28 Հոկտեմբեր 2023-ի թիւով Նոր Յառաջ երկօրեան իր 6-րդ էջին վրայ անդրադարձաւ Ծիծեռնակի Երիտասարդական խումբի գործունէութեան։ Մեր խմբային շնորհակալութիւնը կը յայտնենք խմբագրութեան եւ յօդուածագիր Անի Բրդոյեան-Ղազարեանին։ Ստորեւ՝ յօդուածը։
Ծիծեռնակ
«ԾԻԾԵՌՆԱԿ»Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԸ
Կան նախաձեռնութիւններ, որոնք ցանկալի են, շնորհաւորելի, քաջալերելի։ Ասոնցմէ են Նորա Պարութճեանի վարած երիտասարդական հաւաքները, որ մի քանի ամիսը անգամ մը երիտասարդներու խումբ մը կը համախմբէ ժամանակակից ընկերային նիւթ մը քննարկելու։ Որքան որ ուսուցչուհիին խանդավառութիւնը մեծ է նման նախաձեռնութեան համար, նոյնքան ալ մեծ է ու տպաւորիչ երիտասարդներունը, որոնք հաճոյքով կու գան, կը մասնակցին, ոգեւորութեամբ կը բանավիճին, իրարու կը հակաճառեն եւ վերջապէս միասին պատառ մը ուտելիք կը բաժնեն։ Այս հանդիպումները առիթ դարձած են հայերէնով արտայայտուելու եւ սերտ բարեկամութիւններ հաստատելու։
Խումբը կ՚ընդունի նաեւ հիւրեր։ Այսպէսով դարձայ հիւրը Երիտասարդական խումբին այս տարուան Ապրիլին ու Յուլիսին, մասնակցելու երկու հանդիպումներու։ Յուլիսի հանդիպումին հրաւիրուեցաւ նաեւ Երեւանի «Յառաջ» արեւմտահայերէնի կեդրոնը, որ ընթերցանութեան աշխատանոցներու երիտասարդ կարգ մը մասնակիցներ ընդգրկեց Երեւանէն եւ Աւստրալիայէն, որոնք առցանց մասնակցեցեան քննարկումին…։
«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄԻ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»
Կիրակի, Ապրիլ 16-ին, խումբը ժամադրուած էր երեկոյեան ժամը 19։00-ին։ Երիտասարդները որոշած էին Ապրիլ ամսուան՝ համայնքը յուզող եւ հանրային կեանքը շարժող, հայութիւնը միացնող ամէնէն ընդհանրական նիւթի մը անդրադարձը կատարել։ Այս առթիւ «Ցեղասպանութեան յիշատակումի պարտականութիւնը» նիւթը ընտրուած էր եւ խումբը լուրջ հարցադրումներ ունէր այս նիւթին առնչութեամբ։
Երիտասարդներէն Ալիսան ցանկացած էր կեդրոնանալ «Ցեղասպանութեան յիշատակումի պարտականութիւն» նիւթին վրայ։ Սա խումբին 28-րդ զրոյց-հանդիպումն էր եւ ինչպէս նախորդները, նախապէս նիւթին վերաբերեալ հարցումները առաքուած էին մասնակիցներուն, որոնք ուսումնասիրած եւ նախապատրաստուած էին հանդիպումէն առաջ:
Ֆրանսայի մէջ « devoir de mémoire » հասկացութիւնը, որ ֆրանսահայութեան համար, Հայ Դատի Գրասենեակի ու CCAF-ի հետապնդած գլխաւոր քաղաքական պայքարի, պահանջատիրութեան կռուանը հանդիսացած է, որքանո՞վ այս հասկացութիւնը ընկալելի, ընդունելի, համոզիչ տարազ մըն է։ Երիտասարդները ինչպէ՞ս կ՚ընկալեն այդ պայքարը։
Ֆրանսայի մէջ տարածուած է եւ ընդունուած «Ցեղասպանութեան յիշատակը» տարազը, իբրեւ վերապրողներու շառաւիղներուն կողմէ բնական պարտականութիւն իրենց նախնիներուն հանդէպ յարգանքի տուրք մատուցելու։ Թէեւ Ֆրանսահայերը եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի մէջ քաղաքական կուսակցութիւնները Ցեղասպանութիւնը կ՚ոգեկոչեն պահանջատիրութեան ոգիով։ Իսկ Հայաստանի մէջ աւելի զգալի է «յիշողութեան պարտք»ը եզրի կիրարկումը լռելեայն արտայայտութեամբ, Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթող բարձրանալով…։ Իսկ Պոլսոյ մէջ նահատակ մտաւորականներու դիմանկարները բռնած լռելեայն նստացոյց կը կատարուի զանոնք Այաշ, Չանղըրը տանող Հայտարփաշայի կառատան դիմաց…
Ալիսայի առաջադրած հարցումները հետեւեալ բանաձեւումով ներկայացուած էին.
– Մեր պատմութեան սեւ էջերը գիտնալը, վերապրիլը, սորվեցնելը, յիշողութեան սեղանին բերելը պարտականութի՞ւն է։
– Կ՚օգնէ՞ հայ երիտասարդ նոր սերունդին յառաջանալու եւ նորոգելու իր պատմութիւնը, թէ՞ կը խանգարէ։
– Հայ նոր սերունդը պէ՞տք է նպաստէ Ցեղասպանութեան յիշատակի տեւականացման, կամ ուրիշ է իր առաքելութիւնը։ Եթէ այո՝ ի՞նչ ձեւերով։
– Ցեղասպանութեան նիւթը կ՚ազդէ՞ Ֆրանսահայ երիտասարդի ամէնօրեայ կեանքին վրայ։
– Կը կարծէ՞ք որ Արցախի մէջ նոր Ցեղասպանութիւն տեղի կ՚ունենայ։
Նախքան նիւթի քննարկումը, կարդացուեցաւ «Միլիոնէն մէկը. Ցեղասպանութեան ականատես զէյթունցի պատանիի մը յուշերը» գիրքէն երեք էջ՝ 54-56։
Քննարկումներու ժամանակ բոլորին մօտ կարեւոր էր, որ հայկական ինքնութեան ընբռնումը առնչութիւն չունենայ միայն Ցեղասպանութեան հետ։ Երիտասարդները անհանգստութիւն կը զգային ֆրանսացիներէն, կամ ուրիշէն, որոնք զիրենք իբրեւ հայ կը դիտէին կամ կ՚ուզէին ճանչնալ միայն Ցեղասպանութեան պիտակով։ Մէկ խօսքով՝ հայ = ցեղասպանութիւն ։
Կար նաեւ հակառակ պատկերը՝ որ հայը կ՚առնչէր Ազնաւուրին, Վերնէոյին կամ Քիմ Քարտաշեանին։ Բնականաբար անդրադարձ եղաւ նաեւ Ցեղասպանութեան այժմէականութեան, Արցախի դէմ ազերիներու կողմէ շղթայազերծուած պատերազմին ու անոր ընթացքին խաղաղ բնակչութեան դէմ գործուած զանգուածային ոճիրներուն, գործածուած արգիլուած զինամթերքին, զինուորներուն դէմ գործուած ռազմական ոճիրներուն, գերիներուն հանդէպ անմարդկային վերաբերումին, գրաւեալ շրջաններէն հայութեան բռնի տեղահանութեան…
Մէկ ու կէս ժամ թեր ու դէմ աշխոյժ քննարկումներուն՝ շուրջ 12 հոգի մասնակցեցաւ, ուր պատմական անցքերու գիտութիւնը անհրաժեշտ նկատուեցաւ՝ առանց մահուան, տառապանքի տեսարաններու ճնշումը դիմագրաւելու, բնականոն կեանք վարելու ցանկութիւնը։
«ՄԱՐԴԸ ԻՆՉՈ՞Վ ԿԸ ՏԱՐԲԵՐԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐԷՆ»
Յուլիս 28-ի հանդիպումին նիւթը անդրադարձ մըն էր մարդ-կենդանի յարաբերութիւններուն. «Մարդը ինչո՞վ կը տարբերի կենդանիներէն»: Նիւթ մը, որ մեզի ճամբորդել կու տայ մտքի խորին բաւիղներուն մէջ, արդի թուային ու արհեստագիտութեան ասպարէզէն հեռու, ազգային, հայրենասիրական խնդիրներէն ալ։ Նիւթ մը, որ առիթ կու տայ լուրջ հարցադրումներու՝ մարդուն դերակատարութեան եւ ընկերային պատասխանատուութեան արդի աշխարհին մէջ, բնութեան ձեւափոխումին մէջ, բնապահական նոր մարտահրաւէրներու դարուն։ Բազմաթիւ գիտական, օրէնսդրական, ընկերային, հոգեբանական հետաքրքրական ծալքեր բացուեցան զրոյցին ընթացքին։
Դարձեալ Ալիսան առաջարկած էր նիւթը եւ պատրաստած հետեւեալ հարցումները.
1. Ճի՞շդ է, որ վերջին դարուն մարդուն կեցուածքը փոխուած է անասուններուն հանդէպ։ Եթէ այո՝ ի՞նչ տեսակէտով։
1.ա. Ֆրանսական Օրէնսգիրքին մէջ գրուած է. «Անասունը զգացողութեամբ օժտուած ապրող էակ է եւ ոչ՝ կարասի» ( L’animal est un être vivant doué de sensibilité…et pas un bien meuble» ) – (Code Civil 17 février 2015)։ Մեզ ո՞ր ուղղութեամբ կրնայ առաջնորդել այս ըմբռնումը։
2. Ք. Ա. 4-րդ դարուն, Արիստոտէլ իր «Les Politiques» գիրքին մէջ ըսած է՝ «Մարդը ընկերային կենդանի է», բայց նաեւ՝ «Մարդը քաղաքական կենդանի է»։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք։
2.ա. Կրնա՞նք պնդել, որ մարդը վայրենի կենդանի չէ, որովհետեւ գիտակցութիւն (conscience) ունի, կամ՝ մարդը վայրենի կենդանի է, քանի որ ան ալ պաշտպանուելու համար կը սպաննէ իրմէ թոյլերը։
3. Մարդն ու անասունը կրնա՞ն ներկայանալ իբրեւ հաւասար արժէք ունեցող էակներ՝ բնութեան մէջ, ընկերութեան մէջ, օրէնքին առջեւ։
4. Իրաւունք ունի՞նք մենք մեզ նմանցնելու կենդանիներուն։
Մարդուն կեցուածքը բնականաբար փոխուած է կենդանիներուն հանդէպ, որովհետեւ կեանքը աւելի մեքենայացած է։ Որքան կեանքը մեքենայանայ, այնքան կենդանական աշխարհը՝ ասուն եւ անասուն կը հեռանան իրարմէ. որքան քաղաքային կեանքը զարգանայ, այնքան բնութեան հետ անմիջական շփումը կը նուազի. կենդանիներուն գործածութիւնը իբրեւ փոխադրամիջոց կը նուազի, անոնց գործածութիւնը իբրեւ աշխատուժ վարուցանի մէջ եւս, մարդոց յարաբերութիւնը կենդանիներուն՝ իբրեւ ուտելիք, սնունդ, կը փոխուի: Միս արտադրելու համար կը ստեղծուին հսկայական գործատուներ, ուր կենդանին կ՚ենթարկուի անմարդկային վերաբերումի, ուր անոնց կ՚արգիլուի դաշտերու, մարգագետիններու մէջ խոտ ճարակելու, ուտելիք փնտռելու բնական պահանջը։ Պահածոներու գործածութիւնը կ՚ընդհանրանայ… Տունին մէջ կենդանի պահելու նոր սովորոյթներ կը զարգանան…։
Հետաքրքրական էր յղումը Ֆրանսական օրէնսդրութեան, ըստ որուն կենդանիները զգայնութեան տէր էակներ են. այս հաստատումը բաւական հետաքրքրական փոխանակումի առիթ տուաւ, թէ որքանո՞վ կը յարգուի այդ զգայնութիւնը մարդոց կողմէ եւ որքանո՞վ կարելի է յարգել։ Ամէնէն պարզ պատկերը, որ մեր աչքին առջեւ կու գար բնականաբար, կենդանաբանական այգիին մէջ բանտարկուած վայրի կենդանիներն էին։ Որքանո՞վ կը յարգուի անոնց զգայնութիւնը…
Այսպէս, հանդիպումին մօտաւորապէս երկու ժամ տեւողութեան ընթացքին ասունն ու անասունը պատկերուեցան բոլորին մտահորիզոնին մէջ եւ անոնց տարբերութիւնը տարազաւորուեցաւ: Մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը կը հաղորդակցէր իր հայերէնով, արեւմտահայերէնը կ’երանգաւորուէր մերթ ֆրանսահայու, մերթ աւստրալիահայու, մերթ Երեւան հաստատուած սփիւռքահայու հնչեղութեամբ: Տեղի ունեցածը, որքան որ այժմէական ընկերային նիւթերու արծարծումն էր, նոյնքան ալ հայերէնին շուրջ համախմբումի ջանք մը, հարազատութիւն ստեղծելու ճիգ մը, նոր ծանօթութիւններ ստեղծելու առիթ:
Յաջորդ հանդիպումի քննարկումի նիւթն է «Արուեստ եւ դրամ առնչութիւնը»: Հանդիպումին դարձեալ «Ծիծեռնակ» եւ «Յառաջ» գործակցութիւնը պիտի շարունակուի այս քննարկումին առթիւ։
«ԾԻԾԵՌՆԱԿ»Ը ԿԱՄ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՄՏԱՅԻՆ ԹՌԻՉՔՆԵՐԸ
«Ծիծեռնակ»ի երիտասարդական խումբը ծնունդ առած է 2016-ին, երբ երիտասարդները կը հաւաքուէին Նորա Պարութճեանին շուրջ եւ հարցի մը մասին կը վիճարկէին: Խումբը կազմուած է 15-16 երիտասարդներէ, մեծ մասը համալսարան աւարտած, նախկին աշակերտներ են Դպրոցասէրի, Ս. Մեսրոպ կրթականի, կամ անոնց կողմէ քաջալերուած ընկերներ են։ Երբ «Ծիծեռնակ» կայքագիրը ստեղծուեցաւ, անոնք ուզեցին արտայայտուիլ նաեւ գրաւոր կերպով:
«ԾԻԾԵՌՆԱԿ» ԿԱՅՔԱԳԻՐԸ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐԻ ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄԷՆ ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԵԼՈՒ ԵՂԱՆԱԿ ՄԸ
«Ծիծեռնակ» կայքագիրը (https://dzidzernag.wordpress.com/) դպրոցական պատանիներու եւ դպրոցը աւարտած երիտասարդներու համացանցային էջ մըն է, ուր պատանիներ եւ երիտասարդներ իրենց դպրոցական եւ անհատական գրութիւնները կը տեղադրեն։ Պսակաւոր ժահրի ժամանակաշրջանին հիմնադրուած այս կայքագիրը, առիթ կու տար մեկուսացած աշակերտներուն տպաւորութիւնները հաւաքելու եւ անոնց ապրումները ընդհանրացնելու: Կայքագիրը ունի նաեւ դիմագիրքի եւ instagram-ի էջեր: Դիմագիրի էջին վրայ յաճախակիօրէն կը տեղադրուին պատանիներուն եւ երիտասարդներուն գրութիւնները, խաչբառեր, խաղիկներ, այցելութիւններու մասին տպաւորութիւններ եւ այլք, իսկ instagram-ի վրայ կը տրուի հայերէն բառերու անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով բացատրութիւն՝ գրաւոր եւ ձայնաւոր կերպով:
Փարիզի «Ընկերային Ծառայութեան Հայկական Ընկերակցութիւն»ը (նախկին «Աղքատախնամ»ը) նիւթական նպաստով քաջալերած է «Ծիծեռնակ»ին գործունէութիւնը:
Կցեալ՝ «Ծիծեռնակ» կայքագիրին վրայ հրապարակուած Երիտասարդական խմբակէն կարգ մը գրութիւններ.
Յիշել եւ/կամ յառաջդիմել – չորս մասով.
Մաս Ա. – Արեգ Պէրպէրեան – Ալիսա Իգիթեան
https://shorturl.at/tvFU2
Մաս Բ.- Ազատ Ագռաւ – Երազ Պանիքեան
https://shorturl.at/jvz46
Մաս Գ. – Ալինա Իգիթեան – Վաչէ Քէնէճեան
https://shorturl.at/rtvX6
Մաս Դ. Ծովինար Ներսիսեան
https://shorturl.at/fuyBD
Մարդն ու անասունը կրնա՞ն օր մը հաւասար նկատուիլ –
Թաթուլ Մովսիսեան
https://t.ly/fmI-M
Մարդ- անասուն հաւասա՞ր –
Ազատ Ագռաւ
https://t.ly/hsXKz
28 Հոկտեմբեր 2023