ԿԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄՍ
Երբ մեկուսացայ, կեանքս ամբողջովին փոխուեցաւ, մեր տան մթնոլորտը՝ նոյնպէս։
Մեկուսացումէն առաջ առտուները կ’արթննայի ժամը 7։30-ին, կը պատրաստուէի, կը նախաճաշէի եւ կ’երթայի դպրոց լաւ ժամանակ անցընելու։
Հիմա՞. արդէն մօտաւորապէս քսան օր անցած է։ Կ’արթննամ ժամը 11։00-ին եւ ամբողջ օրը կը ձանձրանամ։ Յուսամ ձեր մեկուսացումը իմինէս լաւ կ’անցնի։ Ես դաս կը սորվիմ, բայց ժամանակիս մեծ մասը կ’անցնի ֆիլմեր դիտելով։ Հիմա այլեւս Ֆիլմի դերասանները երբ իրարու դպնան կը վախնամ։ Ընկերային ցանցերու վրայ կ’երթամ, կը խօսիմ, կը զուարճանամ միւսներուն հետ։
Մեկուսացմանս ընթացքին, ընկերային ցանցերու միջոցով կարդացի եւ լսեցի հետաքրքրական զուարճապատումներ։ Այդ կատակները տրամադրութիւնս կը փոխեն։ Հարիւր անգամ նայիս, հարիւր անգամ կը խնդաս։
Ահա մի քանին.
Ա. Յղի կինը բազմած է անկողինին վրայ, երբ վազելով սենեակ մտնել կ’ուզէ իր երեք տարեկան տղան, լայն ժպիտը դէմքին։ Մայրը յանկարծ կը փռնգտայ, տղան կայծակի արագութեամբ սենեակէն դուրս կ’ելլէ ՙուաու՚ մռմռալով։
Բ. Այսօր հարստութեան նշանը բրինձն ու պէտքարանի թուղթն են։ Մարդիկ ատո՜նց համար կը կռուին խանութներու մէջ։
Գ. Փորձագէտները 2020 թուականի վերջին համար կը նախատեսեն ծնողներու կրթական մակարդակի բարձրացում։
4 Ապրիլ 2020
ՀՐԱՉ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
ԶՈՒԱՐՃԱՊԱՏՈՒՄ ՄԸ
Այս օրերուս բոլորս շատ ժամանակ կ’անցընենք ընկերային ցանցերու վրայ։ Եւ ես հիմա զուարճալի պատմութիւն մը պիտի պատմեմ, որ կարդացի դիմատետրի վրայ։
Բոլոր ժողովուրդները խնդրանքով մը կ’երթան Աստուծոյ քով։ Մէկը բժշկական դիմակներ կը խնդրէ, ուրիշ մը՝ դեղեր, երրորդ մը՝ բժշկական սարքեր։ Աստուած ուշադրութեամբ կը նայի, բան մը կը փնտռէ եւ կը հարցնէ. ՙՀայերէն մարդ չկա՞յ հոս. ինչո՞ւ չեն եկած՚։
Կը պատասխանեն.ՙ Էհ, հայերուն համար ի՞նչ կայ։ Կ’ուտեն, կը խմեն, հիւանդանոցին մէջ կ’երգեն եւ կը պարեն՚։
Աստուած քահ քահ կը խնդայ եւ կ’ըսէ. ՙՎայ, ես անոնց ի՞նչ ըսեմ, անոնք նորէն յոյսերնին վրաս դրեր են՚։
Եւ իսկապէս ալ, հայը Աստուծոյ կը հաւատայ եւ բոլոր դժուարութիւնները Անոր օգնութեամբ կը յաղթահարէ։
Առողջ եղէք։
4 Ապրիլ 2020
ՔԵՒԻՆ ՔԱՐԱ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄ
Արդէն երկու շաբաթէն աւելի կ’ըլլայ, որ Ֆրանսան եւ ուրիշ երկիրներ մեկուսացումի մէջ են։ Ամէն օր, երեկոյեան, մարդիկ իրենց տան պատշգամը կ’ելլեն ու կը ծափահարեն այն բոլոր բժիշկներուն, որոնք կը բուժեն քորոնավարակով հիւանդները։
Սկիզբը խուճապ եղաւ խանութներուն մէջ յատկապէս օճառի եւ պէտքարանի թուղթի համար։ Այս վարակը մարդոց սորվեցուց ձեռք լուալ, քանի որ կարծես այս վարակէն առաջ ձեռքերնին բնաւ չէին լուար եւ պէտքարանի համար թուղթ չէին գործածեր։
Այս դժուար օրերուն, մարդիկ շատ կատակներ կը ստեղծեն։ Կատակի զգացումը չեն կորսնցուցած։ Բարեբախտաբար կայ համացանցը։ Ընկերային ցանցերու շնորհիւ մարդիկ կապի մէջ կը մնան եւ կատակներ կը փոխանակեն։ Այսպիսով՝ իրարու կ’օգնեն դիմակայելու համար դժուար օրերը։
Ահա երկու կատակ.
Առցանց հարսանիք է.
-Որդեակս, տէ՞ր ես։
-Այո։
-Սեղմէ enter կոճակին։
Ուրիշ մը.
Այսօր քորոնավարակը հեռաձայնեց, ըսաւ որ ամէն ինչ սուտ է, ով ինչէն մեռնի, իր վրայ կը նետեն։
4 Ապրիլ 2020
ՍԵՐԵՆԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄ ԵՒ ԶԱՏԻԿ
Մեր այս մեկուսացած կեանքէն լաւ արդիւնքներով կրնանք դուրս գալ, եթէ լաւատեսութեամբ մօտենանք վիճակին։ Օրինակ, փորձենք աւելի ժամանակ անցընել մեր ընտանիքի անդամներուն հետ ընտանեկան տաքուկ մթնոլորտի մէջ միասնաբար խաղալով, անուշեղէն պատրաստելով, հետաքրքրական յայտագիրներ դիտելով, կատակելով, խնդալով։ Այսպիսով՝ աւելի լաւ կը ճանչնանք զիրար։ Կրնանք նաեւ կարդալ, գծել, գրել, թերեւս նոր լեզու մը կամ նուագել սորվիլ եւ ինչո՞ւ չէ՝ կուտակուած գործերը աւարտել։
Համակարգիչով դասերուս հետեւիլը ինծի համար մեծ փորձառութիւն եղաւ։ Ես շատ ուրախ եմ, որ հեռաձայնի եւ համացանցի միջոցով կրնամ կապուիլ դասընկերներուս եւ ազգականներուս հետ։
Մեկուսացումի գէշ կողմերէն մէկը սիրած անձերէդ հեռու ըլլալն է, դպրոցի հաճելի մթնոլորտէն եւ դասընկերներէն հեռու մնալը։
Դժբախտաբար, այս տարի Ծաղկազարդի եւ Սուրբ Զատկուան արարողութիւններուն պիտի չկարողանանք մասնակցիլ։
6 Ապրիլ 2020
ԴԱՆԻԷԼ ՖԱՐՀԱՏԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
ՄԵԿՈՒՍԱՑԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏԻ ԿԵԱՆՔԷՆ
Ամէն օր դժուարութեամբ կ’արթննամ, որովհետեւ մինչեւ առտուան 3։00 – 4։00-ը հեռաձայնիս վրան եղած կ’ըլլամ։ Արթննալէս ետքն ալ՝ մօտ 30 վայրկեան անկողինիս մէջ հեռաձայնիս կը նայիմ։ Մեկուսացումի սկիզբէն ի վեր դեռ չկրցայ մէկէն ելլել մահճակալէս։
Առտուն ամէն օր նոյն նախաճաշը կ’ընեմ՝ շոգոլայով հատիկ։ Յետոյ՝ դասերովս կը զբաղիմ։ Մեկուսացումի պատճառով ուսուցիչները շատ պարտականութիւն կու տան մեզի։ Ժամանակ չեմ ունենար բոլորը կատարելու։ Որոշ դասեր ամբողջ օրս կը խլեն։ Մինչեւ ժամը 14։00 կամ 15։00՝ պարտականութիւն. կը նշանակէ, որ յետոյ պիտի ճաշենք։ Սովորականէն աւելի ճոխ ճաշեր կ’ըլլան, ատեններ խորոված կ’ընենք պարտէզը։ Ապա՝ դասերս կը շարունակեմ մինչեւ մօտաւորապէս 19։30, երբ մայրս նախընթրիքի կը կանչէ։ Ժամը 20։00-ին պատուհանէս կը ծափահարեմ, յետոյ նորէն դաս, մինչեւ 22։30 կամ 23։00՝ ընթրիքի համար մօրս կանչը։ Ընթրիքը սովորաբար սանտուիչ կ’ըլլայ։ Կը փորձեմ դասս աւարտել մինչեւ կէս գիշեր։ Կը դառնամ հեռաձայնիս։ Օրս կը վերջանայ եւ ես արդէն մէկ քիլօ աւելի կը կշռեմ։ Մինչեւ մեկուսացումին վերջը թերեւս 100 քիլոյի հասնիմ 13 տարեկանիս։
3 Ապրիլ 2020
ՆՈՅԵՄԻ ՊԱՍ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
ԸՆՏԱՆԻՔԻՍ ՀԵՏ
Ամէն օր կ’արթննամ ժամը 10։00ին։ Զարմուհիս՝ Թալինը եւ փոքրիկը՝ Իսահակը մեզի հետ են, այնպէս որ աւելի ուրախ ենք եւ աւելի կը խաղանք։ Ժամանակիս մեծ մասը դասերուս կը տրամադրեմ եւ վարժութիւններս կը կատարեմ։ Ընկերներուս հետ շատ կը խօսիմ, ամբողջ օրը։ Ամբողջ դասարանով ուաթս’ափի միջոցով կը խօսինք։ Իսահակը ֆրանսերէնի եւ հայերէնի այբուբենը կը սորվի եւ խնդալիք է, քանի որ շատ լաւ չի հնչեր։ Իրիկուան ժամին, ճաշէն ետք, ընտանեօք կը խաղանք, կը խնդանք, կը պոռանք։
Խնդալիք բան մը պատահեցաւ անցեալ օր։ Գիշեր մը քոյրս՝ Լուսինը, Թալինը, Իսահակը եւ ես դուրս ելանք քալելու։ Աքիս (furet) մը մեզ հետապնդեց։ Թալինը եւ Լուսինը վախէն պոռացին, մինչ ես եւ Իսահակը խնդացինք։
6 Ապրիլ 2020
ԱՌՆՕ ԿՕԶՕԿԼՈՒ
Դպրոցսաէր վարժարան, 7-րդ դասարան
ԾԻԾԱՂԵԼԻ ԴԷՊՔ ՄԸ
Գահավարակէն պաշտպանուելու համար մենք ընտանիքով տունը կը մնանք։
Ունինք պզտիկ հողակտոր մը, որ ամէն գարնան սկիզբը պէտք է փորել եւ հողը թարմացնել։ Այս քանի մը օրերուն մէջ հայրս ձանձրոյթէն երեք անգամ հողը փորեց։ Երկրորդ փորելէն ետք, մայրս՝ մտածելով որ գործը վերջացած է, սերմեր ցաներ է։ Հայրս՝ անտեղեակ ասկէ, երրորդ անգամ նորէն հողը փորեց եւ բոլոր սերմերը խառնուեցան իրարու։
Սկիզբը մայրս բարկացաւ, բայց յետոյ միասին խնդացինք։
Հիմա, կը սպասենք ամառը։ Տեսնենք ի՞նչ բերք պիտի ունենանք։
8 Ապրիլ 2020
ՄԿՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
ԿԱՏԱԿՆԵՐ
Ա. Եթէ դպրոցները դեռ երկար փակ մնան, ծնողները գիտնականներէն աւելի շուտ լուծում պիտի գտնեն վարակին։
Բ. Հիմա կը նայիմ- կը մտածեմ, թէ ո՞ր սենեակիս մէջ արդեօք արձակուրդս անցընեմ. խոհանոցի՞ն, ճաշասենեակի՞ն, թէ՞ ննջասենեակին։
Գ. Մեկուսացման աւարտի կարելիութիւն.
Դ. Ես չեմ գիտեր եթէ մեկուսացումէն դուրս պիտի ելլենք մեծցած, բայց գիրցած՝ անպայման։
9 Ապրիլ 2020
ՄԵԼԱՆԻ ՍԱՀԱԹ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
ՁԱՆՁՐԱԼԻ ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄ
Մեկուսացումը ժամանակ մըն է, երբ պէտք է տուն մնանք պաշտպանելու մեր ընտանիքը, ազգականները, նաեւ աշխարհը։ Այսօր ձեզի պիտի բացատրեմ, թէ ինչպէ՞ս կ’անցնին մեկուսացումի իմ շաբաթներս։ Թերեւս մէկ տարի ետք ըսեմ՝ ամիսներս, բայց այս պահուն օրեր եւ շաբաթներ են։
Կարդալով պիտի տեսնէք, որ իմ մեկուսացումի օրերս ամենալաւերը չեն եւ բոլորը իրարու կը նմանին։
Մեկուսացումի առաջին շաբթուան ընթացքին աշխատեցայ եւ խօսեցայ ազգականներուս հետ անոնցմէ տեղեկութիւն առնելու համար։ Կրնանք ըսել, որ մեկուսացումը արձակուրդի կը նմանի, բայց լաւ արձակուրդ չէ, ձանձրալի եւ գէշ արձակուրդ մըն է։
Երկրորդ շաբթուան ընթացքին, ամէն առտու կ’արթննայի եւ կը նայէի պատուհանէն դուրս ինքզինքիս ըսելով.
-Մենք կեանքի՞ մէջ ենք, թէ՞ երեւակայութեան։ Արդեօ՞ք օր մը պիտի կարենանք դուրս ելլել։
Հիմա արդէն անցած են երկու շաբաթ եւ վեց օր։ Ապրիլ 3-ին դպրոցական արձակուրդի սկսանք, բայց արձակուրդի մէջ էինք արդէն։
Ահաւասիկ իմ մեկուսացումի ձանձրալի օրերս, երբեմն նաեւ ուրախալի, կրնամ ըսել։
Տուն մնացէք եւ դուք ձեզի հոգ տարէք, լաւ մեկուսացում անցուցէք։
11 Ապրիլ 2020
ԱԼԻՆԱ ԵՐԻՑԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան
ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄ
Մարտ ամսուան տասնվեցէն ի վեր մեկուսացման մէջ ենք համաճարակի տարածումը կանխելու համար։ Այս օրերուն, կը զգուշանանք ամէն տեսակի հպումներէ։ Հակառակ մեր ջանքերուն, բոլոր օրերը իրարու կը նմանին. առաւօտուն՝ նախաճաշ, այնուհետեւ դաս, ապա ճաշ, հանգիստ, նորէն դաս, յետոյ խաղ, պարտէզի մէջ ընթրիք եւ քնանալ։
Այս միօրինակութեան քիչ մը փոփոխութիւն բերելու համար ժամանցային խաղեր կը խաղանք ընտանիքիս հետ, կամ ֆիլմ կը դիտենք միասին։
Մեկուսացման ընթացքին զուարճալի բան մը պատահեցաւ ինծի։ Առաջին Երկուշաբթին էր, արթնցայ, հագուեցայ, աճապարեցի ծնողքս արթնցնել, որպէսզի դպրոցէն չուշանամ։ Յետոյ շատ խնդացինք։
Դասերը հեռակայ կ’ընենք եւ մայրիկս ուսուցչուհիի պէս բոլոր դասանիւթերուս կը հետեւի, բացի մարմնամարզանքէն, որուն ուսուցիչը հայրս է։ Երբեմն պատահաբար մայրիկիս ՙօրիորդ՚ կ’ըսեմ։ Աս ալ շատ զուարճալի է։
Այս օրերուն դրական կողմը այն է, որ ծնողներս, եղբայրս եւ ես միասին եւ առողջ ենք։
17 Ապրիլ 2020