ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԲՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

ՍԵՐԵՆԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ, ՍՈՆԻԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ , ՄԱՍԻՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ  
Դպրոցասէր Վարժարան, 8-րդ դասարան

ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
 ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԸ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԻՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՎՐԱՅ

Երկրի մը բնութիւնը,  եղանակը  կ’ազդեն ժողովուրդի ապրելակերպին, հետեւաբար անոր ստեղծագործութեան վրայ։ Օրինակի համար, անապատներու եղանակը շատ տաք ըլլալուն համար հոն կ’ապրին օձեր։ Անապատներու մարդիկ երաժշտութեան յատուկ տեսակ մը ունին, շուի  նուագելով օձ կը պարեցնեն։   

Ափրիկէի զօրաւոր արեւը մարդոց մորթին գոց գոյն տուած է, այդ տաք եղանակին մարդիկ չեն ապրած իրենց տուներուն մէջ փակուած, ապրած են բացօթեայ, եւ հնարած են իրենց կեանքի ձեւին համեմատ ալ՝ խմբային պարարուեստ։ 

Ցուրտ եղանակ ունեցող երկիրները, ինչպէս Ռուսաստան, ուր լիճերը կը սառին ձմեռը, մարդիկ օգուտ քաղելով  իրենց բնութեան այս տուեալէն, սառած ջուրին վրայ  մարզանքի եւ պարի տեսակներ ստեղծած են։

Լեռնային երկիրներու ժողովուրդները ազդուած են իրենց լեռներէն, բնութեան  կանաչ գոյնէն, անոնք ձեռք բերած են աւելի հանդարտ եւ խիստ բնաւորութիւն։ Լսելով թռչուններուն գեղգեղանքը, անոր նմանողութեամբ հնարած են երաժշտութիւն եւ նուագարաններ, ինչպէս սրինգ եւ տուտուկ։

Իսկ ծովային երկիրներու ժողովուրդները կ’ունենան աւելի ուրախ եւ լաւատես բնաւորութիւն։

27 Փետրուար 2020


ՔԵՒԻՆ ՔԱՐԱ, ԷՏՈՒԱՐՏ ՄԻՆԱՍԵԱՆ, ԽԱՉԻԿ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան 

ԲՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ

Բնութիւնը մեծապէս կ’ազդէ մարդու բնաւորութեան վրայ։

Արեւոտ երկիրներու մէջ մարդիկ աւելի ուրախ կ’ըլլան, արեւը կ’արտադրէ ուրախութեան հորմոնը։ Ծովափնեայ երկիրներու մէջ մարդիկ իրարու հետ լաւ կը վերաբերին։ Հայաստան լեռնային երկիր ըլլալով, ժողովուրդը ուժեղ, դիմացկուն, տոկուն եւ հնարամիտ է։

Բնութիւնը կ’ազդէ նաեւ մարդու մշակոյթին եւ ստեղծագործական միտքին վրայ։ Օրինակ, ծովափնեայ երկիրներու մէջ, շատ նկարիչներ ծովանկարներ կը ստեղծեն, իսկ դաշտերով, անտառներով, լեռներով հարուստ երկիրներու մէջ նկարիչները աւելի ջրանկարներ կ’արտադրեն։

Բնութիւնը կ’ազդէ նաեւ երգի եւ երաժշտութեան ստեղծման վրայ։ Հայկական շատ երգեր գրուած են դաշտերուն մէջ աշխատող մշակներուն մասին։ Ծիրանիի փայտով անփոխարինելի տուտուկներ կը շինեն։ Պարն ալ կ’արտայայտէ իր ժողովուրդին բնաւորութիւնը։

Հայաստանը քարերով հարուստ երկիր ըլլալով, զարգացուցած է խաչքարի եւ քանդակագործութեան արուեստը։   Լեռնային երկիրներու մէջ մարդոց հագուելու ձեւն ալ տարբեր է, խօսելու ձեւն ալ. գրեթէ կը պոռան, քանի որ տուները հեռու են իրարմէ, եւ քանի կը զբաղին անասնապահութեամբ կամ հողագործութեամբ, իրարու հետ հաղորդակցելու համար ստիպուած են ձայներնին բարձրացնելու։

27 Փետրուար 2020


ԿԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ, ՄԿՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ, ԴԱՆԻԷԼ ՖԱՐՀԱՏԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
 ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԸ ՆԿԱՐԱԳԻՐԻՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՎՐԱՅ

Երկրի մը բնութիւնը շատ կ’ազդէ հոն ապրող ժողովուրդի նկարագիրին եւ արուեստին վրայ։

Ցուրտ երկիրներու մէջ մարդիկ աւելի պաղ ու անտրամադիր են, օրինակ՝ Շուետիան, Նորվեժիան, Ռուսաստանը։ Այս երկիրներուն արուեստներն ալ կը համապատասխանեն իրենց բնութեան տուեալներուն. Ռուսաստանը յառաջացած է գեղասահքի մէջ, որովհետեւ ցուրտին պատճառով ջուրերը կը սառին եւ այդպիսով մարդիկ կը վարժուին եւ կը մարզուին այդ արուեստին մէջ։  Ֆրանսան եւ Զուիցերիան ուժեղ են դահուկի մէջ, որովհետեւ շատ լեռներ ունին եւ կրնան փորձեր ընել։  Գանատան եւ Չեխոսլովաքիան ուժեղ են սառոյցի վրայ հոքէ մարզախաղին մէջ։

Ծովեզերեայ տաք երկիրներու մարդիկ ընդհանրապէս աւելի ջերմ են ծովու շնորհիւ։  Օրինակ, Յունաստանի մէջ մարդիկ ուրախ եւ ժպտերես են, կը սիրեն երգ, երաժշտութիւն եւ բանաստեղծութիւն։  Ձկնորսութիւնը ամենէն տարածուած արհեստներէն մէկն է։ Ծովը ուրիշ երկիրներու հետ վաճառականական յարաբերութիւններու յարմարութիւն կը ստեղծէ. օտարներու հետ յարաբերութիւնը բնական երեւոյթ է, այս պատճառով, մարդիկ բացսիրտ են օտարներու հետ։  

Անապատներու մարդիկ դժուար պայմաններու մէջ կ’ապրին, չորս կողմ՝ աւազ, արեւը՝ կիզիչ, հետեւաբար ժողովուրդը՝ պայքարող։ Զարգացած գրականութիւն եւ փիլիսոփայութիւն ունին։

Լեռնային երկիրներու մէջ, ինչպէս Հայաստանը, մարդիկ յամառ եւ կարծր բնաւորութիւն կ’ունենան, անշարժ՝ իրենց լեռներուն նման։ Լեռներ մագլցելու մէջ վարպետ են։ Անասնապահութիւնը կարեւոր արհեստ մըն է։ Հայաստանի հովիւներուն ստեղծած երաժշտական նուագարանն է տուտուկը։  Խաչքարը նմանապէս, քարքարոտ բնութեան  ներշնչած արուեստն է։   

Անտառին մէջ, ամենաուժեղը կը յաղթէ եւ կ’ուտէ պարտուողին։ Պարապի չէ ըսուած՝ անտառի օրէնք։ Անտառային բնութեան մէջ ապրող մարդիկ կ’ըլլան զգոյշ եւ պատրաստ՝ ինքնապաշտպանութեան։  Փայտի վրայ կը ստեղծագործեն, կը քանդակեն, կը փորագրեն, նուագարաններ եւ գեղեցիկ առարկաներ կը շինեն։

27 Փետրուար 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան