ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ընկերային վերելք եւ ինքնաշխատանք. մաս Բ. եւ վերջ

Անհատական յաջողութիւն. Շայիրին Մելանը

Նկարին մասին հեղինակին լուսաբանութիւնը. 
Անձնական զարգացումը կը խորհրդանշուի գիրքերով, որոնք կեանքին առջեւ կը բանան պատուհաններ։ Անոնց միջոցով կը ստանանք իմաստութիւն ու մխիթարութիւն, խորհրդանիշը՝ աղաւնին։ Յաւերժութեան նշանը անվերջ զարգացումն է, իսկ ստորագրող ձեռքը Շայիրին մելանը։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Շայիրին Մելանը. մասնագիտութիւն` Միջազգային յարաբերութիւն եւ պատմութիւն

Ընկերային յաջողութիւն

Ընկերային յաջողութիւնը կրնայ տարբեր նշանակութիւններ ունենալ ըստ ժամանակի, երկրի, անձի եւ ըստ ընկերային, անհատական, մասնագիտական համածիրի։

Շատ երիտասարդներու համար ընկերային յաջողութիւնը կ’անցնի ընկերային ցանցերէն, մանաւանդ ինստակրամէ´ն (instagram)։ Ընդհանրապէս, ընկերային յաջողութիւն ըսելով ա´յս յաջողութիւնն է, որ ցոյց կը տրուի։ Ոմանց համար ընկերային յաջողութիւնը անձնասիրական նպատակ դարձած է, ուր «ցոյց»ը կամ «ցուցադրութիւն»ը միջոց մըն է ուրիշներու վրայ իրենց գերազանցութիւնը փաստելու։ Այս ցոյցի պէտքի աղբիւրը, իրականութեան մէջ, ուշադրութիւն գրաւելու փափաքն է։ Այս փափաքն է, որ զանոնք կը սնուցանէ։

Յաջողութիւնը ամէն մէկուս համար նշանակութիւն մը ունի։ Բայց եթէ նկատի առնենք ընկերային եզրը, պէտք է հաւաքուինք մեծամասնութեան ընդունած նշանակութեան շուրջ, թէ ոչ՝ մաս չենք կազմեր ընդհանուրին։ Այս է որ իմաստ կու տայ ընկերային հասարակութեան․ հաստատել եւ բաժնեկցիլ նոյն արժէքները եւ այդ ձեւով ընկերակցիլ ընդհանուրին։

Քանի որ մարդը ընկերային էակ է, ընկերային յաջողութիւնն ալ պէտք մըն է։ Ընկերային յաջողութիւնը կը ստեղծէ մրցակցութիւն, նախանձ կամ հակառակը՝  գնահատանք, հիացում։ Երբ մէկը իր կեանքը միւսներուն կը համեմատէ, այդ փնտռտուքին մէջ ինքզինքը կը կորսնցնէ։ Ներկայ աշխարհին մէջ, ինստակրամը եւ ընկերային ցանցերը կը քաջալերեն մարդոց համեմատութիւնը եւ անոր առնչուած հիասթափութիւնը։ Այն ատեն կրնանք ըսել՝ ձեւով մը, որ ընկերութեան մէջ անձին ձեռք բերած արժեւորումը իր անհատական արժէքին կ’ազդէ։ Սակայն, շատ ափսոս է ամբողջ յոյսը, երջանկութիւնը եւ մանաւանդ արժէքը փնտռել եւ գտնել ընկերային միջավայրին մէջ։

Այս պատճառներով կարեւոր է շեշտել եւ յիշեցնել համացանցային  գործիքներու վտանգները մասնաւորապէս երիտասարդներու եւ պատանիներու համար, երբ անձնաւորութիւնը դեռ կառուցման ընթացքի մէջ է։  Նշենք նաեւ, որ հեռաձայններու գերգործածումի վտանգներուն նուիրուած կան բազմաթիւ գիտական աշխատանքներ:

Ընկերային յաջողութիւնը պէտք է մղումի ու ոգեշնչման միջոց մը ըլլայ ինքզինք զարգացնելու ու իր կեանքէն գոհ ըլլալու համար։ Եթէ յաջողութիւնը նկատի առնենք անհատական գետնի վրայ, իմ կարծիքովս աւելի խաղաղ կ’ապրինք, որովհետեւ ապահով կ’ըլլանք ընկերային ճնշումէն։

Հապա ի՞նչ ըսենք անյաջողութեան մասին։ Շատ յաճախ կը կեդրոնանանք յաջողութեան վրայ, բայց կը մոռնանք որ անյաջողութիւնը մաս կը կազմէ յաջողութեան, եթէ լաւապէս կը գիտակցինք ատոր։ Ընկերային միջավայրի մէջ ընդունուելու կամ յարգուելու համար ընդհանրապէս յաջողութիւնը արժէքաւոր  է։ Այս պատճառով աւելի դիւրութեամբ կ’ուղղուինք դէպի այն բաները, որոնք  հաւաքական լուռ հասկացողութեան մէջ ընդունուած են իբր ընկերային յաջողութիւն։ Որքան ալ յայտարարենք որ դրամը երջանիկ չի դարձներ, պէտք է ընդունիլ, որ դրամը իր կարեւորութիւնը ունի։

Կարելի՞ է «ընկերային յաջող» մէկը անյաջող սեպել։ Այո, որովհետեւ մարդիկ շատ դիւրութեանբ կրնան ստել իրենց ընկերային յաջողութիւնը, մանաւանդ ընկերային ցանցերու վրայ։ Իմ կարծիքովս ընկերային յաջողութիւնը երբեմն կեղծ ձեւ մը ունի, առաւել եւս այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր տնտեսութիւնը դժուար ժամանակէ կ’անցնի։ Ամէն մէկս կ’ուզենք յաջողիլ, յաջողած ըլլալ։ Բայց եթէ աւելի բնական ընդունուի անյաջողութիւնը, ընկերային յարաբերութիւնները աւելի խաղաղ, աւելի մարդկային կ’ըլլան։ Յաջողութիւնը երբեք կատարեալ չըլլար, միշտ կրնանք մեր վրայ աշխատիլ ու զարգանալ, միայն թէ յոյսով եւ խաղաղութեամբ լեցուած ըլլանք թէ´ ուրիշներու, թէ´ մենք մեզի հանդէպ։

15 Նոյեմբեր 2025

Facebook
Twitter
LinkedIn

6 Responses

  1. “Բայց եթէ աւելի բնական ընդունուի անյաջողութիւնը, ընկերային յարաբերութիւնները աւելի խաղաղ, աւելի մարդկային կ’ըլլան” Ինձ շատ է դուր գալիս այս արտահայտությունը, և ես շատ համաձայնեմ :

  2. Ընկերային ցանցերը` կրնան գործածուիլ ներշնչման եւ բարելաւման համար։ Օրինակ` ինսթակրամի վրայ` իրենց ստեղծագործութիւնները ցուցադրած` բոլոր արուեստագէտները։ Հիացում եւ ներշնչում բարելաւուելու, որոշ ասպարէզի մը մէջ։ Միշտ նախանձ եւ ուրիշ բացացական զգացումներ, պէտք չէ ներշնչեն։ Մէկու մը յաջողութիւնը որոշ ասպարեզի մը մէջ` ուրախութիւն կը ներնշնջէ. թէ` մէկը աշխատանքով եւ հարատեւութեամբ` կրնայ ինքզինքը գերազանցելով հասնիլ իր լաւագոյնին։

    1. Հետաքրքրական կէտի մը վրայ նշան դրիք ու շնորհակալ եմ ձեր արձագանքին համար։
      Ի հարկ է որ պէտք չէ մոռնալ պէտքական կողմը ընկերային ցանցերուն ինչպէս որ նշեցիք արուեստագիտական ասպարէզին մէջ (նաեւ զանազան ասպարէզներուն մէջ) ուր շատ օգուտ գործիք մը կրնայ ըլլալ։ Բայց հոս` ուզեցի ընդգծել վտանգները մանաւանդ պատանիներուն, երիտասարդներուն (եւ աւելի ու աւելի չափահասներուն) մօտ ։ Ընկերային ցանցերը իրական կեանքին տեղակալ չեն , չեն կրնար լրիւ փոխանորդ ըլլալ իրական յարաբերութիւններուն։ Նաեւ շեշտենք որ ձեռք չունինք մարդոց մտքին մէջ՝ ինչպիսի զգացումներ կը ներշնչէ մեր յաջողութիւնը. ըլլայ իրական կեանքին մէջ կամ ընկերային ցանցերուն մէջ։
      Ուզեցի պարզապէս ոգեշնչել ընթերցողները որ հեռախօսներէն զատուին. եւ աւելի ընդհանուր առմամբ ընկերային հաջողութեան ճնշումէն ազատին։
      Թող աշխատինք՛ մեր անհատական զարգացման եւ խաղաղութեան վրայ՝ անշուշտ նկատի առնելով մեր կեանքին ընկերային եւ անհատական եզրերուն հաւասարակշռութիւնը ։

  3. Առաջին հերթին, շատ սիրեցի Շայիրիին մելանը : Գծագրութիւնը շատ թելադրական է : Զարգանալ և զարգացնել գիրքերով: Հեռանալ հեռախօսներու չափազանց գործածութենէն, այսինքն՝ ԻՆՔՆԱԶԱՐԳԱՑՈՒՄ, ազատութիւն և հոգիի խաղաղութիւն:

  4. Շատ շնորհակալ եմ ձեր բարի արձագանքին համար ։ Գծագրութիւնը մոխիրով եւ մատիտով կատարեցի : Այսպէսով կրնանք հակադրութիւնը տեսնել մութ եւ լուսաւոր բաժիններուն ։
    Դէպի զարքացման , խաղաղութեան ճամբաները՛ պայծառ ուղղութիւններ են ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *