13 Ապրիլ 2025-ին Ծիծեռնակի երիտասարդները հաւաքուեցան մեզ բոլորս յուզող, հարցապնդող, հետաքրքրող նիւթի մը շուրջ, որ է խօսակցական արեւմտահայերէնին բնորոշ կոր մասնիկը։
Այս շինիչ եւ օգտակար նիւթը մատչելի ոճով ներկայացուց խմբակի անդամներէն Հրայր Եսայեան, որ յաջողեցաւ մեր բոլոր հարցումներուն պատասխանել եւ որուն կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը։ Հաճելի եւ ընկերային մթնոլորտի մը մէջ վայելեցինք անոր երկարատեւ ուսումնասիրութեան պտուղը։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Նոյեմի Շահմիրեան, մանրակենսաբան
ԿՈՐ մասնիկը
Մեր վերջին զրոյցներէն մէկուն ժամանակ խօսեցանք արեւմտահայերէնի մէջ գործածուող մասնիկի մը մասին, որ պզտիկ է, բայց շատ իմաստալից. կոր մասնիկը։ Կորը խօսակցական արեւմտահայերէնի ներկայ եւ անցեալ անկատար ժամանակներու բայերուն կ’աւելնայ։
Հրայրը ներկայացուց լեզուական շատ յստակ եւ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը, որուն մասին տպաւորութիւնս պիտի փորձեմ հոս ամփոփել։
Այս ներկայացումին ընթացքին յիշեցինք որ արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը ունին ժամանակային տարբերութիւններ։ Արեւմտահայերէնի մէջ կան պակաս ժամանակներ, ինչ որ ձեւով մը կը պարտադրէ օգտուիլ կոր մասնիկէն։ Կորը շարունակական կամ անմիջական ներկայի իմաստ կ’արտայայտէ:
Անձամբ, ես միշտ օգտագործած եմ կոր մասնիկը եւ ճիշդ է որ զգացած եմ, որ այն շատերուս համար ընդունելի բառ մը չէ։ Հարցումներ կ’առաջանան. արդեօք այն հայերէ՞ն է, ինչո՞ւ ընդունուած չէ գրական հայերէնին մէջ, ինչպէ՞ս կը գործածուի եւ ի՞նչ դեր ունի լեզուին մէջ։
Այս հարցումներուն պատասխան փնտռելը ոչ-մասնագէտներուն համար բաւական դժուար գործ մըն է։ Չէ՞ որ հայերէնի համար դժուար է գտնել արխիւները, քիչ ուսումնասիրութիւններ կան…։
Ինծի համար ամենէն հետաքրքրականը այն է, որ կոր մասնիկը շատ մեծ տեղ ունի խօսակցական արեւմտահայերէնին մէջ, այնպէս որ ամէն արեւմտահայ անպայման կը գործածէ այդ բառը նոյնիսկ առանց գիտնալու լեզուական օրէնքը։
Տարիներով եւ մինչեւ հիմա կոր մասնիկը սահմանափակուած է միայն խօսակցական հայերէնի մէջ։ Գրաւոր արեւմտահայերէնի մէջ զայն կը գտնենք միայն հին աշխարհաբար դեռ անմշակ գրութիւններուն մէջ։
Գիրքերու եւ մամուլի միջոցով կոր մասնիկի մասին կարգ մը բանասէրներու կարծիքներուն հիման վրայ ժողովուրդին մէջ տպաւորուած է այն միտքը, որ թրքերէնի եoր մասնիկէն կու գայ կորը:
Բայց եւ այնպէս, բոլոր լեզուաբանները համաձայն չեն, ոմանք ալ առաջարկած են այլընտրանքներ։
Հայր Արսէն Այտընեան (1825-1902) եւ Յովհաննէս Գազանճեան (1870-1915) կը պնդեն, որ կորը թրքերէն է։ 1909-ին Յովհաննէս Գազանճեան կ’առաջարկէ ահա գործածել կորի փոխարէն, եւ կամ, լեզուի սահունութեան համար, ահա ի փոխարէն ա ըսել։
Սակայն բանասէր Արարատ Ղարիբեան (1899-1977) համաձայն չէ Այտընեանի պնդումին, ան կը հաստատէ կորի հայերէն ըլլալը։
Պատմաբանասէր Հայր Գաբրիել Այվազեան ալ (1812-1879) կը յանձնարարէ կորը փոխարինել ահա (ահաւասիկ) բառով։
Գրող Լեւոն Շանթ (1869-1951), վերացնելու համար ժամանակի շփոթութիւնը, շարունակական ներկայ ժամանակի կազմութեան համար կ’առաջարկէ ապառնի դերբայ + «վրայ» կառոյցը. (օրինակ՝ խօսելու վրայ եմ)։
Պատմական Հայաստանի տարբեր բարբառներ կորին հոմանիշ մասնիկներ ունին։ Տանք կարգ մը օրինակներ. Շապին Գարահիսար՝ տար, Ամասիա եւ Մարզուան՝ կա, Արաբկիր ը կամ ն, Սեբաստիա՝ կ կամ կոր, Մալաթիա եւ Ուրֆա՝ ա (ահա-ի կրճատ ձեւն է)։
Բարբառագէտ լեզուաբան բառարանագէտ Հրաչեայ Աճառեան (1876-1953) տե΄ղ մը կ’ըսէ, որ կորը հայերէնի մէջ կազմուած է տաճկերէնի ազդեցութեամբ եւ ո΄չ փոխառութեամբ, այլ տեղ մըն ալ՝ կ’ըսէ որ մաքուր հայերէն է։ Վերջիվերջոյ կը հաստատէ, որ թրքերէն չէ, այլ հայերէն է, կ եւ որ մասնիկներու գումարումով կոր եղած է։
1911-ին, բանասէր Խաչատուր Լեւոնեան Վանի մէջ լոյս տեսնող Վան Տոսպ հանդէսին մէջ հակայօդուած մը ստորագրած է կորին թրքերէն ըլլալը պնդող փրոֆ. Կիւլեանի մը դէմ։
Մինչ ֆրանսահայ գրող Շաւարշ Նարդունի (1898-1968) յօդուածաշարով մը կը պաշտպանէ կորի հայերէն ըլլալը, լեզուաբան եւ մանկավարժ Պետրոս Պետիրեան արեւմտահայերէնի մէջ կորի գործածութիւնը կատարեալ հիւանդութիւն կը նկատէ։
Բարեբախտաբար մինչեւ օրս կը շարունակուի կորի արմատին ուսումնասիրութիւնը։ 19-րդ դարու արեւմտահայ քերականները մերժած են կորը, զայն թրքերէն սեպելով, 20-րդ դարուն ոմանք փաստած են, որ թրքերէն չէ։
Կոր մասնիկը խօսակցական արեւմտահայերէնի մէջ բնական եւ խոր արմատ նետած մասնիկ մըն է։ Թէեւ երկար ժամանակ գրական լեզուն մերժած է զայն եւ ոմանք սխալմամբ թրքական ծագում վերագրած են անոր, լեզուաբանական ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, որ ան ամբողջովին հայերէն կառուցուածք մըն է՝ կ եւ որ միացումով։ Ան կը լրացնէ արեւմտահայերէնի ժամանակային համակարգին մէջ եղած բացերը եւ կը փոխանցէ շարունակականութեան նրբութիւն մը, որ առանց անոր դժուար կը դառնայ արտայայտել։ Այսպիսով, կորը ոչ միայն «թոյլատրելի» է, այլեւ կենդանի, անհրաժեշտ եւ ինքնատիպ մասնիկ մը՝ մեր լեզուին մէջ։
3 Responses
Շատ կարեւոր ուսումնասիրութիւն մը, թէեւ հակիրճ, որ լոյս կը սփռէ շարունակականութեան իմաստ տուող այս մասնիկին վրայ:
Շնորհակալութիւն «Ծիծեռնակ»ի մասնակիցներուն եւ այս ուսումնասիրութիւնը պատրաստողին:
Կարելի է աւելցնել նաեւ, որ Գիւմրիի բարբառը, որ շատ մօտ է արեւմտահայերէնին, շարունակականութեան իմաստ տալու համար «կը»ն ետեւ կը տանի. անձնապէս այս լուծումը շատ յարմար գտեր եմ. օրինակ՝ գրեմ կը, աշխատիմ կը եւ այլն:
Ապրիք, շատ հետաքրքրական է։
Շնորհակալութիւն` Նոյեմի եւ Ծիծեռնակ։ Այո’, “կոր”ը, խորթ կը թուայ խօսակցութեան մէջ. “Կը” ն ալ, քիչ մը գեղքչական համ ունի։ Նախընտրելի է` “կոր”ը , չխուսաբիլ գործածելէ։ Հետզհետէ` աւելի դիւրամարսելի կը դառնայ։