15 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան Ծիծեռնակի երիտասարդական խումբը մէկտեղուեցաւ, այս անգամ բանավիճելու համար արուեստի եւ դրամի առնչութեան շուրջ։ Ծիծեռնակի խումբին միացան Յառաջ Արեւմտահայերէնի աշխատանոցի երիտասարդները՝ Երեւանէն, իրենց առաջնորդ՝ Անի Բրդոյեան-Ղազարեանի ընկերակցութեամբ։ Զրոյցը վարեց Նորա Պարութճեան։ Մի քանի մասով կը ներկայացնենք նիւթին շուրջ երիտասարդներուն խոհերը։
Ծիծեռնակ
Ալինա Իգիթեան, միջազգային եւ միջմշակութային կապերու վարիչ
Արուեստը, արուեստագէտը եւ գնահատողը.
Հարստութեան դերը
Արուեստի աշխարհը տարածութիւն մըն է, ուր գեղարուեստական արտայայտութիւնը կը հանդիպի մտաւոր գնահատանքի:
Հետաքրքրական է, սակայն, հարցնել, թէ արուեստագէտին որքանո՞վ է պէտք հարուստ գնահատող։
Անհերքելի է, որ հարուստ գնահատողին նիւթական աջակցութիւնը կրնայ արժէքաւոր կարելիութիւններ տալ արուեստագէտին, ինչպէս՝ գեղարուեստական նախագիծերու եւ լայնածաւալ ցուցահանդէսներու իրագործում, կամ նոյնիսկ՝ գեղարուեստական բնակավայրի բնակիչ դառնալու միջոց։ «Բնակիչ» արուեստագէտը մասնագէտ մըն է, որ ժամանակաւորապէս կը մնայ որոշակի վայր մը, որ նուիրուած կ’ըլլայ գեղարուեստական ստեղծագործութեան: «Բնակիչ» ըլլալը արուեստագէտներուն հնարաւորութիւն կու տայ կեդրոնանալու իրենց աշխատանքին վրայ եւ յարաբերելու այլ արուեստագէտներու հետ:
Այնուամենայնիւ, արուեստի իրական գնահատումը չի հիմնուիր բացառապէս գնահատողին հարստութեան վրայ: Հարստութիւնը չի կրնար փոխարինել արուեստը, զայն խոր եւ բովանդակալից կերպով հասկնալու եւ մեկնաբանելու համար անհրաժեշտ հասկացողութիւնը, զգայնութիւնն ու լայնախոհութիւնը։
Դրամը, անշուշտ, կրնայ ընդլայնել արուեստ մուտք գործելու մեր կարողութիւնները, մասնաւորապէս՝ մեզի թոյլ կու տայ յաճախելու արուեստի պատկերասրահներ, թանգարաններ, կամ ձեռք բերելու արուեստի գործեր: Բայց եւ այնպէս, արուեստի գնահատումը կու գայ ստեղծագործութեան հետ յուզական եւ մտաւորական կապէն, անոր մշակութային եւ պատմական համածիրի ուսումնասիրութենէն եւ զայն հաղորդող ուղերձներու ընկալումէն:
Այնուամենայնիւ, կարեւոր է գիտակցիլ, որ արուեստին անհասանելիութիւնը կրնայ յանգեցնել անտարբերութեան եւ անտեղեակութեան: Նիւթապէս հեռաւոր կամ անբարենպաստ շրջաններու մէջ ապրող անհատներուն՝ արուեստը գնահատելու կարողութեան կը խոչընդոտեն նիւթական և աշխարհագրական արգելքները: Սա կ’ընդգծէ արուեստն աւելի մատչելի դարձնելու նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը կրթական ծրագիրներու, շրջիկ ցուցահանդէսներու եւ զարգացող արուեստագէտներու աջակցութեան միջոցով:
Դրամը կրնայ հեշտացնել մուտքը դէպի այս փորձը, բայց չի կրնար ստեղծել: Ի վերջոյ, արուեստը կը հասկցուի եւ կը գնահատուի մշակուած միտքերու կողմէ, որոնք հարուստ են զգայնութեամբ եւ հետաքրքրասիրութեամբ:
6 Նոյեմբեր 2023