ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՅԻՇԵԼ ԵՒ/ԿԱՄ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵԼ. մաս Բ.

Միլիոնէն մէկը, ցեղասպանութեան ականատես զէյթունցի պատանիի մը յուշերը, Յարութիւն Գալայճեան

Անցեալի սարսափազդու դէպքերուն իրազեկ ըլլալը կ’օգնէ՞, թէ՞ կը խանգարէ մեր երիտասարդներուն անբարդոյթ ապրելու ներկան եւ կառուցելու ապագան։ Կարդալ*։ Ծիծեռնակ

*ԴԷպի Շետտատի, դԷպի անթաղ մեռելներու գերեզմաննոցը միլիոն մը հայութեան

ԱԶԱՏ ԱԳՌԱՒ

ԼՐԲՈՒԹԻՒՆ ԸՍԻՆՔ

Մարդ արարածը միշտ կը նախընտրէ ճշմարտութիւնը գիտնալ … մինչեւ որ գիտնայ. յետոյ կը զղջայ։ Կը նմանի անոր, որ կ’անդրադառնայ թէ իր իտեալականացուցած ծնողքը իր կարծած հերոսին հակառակն է, կամ անոր, որ կեանքի վերջալոյսին կը յայտնաբերէ թէ իր միակ եւ ամենամեծ սէրը իրեն դաւաճանած է։ Իրենց կեանքը անօգուտ ձեւով կը տապալի։

Կ’ըսենք՝ ինչ որ մեզ չի մեռցներ մեզ աւելի զօրաւոր կը դարձնէ, բայց այս նշանաբանը սխալ է, որովհետեւ դէպքեր կան, որոնք մեզ ֆիզիքապէս չեն սպաններ, բայց մեր մէջի կրակը կը մարեն։

Գիտութիւնը ուժ է, բայց շատ գիտնալը, մանաւանդ աշխարհի պատմական եւ քաղաքական իրականութիւնները, կը տանի դէպի լրբութիւն (cynisme), յետոյ՝ ոչնչապաշտութիւն (nihilisme)։

Ժողովուրդ մը ապրելու եւ դիմանալու համար պէտք ունի յոյսի եւ նպատակի, քանզի կեանքը առանց պատրանքի (illusion) անտանելի է։ Երբ նկատի ունենանք հայերու պատմութեան սոսկալի դէպքերը, որոնք արժանացան ոչ մէկ արդարութեան, հարց կը ծագի. հայ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրնայ շարունակել պայծառ ապագայի մը յոյսը ունենալ։ Չափազանց ցաւալի անցեալը մեր զօրութեան ոգին խորապէս ներքինացուց։ Այսուհետեւ չենք համարձակիր նուաճել կեանքը եւ փայլիլ այս աշխարհի գագաթին, այլ կ’ուզենք միայն հանգիստ գոյատեւել, առանց մէկը խանգարելու եւ առանց խանգարուելու ոեւէ մէկէն. հաճելի տեսարան մը, աղուոր ընտանիք մը, համով ճաշեր եւ գեղեցիկ արուեստներ։ Այս է յոգնած ժողովուրդի մը ամբողջ փառասիրութիւնը։ Եւ այս համեստութեան պատճառով պիտի կամաց կամաց կրծուինք մինչեւ շիջում։    

Մտաւորական կրաւորական կեցուածքներէ եւ անվերջ խօսակցութիւններէ աւելի պէտք ունինք, որ վառուի մեր մէջ առնական եւ կենդանական կոյր մղում մը դէպի անդադար նուաճում։ Հո՜ս, եւ միայն հո՜ս կ’ունենանք հաւանականութիւն մը վերապրելու։

Ուրեմն, վերջին մարտիրոսները պիտի կազմեն այդ փոքրամասնութիւնը, որ ընդունի Ատլասի նման կրել եւ պահել իր կռնակին վրայ մեր պատմութեան ծանր իրականութիւնը եւ դիտմամբ անգէտ պահուած ժողովուրդին ներշնչել միայն յոյս, ուժ եւ վրէժի ոգի։

Լրբութիւն ըսինք։ 

19 Ապրիլ 2023


ԵՐԱԶ ՊԱՆԻՔԵԱՆ, առցանց թղթակից

Չեմ յիշեր գիտակցութեամբ ե՞րբ ըմբռնեցի ազգիս սեւ էջերը։ Փոքրիկ էի։ Մեծերը չկրցան բացատրել ինծի առանց միտքս խանգարելու։ Պզտիկութենէն ի վեր այս իրականութիւնը մոլորակի պէս կը դառնայ ինքնութեանս շուրջ։  

Տարուան յատուկ եղանակի մը կը մօտենայ, իսկ ուրիշ եղանակի մըն ալ կը հեռանայ։ Բայց միշտ ներկայ է եւ կ’ազդէ մտածումներուս։ Այսինքն ծանրութիւն ունի իմ ինքնութեանս սահմանումին վրայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ցեղասպանութենէն ազատած հայու արիւնով կազմուած եմ։

Ընդունիլ իրականութիւնը եւ անարդարութիւնը. դիւրին չէ։ Բայց հպարտ եմ մահէն ճողոպրածներուն փորձառութիւնով եւ կատարումներով, որոնց շնորհիւ զիրենք յաջորդող սերունդները հոս կ’ապրին իբրեւ ազատ ֆրանսահայեր։

Շնորհակալ եմ անոնց քաջութեան, զոր կը փորձեմ կիրարկել ամենօրեայ կեանքիս մէջ։   

17 Ապրիլ 2023

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան