼԻ ԱԼԻՍ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

… ԲԱՅՑ ՊԷՏՔ Է

Այսօր, 25 Ապրիլ 2020, արդէն մօտաւորապէս երկու ամիս է, որ ամէն մարդ փակուած է տունը պսակաձեւ ժահր կոչուած համաճարակին պատճառով։ Սկիզբը, ժահրը վտանգ չէր աշխարհի եւ մարդոց համար, բայց 12 Մարտին մեր նախագահը որոշում տուաւ փակելու հաստատութիւնները, արտօնելով միայն սնունդի խանութները բաց պահել։

Մենք բոլորս ցնցուած ենք եւ կը վախնանք մեր անձին համար։ Այս պատճառով, պէտք է տուն մնանք, որ պաշտպանենք թէ՛ մեզ, թէ՛ ուրիշները։ Ես՝ օրինակ, տուն կը մնամ եւ նախազգուշական բոլոր միջոցները կ’առնեմ։ Բոլորիս համար շատ ձանձրալի է, բայց պէտք է։

Ես եւ դասընկերներս հասանք 9-րդ դասարան, կը նշանակէ, թէ Դպրոցասէրի մէջ մեր վերջին տարին է։ Ինչպէս ամէն տարի 9-րդ դասարանը, այս տարի ալ մենք տասը օրով պիտի ճամբորդէինք Հայաստան, հայոց պատմութեան մեր ուսուցչուհիին՝ տիկին Նորային ընկերակցութեամբ։ Բայց չեղաւ։ Դպրոցը նախընտրեց աշակերտներուն առողջութիւնը պաշտպանել։ Ինծի համար ճիշդ որոշում է ասիկա։ Անշուշտ ուրախ չենք, բայց այսպէս է։ Ես կը նախընտրեմ տունը մնալ եւ հասկնալ, որ այդ ճամբորդութիւնը դէպի Հայաստան վտանգաւոր կրնար ըլլալ։ Մենք պէտք է պաշտպանուինք եւ միւսները պաշտպանենք այսպէս.
-տունէն դուրս չգալով, բացի անհրաժեշտ պէտքերու համար,
-դիմակ գործածելով,
-մարդոցմէ մէկ մեթր հեռաւորութիւն պահելով։

Անշուշտ այս վիճակը հաճելի չէ, բայց անհրաժեշտ է։
Մնացէք տունը, այսպիսով օգտակար կը դառնաք դուք ձեզի եւ աշխարհին։

25 Ապրիլ 2020


ԼԵՒՈՆ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵԼՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

16 Մարտէն ի վեր Ֆրանսայի բոլոր դպրոցները գոցուեցան երկրի նախագահին որոշումով։ Ան յայտարարեց, որ բոլորը պէտք է մնան իրենց տունը եւ դուրս գան միայն անհրաժեշտ գնումի համար, գործի կամ մարզանքի, լրացնելով յատուկ արտօնագիր մը։ Գոցուեցան օդակայանները եւ երկրորդական համարուող առեւտուրի խանութները։ Այս ամբողջը՝ պսակաձեւ ժահրի պատճառով։

Կարծիքովս, մեկուսացումը ամենալաւ միտքն է պաշտպանուելու համար։ Ճիշդ է, որ շատ դժուար իրավիճակ մըն է բոլորիս համար, մարդիկ չեն կրնար աշխատիլ, պետական հարստութիւնը վտանգի մէջ է, ուսումը դժուարացած է, քանի որ բոլոր աշակերտները չունին անհրաժեշտ կարելիութիւնները տունէն ուսումի հետեւելու։

Ես շատ դժուար չեմ տանիր այս վիճակը, ճիշդ է, որ երթալով կ’երկարի մեկուսացումի ժամանակամիջոցը, բայց կը համակերպիմ։ Կը փորձեմ յառաջանալ դասերուս մէջ, բայց միեւնոյն ժամանակ շատ ժամանակ կ’անցընեմ հեռաձայնիս վրայ։ Կը խօսիմ ընկերներուս հետ եւ առցանց խաղեր կը խաղամ։

Վերջերս պարոն նախագահը յայտարարեց, որ դպրոցները կամաց – կամաց պիտի բացուին 11 Մայիսէն ետք։ Ըստ իս, շատ վատ միտք մըն է ասիկա, որովհետեւ նախ՝ դպրոցները գոցուեցան, քանի որ երեխաները կրնան տարածել վարակը առանց իրենք հիւանդացած ըլլալու, ապա, Չինաստանը, որ նոր կ’ելլէ մեկուսացումի շրջանէն, դեռ կ’արգիլէ դպրոցներուն բացուիլը։

