ԳԱՐԻՆ ԵԻԿԻԹԳԻՒՐԴ, ԼԵՒՈՆ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ. ՙԱՌԿԱՅԾ ՃՐԱԳ՚
ԲԵՄԱԿԱՆ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
Մութ գիշեր է։
Այնքան սպասուած օրը հասած է։ Կռիւը վերջացաւ, ընտանիքները անհամբեր կը սպասեն, որ հերոս ֆետայիները տուն դառնան։
Ընտանիքներէն մէկը պատրաստութիւններ տեսած է։ Մայրը խնճոյք կը կազմակերպէ տօնելու համար իր տղուն վերադարձը։
Հարսը սեղանը կը պատրաստէ եւ տունը կը մաքրէ, գետինը, պատուհանները, ամէն ինչ։ Ան կը կատարէ իր սկեսրոջ ըսածները. ՙՀա՛րս, եղ լեցուր ճրագին՚։
Յետոյ միասին կը նստին բազմոցին վրայ, կ’աղօթեն, մայրը կը սփոփէ հարսիկը։
Յանկարծ, կը լսեն սայլի ձայն, կը վազեն դէպի պատուհան եւ կը տեսնեն սայլին մօտենալը։
Մօր հրամանին անսալով հարսը, որ եղ լեցուցած էր ճրագին, հիմա կը վառէ զայն։ Կիսուրը՝ ՙԲեր ճրագը շեմին՚ ըսելով միասին դուրս կ’ելլեն, դիմաւորելու հերոս տղան։
Մա՛յրն է, որ կը նկատէ։ Զաւակը զարնուած է սրտէն։ ՙԱ՛խ, հարս ճրագդ մարէ՚ կը լսուի մէկէն։
Ամբողջ գիշեր մայր ու հարսիկ կու լան։ Մայրը կը փորձէ հանգստացնել հարսիկը։ Մինչեւ կռիւին վերջանալը անոնք վախով ապրած էին, ճրագնին՝ առկայծ։ Յետոյ՝ յոյսով լեցուած պատրաստութիւններ տեսած էին։ Սայլին մօտենալու ձայնը յոյսը բազմապատկած էր իրենց մէջ, բայց սիրելիին անկենդան մարմինը տեսնելէն ետք անոնց երկուքին ալ ճրագը մարած էր վերջնականապէս։
Ամբողջ գիւղը կը հաւաքուի իրենց շուրջ։ Ի՞նչ օգուտ։ Առկայծ ճրագը մարած է ընդմիշտ։
10 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019