Ազատ Ագռաւ
Ասուն-անասուն
Պէտք չէ մոռնանք, որ մարդ արարածը երկար ատեն ճնշուած եղած է վայրի բնութեան ուժերու կողմէ։ Այս անողորմ միջավայրին բնակիչ, ինքզինք կերակրելու, պաշտպանելու եւ գոյատեւելու առօրեայ դժուարութիւններուն մէջ, գրեթէ ամէն բան, կենդանիէն մինչեւ բոյսերը, նոյնիսկ ժայռերը, հաւանական վնասներ էին իրեն։
Ոտքի ելաւ, ինքզինք հաւաքեց, խումբով աշխատեցաւ որսալու, քաղելու, երկրագործութիւն ընելու։ Վերջիվերջոյ հասաւ ճարտարարուեստին, բայց այլեւս՝ իբրեւ տէրը գերի դարձած բնութեան։
Մարդ արարածին պատմութիւնը գիտենք. սկսաւ անտառի մէջ քանի մը խումբ ՙկապիկներով՚ եւ հասաւ այսօրուան 7 միլիառ համացանց գործածող մարդկային ընկերութեան։
Մեր նուաճումին վրայէն անցան դարեր եւ հազարամեակներ եւ մարդը մոռցաւ իր հին չարչարանքները։ Այսօր կը տեսնէ միւս անասունները եւ բնութիւնը իբրեւ պարտուած, խղճալի եւ օգնութեան կարօտ էակներ։ Անդրադարձած է, որ եթէ կ’ուզէ շարունակել ապրիլ այս աշխարհին վրայ, պէտք է հոգ տանի բնութեան, ինչպէս ծնողք մը իր մանուկներուն, կամ զաւակ մը իր ծերացած եւ հիւանդ ծնողքին։ Ուրեմն, այս վերջին դարուն, մարդը սկսաւ իր արիւնոտ ձեռքերով համբուրել եւ շոյել իր սատկեցուցած հին հակառակորդը, յուսալով որ իրեն պիտի ներէ եւ իր փորած փոսէն ազատէ։
Բնութեան արժանի թագաւորն է այն կենդանին, որ կրնայ ամենահեռուն տեսնել ապագային մէջ։ Այսօր այդ անձը մարդ արարածն է։ Եւ այն ասունները, կամ անասունները, որոնք միայն կը հոգան իրենց ամենօրեայ պէտքերը, առանց մտահոգուելու վաղուան կամ միւս օրուան հարցերով, երբեք իրաւունք չունին հաւասար համարուելու առաջիններուն։
21 Սեպտեմբեր 2023
2 Responses
Բայց ի՞նչ կը նշանակէ թագաւոր ըլլալ, այսինքն ի՞նչ են իր պարտականութիւնները։
Թագաւոր ըլլալ կը նշանակէ իշխել երկրի մը վրայ այնպէս մը, որ իր հպատակները իրեն ծառայեն ամենալաւ եւ երկար ձեւով։