Վերջապէս, բոլորս ալ կը հասկնանք, որ դպրոցները պիտի բացուին, որպէսզի ծնողներն ալ տունէն ելլեն աշխատանքի երթալու համար, որպէսզի տնտեսութիւնը վերազարգանայ։ Ամենայնդէպս,  շատ բան չենք գիտեր այս վարակին մասին, ուրեմն  շատ վատ միտք մըն է դպրոցներուն վերաբացուիլը։ 

26 Ապրիլ 2020


ՄԻՇԷԼ ԽՇՈՅԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ՋՆՋՈՒԱԾ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Տարուան այս ժամանակահատուածին տունը փակուած մնալը շատ դժուար է։ Որոշուած էր, որ այս Ապրիլին դասարանով տասը օրով ճաբորդութիւն կատարէինք դէպի Հայաստան, մեր երկիրը։ Բայց պսակաձեւ ժահրի պատճառով, ցաւօք, այս ճամբորդութիւնը չեղեալ յայտարարուեցաւ եւ մենք շատ տխուր ենք։

Տխրութիւն է ինծի համար, քանի որ Հայաստանի մէջ առիթ պիտի ունենայի ընկերներուս հետ լաւ ժամանակ անցընելու եւ մեր երկրի մասին աւելի բան գիտնալու։

Յոյսով եմ, որ մեր ապրելակերպը կը վերադառնայ իր բնական ընթացքին։

26 Ապրիլ 2020


ԳԱՐԻՆ ԵԻԿԻԹՔԻՒՐԴ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ԴԱԴՐԻՄ ԲՈՂՈՔԵԼԷ

12 Մարտին հանրապետութեան նախագահը յայտարարեց, որ բոլոր դպրոցները պիտի փակուին եւ մենք պէտք է տունը մնանք։

Մտածեցի, որ մէկ կամ երկու շաբաթէն նորէն կը տեսնեմ ընկերներս, բայց ցաւօք՝ այդպէս չեղաւ։

Կեանքի բնական ընթացքով, ես ընկերներուս հետ պէտք է Հայաստան ըլլայի։ Բայց ո՞ւր եմ հիմա։ Թուղթի մը վրան այսօրուան խնդիրները կ’արձանագրեմ։

Նոր եւ տարբեր կեանք մը սկսաւ մեզի համար։
Մեկուսացման սկիզբի օրերը դասերէս զատ բան մը չէի ըներ։ Օրերս կ’ամփոփուէին ուտելու, պառկելու, նետֆլիքս ի վրայ ֆիլմ դիտելու եւ ընկերներուս հետ խօսելու մէջ։ Մի քանի օր ետք որոշեցի վերջ տալ այս ապրելակերպին, որոշեցի ձեռք առնել ինքզինքս։ Չէր կրնար այսպէս շարունակուիլ։ Այս միտքով՝ փորձեցի գտնել նոր հաճոյքներ՝ պարել, երգել, տունը մաքրել, մօրս հետ ճաշ պատրաստել, կարդալ, նկարել, եւլ։ Բայց կը կարծեմ, որ ասոնց մէջ ամենակարեւոր ընտրութիւնս եղաւ մարզանքը եւ առողջ ձեւով ուտելը։

Այս մեկուսացումը ցոյց տուաւ ինծի կեանքի կարեւոր եւ անհրաժեշտ կողմերը, յատկապէս ընտանիքը, որ այսօր կայ, բայց վաղը կրնայ չըլլալ։ Պէտք է հոգ տանինք ընտանիքի անդամներուն եւ ամենաշատ ժամանակը անցընենք անոնց հետ, քանի որ այդ պահերը արժէքաւոր են։

Ընտանիքս միշտ կարեւոր եղած է ինծի համար, բայց այս մեկուսացումը թոյլ տուաւ անդրադառնալու, որ կարծածէս ա՛լ աւելի կարեւոր է։ Երբ կ’իմանամ մահացածներու թիւը, ինքզինքիս կ’ըսեմ, որ անոնցմէ մէկը կրնար հարազատս ըլլալ։

Ճիշդ է, որ 2020-ը շատ վատ սկսաւ, բայց կեանքի բազմաթիւ դասեր տուաւ ինծի։ Զօրացայ միտքով։ Պէտք է դասարանով Հայաստան ըլլայինք հիմա եւ միասին անցընէինք մեր դպրոցական տարիներուն ամենալաւ օրերը, բայց ինքզինքիս կ’ըսեմ, որ ոմանք շատ աւելի դժուար կացութեան մէջ են հիմա, դադրիմ բողոքելէ։

Ամէն օր հազարաւոր մարդիկ կը մահանան։ Ուրախ ըլլանք, որ շրջապատուած ենք ընտանիքով եւ առողջ ենք։

Եթէ նոյնիսկ շատ գէշ նորութիւններ լսեմ, յոյսս կը պահեմ, բայց չեմ կարծեր, որ ամէն ինչ կը դառնայ առաջուան նման։

Դպրոցները բանալը լաւ միտք չէ, որովհետեւ վտանգաւոր է։  

28 Ապրիլ 2020


ՏԱՒՐՈՍ ԿԻՒԼԷԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ԿԸ ԶԲԱՂԻՄ ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ ԿՐՆԱՄ

Երբ իմացայ, որ մեր ճամբորդութիւնը դէպի Հայաստան չեղեալ համարուեցաւ, տխրեցայ,  որովհետեւ շատ կ’ուզէի երթալ։ Ընդհանրապէս ամէն տարի ամառնային արձակուրդիս կ’երթամ Հայաստան ընտանիքս տեսնելու։

Մեկուսացման ընթացքին, ամէն առտու կը ստուգեմ դպրոցական կայքէջը գիտնալու համար, թէ ի՞նչ նոր դասեր զետեղուած են մեզի համար։ Դասերէն ետք, ամէն օր երկու ժամ դաշնակ կը նուագեմ հաճոյքի համար եւ կարողութիւններս զարգացնելու։ Նուագելէն ետք կը զբաղիմ ինչպէս որ կրնամ։

26 Ապրիլ 2020


ԹԱԼԻՆ ՏԷՏԷԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ԱՆՀԱՄԲԵՐ ԿԸ ՍՊԱՍԷԻ ԱՅՍ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԵԱՆ

Երբ իմացայ, որ Հայաստանի մեր ճամբորդութիւնը տեղի պիտի չունենայ, տխրեցայ, որովհետեւ անհամբեր կը սպասէի դասընկերներով ճամբորդել եւ Մարսիլիայէն[1] նոր ընկերներ ունենալ։ Բնաւ չեմ գացած Հայաստան, ուրեմն անհամբեր էի գիտնալու, թէ ինչի՞ կը նմանի Հայաստանը։

Մեկուսացման սկիզբը չէի գիտեր, թէ ի՞նչ ընթացք պիտի ունենար մեր կեանքը, դասերը ինչպէ՞ս պիտի սորվէինք։ Շատ ուրախացայ, երբ գիտցայ, որ երկար ժամանակ պիտի մնանք տունը, որովհետեւ տունը հանգիստ է, աղմուկ չկայ, կրնանք ուշ արթննալ, ուշ քնանալ, մարզանք ընել, խաղալ, ֆիլմ դիտել. ժամանակը կարեւորութիւն չունի։ Բնաւ մտահոգ չեմ պրըվէի մեր քննութեամբ։ Աւելի լաւ եմ տունը “բանտարկուած”, քան թէ դուրսը։ Ժամանակ ունեցայ մեծ հայրիկիս եւ մեծ մայրիկիս հետ զբաղելու։  

Այս “բանտարկութիւն”ը զիս շատ ուրախացուց, բայց կարօտցայ  ընկերներս, եւ մայրս։ Մաք Տոնալտն ալ։

Այս խնդիրները մէկ կողմ դրած՝ տան մէջ շատ լաւ ժամանակ կ’անցընեմ։


[1] Ծրագիրը՝ Դպրոցասէր վարժարանի եւ Մարսիլիոյ Համազգային դպրոցի աշակերտներուն համատեղ ճամբորդութիւնն էր դէպի Հայաստան։

28 Ապրիլ 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

  1. Յայտնի է, որ 9-րդ դասարանի աշակերտները իրենց ճամբորդութենէն զրկուած՝ սակայն
    առողջ միտքով կը համբերեն, իրենց ժամանակը լաւ կերպով կ՛օգտագործեն եւ հակառակ
    որ Ծիծէռնակաբերդէն զրկուած են, ծիծեռնակներու բոյնը կը ճոխացնեն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան