Մեր անցեալը, ներկան, ապագան … բոլորը անխնայ կասկածի տակ են հիմա։
Կռիւ, մեղադրանք, արդարացում, բողոք, համոզում … բոլորը սիրտ խառնող, գլուխ դարձնող, հոգեսպան խոշտանգումներ։
Հայրենիք մը՝ անդամահատ, սփիւռք մը՝ խեղանդամ։
Ինչպէ՞ս կենալ երիտասարդին առջեւ եւ կշռազուրկ արժէքներէ բարբառել։ Անել տագնապի մէջ է սփիւռքահայ ուսուցիչը։ Ինչպէ՞ս շարունակէ ծառայել կոչումին, ուսերուն՝ ծանր բեռը իր անկարողութեան, երբ դիմացինները վաղուաններն են։
Ի՞նչ ընենք, ինչպէ՞ս ընենք։ Որոշեցինք մեր հիւանդագին հոգեվիճակը չփաթթել վիզերնուն, կարելի եղածին չափ խնայել անոնց։ Մանաւանդ, անաչառ քննադատութեան ոգին աւելի ու աւելի ուժգնութեամբ ներարկել. թող օր մը կարենան արդարօրէն դատել մեզ ու չկրկնել մեր սխալները։
Պիտի չզրկենք մեր տղաքը իրենց աշխատանքին պտուղը վայելելէ։ Արդ՝ շարունակենք մեր սկսածը։
28 Յուլիսին Ծիծեռնակի երիտասարդական խումբը հաւաքուեցաւ զրուցելու համար մարդ-անասուն իրաւահաւասարութեան նիւթին շուրջ։ Մեզի միացաւ Երեւանի Յառաջ արեւմտահայերէնի աշխատանոցէն խմբակ մը։ Բարի եկած են մասնակցիլ փափաքող հայախօս բոլոր երիտասարդները։
Երկու բաժնով կը ներկայացնենք անոնց խոհերը։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Թաթուլ Մովսիսեան, ուսողութեան ուսանող
Մարդն ու անասունը կրնա՞ն օր մը հաւասար նկատուիլ
Ըստ Ռուսոյի, մարդ արարածը անասունէն կը տարբերի իր ազատութեամբ։ Մարդը կրնայ աշխատիլ իր վրայ եւ իր ազատութիւնը ըմբռնելով հրաժարիլ կարգ մը հակումներէ, եթէ ատոնք չեն համապատասխաներ հասարակութեան բարոյական սկզբունքներուն։
Անասունը, ընդհակառակը, յանձնուած՝ իր բնական կամքին, կը վարէ իր կեանքը առանց որեւէ պայքար մղելու։ Բայց շատ անգամ կը տեսնենք անասունները, որոնք մարդոց հետ եւ մանաւանդ մարդոց ազդեցութեան տակ ապրելով կը համակերպին անոր քաղաքակրթութեան կանոններուն. այսինքն՝ մարդոց չեն խանգարեր։ Ուրեմն, մարդը ինքն իր վրան կ’աշխատի, իսկ անասունը՝ ազատութենէ զուրկ ըլլալով չի կրնար նոյնը ընել եւ կը դառնայ կոյս դաշտ մը, զոր մարդը կրնայ մշակել իր ձեւով, այսինքն հեշտ միջոց՝ որ մարդը անոր վրայ աշխատի եւ իր քաղաքակրթութեան կանոնները պարտադրէ։
Այդ գաղափարական ճնշումն է, որ արեւմտեան երկիրներու մէջ բարոյական հարցեր մէջտեղ կը բերէ։ Օրինակ՝ կարգ մը մարդիկ ներկան համեմատելով գաղութացման ժամանակաշրջանին, հարց կու տան, թէ արդեօ՞ք մարդը դեռ իրաւունք ունի որեւէ մէկուն իր քաղաքակրթութիւնը պարտադրելու։ Ուրեմն արդեօ՞ք դէպի իրաւական հաւասարմութիւն կ’երթան մարդիկ եւ անասունները։
Նախ, ինչպէս քիչ առաջ ըսինք, ամասունը մարդուն հետ ապրելով կը համակերպի անոր քաղաքակրթութեան։ Այնուամենայնիւ, որովհետեւ անասունը քաղաքակրթութիւն չունի բնականօրէն, այդ գործընթացը բնութեան չի համապատասխանհեր։ Բայց եւ այնպէս, անասունը համակերպութեան զարգացած հնարաւորութիւններ ունի, որոնք մարդու մօտ պակաս են, այն զարգացած է նաեւ ճանաչողական ու մտաւորական ունակութիւններու առումով։
Այնուամենայնիւ, եթէ մէկ կողմէն համեմատութիւններ կ’ընենք մարդոց եւ անասուններուն միջեւ, միւս կողմէն պէտք է նաեւ զգայուն ըլլանք անասուններու միջեւ գոյութիւն ունեցող բնական եւ կենսաբանական տարբերութիւններուն նկատմամբ։ Որքան ալ անասունը համակերպի մեր միջավայրին, ան ազատութենէ զուրկ իր բնութեամբ կը մնայ անասուն։ Օրինակ կարգ մը տեսակներ կան որ իրաւունք չունինք տունը պահելու, որովհետեւ միայն վայրի կեանքով կրնան ապրիլ եւ չեն կրնար համակերպիլ մեր միջավայրին։ Ուրեմն, կը տեսնենք, որ դժուար է հաւասարութեան մասին խօսիլը։
Ամենայնդէպս, եթէ այսօր մարդ կը ձգտի անասունները պաշտպանող իրաւունքներ շնորհել անոնց, այդ նշան է որ կրցած ենք հասնիլ այնպիսի մակարդակի, ուր անձնական շահի ապահովման պայքարը կը կանգնի, տեղ ձգելով անասուններուն, որոնց հետ նոյնիսկ խօսիլ չենք կրնար։
Այսպէս ալ, մարդոց եւ անասուններու յարաբերութիւնը կը սերտանայ։
Եթէ այսօր մարդը այդքան ջանք կը թափէ անասունին իրաւական հարցերու գծով, միւս կողմէն ալ կ’օգտուի անոր հետ իր յարաբերութենէն։ Յաճախ անասունէն կը ստանայ այն սէրը եւ ընկերութիւնը, զորս գտնելու համար կը տառապի։ Որովհետեւ անասունը, ինչպէս ըսինք, չունի ստեղծագործութեան թափի ազատութիւնը, չի կրնար չար ծրագիրներ կազմել։ Այդ ապրող խեղճուկրակ էակին մէջն է, որ մարդը ապաստան կը գտնէ այս աշխարհի դժուարութիւններէն։ Իր ապրելակերպին պատճառով է նաեւ, որ մարդ կը փափաքի յարաբերիլ անասունին հետ։ Այսօրուան համակարգը կը գործէ մարդոց իրարու հետ հիւսած կապերը խզելով եւ զանոնք փոխարինելով նոր ձեւի կապերով, ինչպէս՝ տարիրական աշխարհ, կամ անասուններու հետ մտերմութիւն։
Վերջիվերջոյ, անասուններու օգտին իրենց պայքարով մարդիկ միայն կը հաստատեն անոնցմէ իրենց կախուածութիւնը։
20Սեպտեմբեր 2023
2 Responses
Թէեւ ներկայ չի կրցայ գնուիլ մեր վերջին զրոյցին, ուրախ եմ այս յօդուածներուն համար։
Թաթուլ, հաճելի էր միտքերդ կարդալ։ Հետաքրքրական կէտեր բաժնեցիր կարդացողին հետ։ Կը կարծեմ որ տարբերութիւնը մեծ է վայրի եւ ընտանի անասունին մէջ։
Իսկ մեր բոլորին, համբերութիւն մինչեւ յուսամ հասնինք միտքի յստակութեան։
Գայեանէ
Շնորհակալ եմ դիտարկումիդ համար, Գայանէ։
Հարկավ, տարբերութիւններ կան վայրի եւ ընտանի անասուների միջեւ բայց բնական եւ կենսաբանական սահմանները մոտ են։ Երկուքն ալ վորոշ չափով կրնան համակերպիլ մեր միջավայրին։ Դաստիարակութեան հարց է։
Թաթուլ