ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՅԻՇԵԼ ԵՒ/ԿԱՄ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵԼ. մաս Ա.

Յարութիւն Գալայճեանի ՙՄիլիոնէն մէկը, ցեղասպանութեան ականատես զէյթունցի պատանիի մը յուշերը՚ գիրքը սահմռկեցուցիչ մէկ վկայութիւնն է մեր անցեալին։ Ստորեւ աստղանիշով տրուած մի քանի էջերու վրայ նկարագրուածը ուղղակի սոսկում կ’ազդէ մարդուս էութեան վրայ։

Ընթերցելէ ետք այդ էջերը*, 22 Ապրիլին, Ծիծեռնակի երիտասարդներուն զրոյցի նիւթը եղաւ հետեւեալը. անցեալի սարսափազդու դէպքերուն իրազեկ ըլլալը կ’օգնէ՞, թէ՞ կը խանգարէ մեր երիտասարդներուն անբարդոյթ ապրելու ներկան եւ կառուցելու հաստատուն ապագայ։

Նիւթը հայթայթողն ու զրուցավարն էր Ալիսա Իգիթեան։ Զրոյցին հիւրաբար ներկայ եղաւ Նոր Յառաջի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

*Ահաւասիկ կապը.
ԴԷպի Շետտատի, դԷպի անթաղ մեռելներու գերեզմաննոցը միլիոն մը հայութեան

ԱՐԵԳ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ, իրաւաբանութեան ուսանող

ՅԻՇԵԼԸ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒ՞Ն Է, ԹԷ՞ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵԼՈՒ ԳՐԱՒԱԿԱՆ

Մեր զրոյցին բուն հարցումը հետեւեալն էր. արդեօք պարտաւո՞ր ենք Հայոց ցեղասպանութեան զարհուրելի ճշմարտութիւնը փոխանցել նոր սերունդներուն։ Երկու տեսակէտներ հակադրուեցան։

Առաջին տեսակէտը պաշտպանող խումբը համոզուած էր, որ երիտասարդ հայը պէտք է պատմութիւնը լաւ գիտնայ եւ ասիկա չի սահմանափակուիր ցեղասպանութիւնով։ Անցեալի փայլուն եւ սեւ էջերը իմանալով, երիտասարդը աւելի լաւ կը գիտնայ ուր ուղղուիլը։  

Երկրորդ տեսակէտը պաշտպանող խումբը համոզուած էր հակառակին։ Իրեն համար նոր սերունդը պէտք չունի ցեղասպանութեան սարսափները իմանալու, որովհետեւ իր անցեալին ողբերգութիւններուն տեղեկանալով, ի՜նք կը մատնուի ինքնաոչնչացման։

Այս երկու կեցուածքները կախուած են մարդու բնաւորութենէն. մէկը կը տեսնէ մարդուն մէջ յոյսի աղբիւր մը, միւսը կը տեսնէ ինքնաոչնչացման ձգտումներ, որոնք կ’արթննան սեւ յուշերու փոխանցումով։

Անձնապէս ես կը միանամ առաջին տեսակէտին, բայց լաւ կը հասկնամ երկրորդին մտածելակերպը։ Եթէ մտածենք մարմնամարզական մրցակցութեան մասին, մարզի՜չը պէտք է համոզուած ըլլայ իր յաջողութեան, որպէսզի յաջողի։ Յաջողելու համար բացասական եւ ձախողութեան գաղափարներ չեն քարոզուիր։ Այս պարագան իմաստ կու տայ մեր երկրորդ տեսակէտը պաշտպանողին. ըստ իրեն, մեր անցեալի միայն յաղթական էջերը պէտք է փոխանցենք հայ երիտասարդին, որպէսզի ինք եւ հետեւաբար ազգը արդիւնաւէտօրէն ուղղուին դէպի յաջողութիւն։

Ես՝ որպէս մարզիչ եւ ընդհանրապէս որպէս մրցակցութիւն սիրող, կը հաւնիմ այս առաջարկը, բայց չեմ կարծեր, որ կրնայ գործադրուիլ ազգային յաջողութեան հաշւոյն։

Նախ՝ որովհետեւ ազգային յաջողութեան չափանիշները բազմաթիւ են եւ աւելի նուրբ՝ քան մարզամրցակցութեան յաջողութիւնը։ Եթէ պահ մը մտածենք ազգերու միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններու օրինակին մասին, յաջողութիւն կ’ըլլայ երբ բանակցողներու փոխզիջումներուն միջոցով համաձայնութիւն մը գտնուի, որմէ բոլորն ալ շահ տեսնեն։ Մինչդեռ մարզանքի մէջ կայ յաղթող մը եւ պարտուող մը։

Յետոյ, սկզբունք ըլլալով, մարզիչը ազատ չէ։ Ամբողջ իր ապրելակերպն ու մտածելակերպը հսկողութեան ենթարկուած են եւ ինք կ’ապրի միայն պարտադրանքներու տակ, ի նպաստ իր յաջողութեան. այսինքն՝ կատարեալ (մենատիրութիւն) բռնապետութիւն։ Եթէ մարդ արարածը սեպենք ազատ եւ պայծառատես էակ, պէտք չունինք բռնապետութեան ենթարկելու զայն եւ իր տեղը որոշելու, թէ որն է ճիշտն ու սխալը իրեն համար։ Հարկաւ հոս կրնայ ծագիլ անվերջանալի  զրոյց մը, թէ բռնատիրութեան եւ ժողովրդավարութեան միջեւ ո՜ր քաղաքական դրութիւնը աւելի՜ լաւ կ’ապահովէ անձնական ազատութիւնը…

Քաղաքական փիլիսոփայութեան մէջ չընկղմինք եւ ընդունինք հետեւեալը. գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար նոր սերունդը պիտի հանդիպի իր անցեալի սեւ էջերուն, որովհետեւ ներկայիս ինք արդեն վկան է իր ժողովուրդի  ցեղասպանութեան։ Ուստի, ճշմարտութիւնը փոխանցելը կամ չփոխանցելը իզուր հարց մըն է, որովհետեւ ճշմարտութիւնը իր ամէնէն մութ երեւոյթով ինքնաբերաբար կը ներկայացուի նոր սերունդին։

Ազատ եւ պայծառատես էակ ըլլալով, նոր սերունդին պարտականութիւնն է այս մթութենէն ճիշտ դասերը քաղել եւ պայծառ ապագայ մը ստեղծել։

28 Ապրիլ 2023


ԱԼԻՍԱ ԻԳԻԹԵԱՆ, կենդանապատկերներու ծրագրաւորող

ԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ – ԱՆԱՍՆՈՒԹԻՒՆ

 Ինչպիսի՞ փորձանքներ պէտք է յաղթահարենք դուրս գալու համար անասնական բնութենէն, դառնալու համար Մարդ։  

 Գիւղատնտեսութիւնը մեզ ազատեց սնունդի պակասէն։ Անասնաբուծութիւնը օգնեց, որ կենդանիներ չհետապնդենք որսի համար։ Քաղաքակրթութիւնը օգնեց, որ մեր միտքը զարգացնենք եւ յանգինք մեր այսօրուան կեանքի մակարդակին։

Հատուած վերոնշեալ գործէն

Բայց, «Դեպի Շետտատի, դեպի անթաղ մեռելներու գերեզմաննոցը   միլիոն մը հայութեան» հատուածը կարդալով, ես հասկցայ, որ անօթութիւնը գոհացնելը մեր ամենաանասնական կարիքն է։ Մեզի կը յիշեցնէ մեր բնութիւնը։ Առանց հագուստի, այսինքն առանց այդ կճեպին, մենք բոլորս նոյնն ենք։ Ի վերջոյ, մենք բոլորս նոյն տեսակէն ենք, կռիւ կ’ընենք անասուններու պէս, բայց կը պատերազմինք մարդկային շահերով, եւ ունինք եսի (ego) մրցակցութիւն։

Անօթութիւնը կը հաւասարեցնէ մեզ. հարուստ, խեղճ, առողջ, հիւանդ. ոչինք մեզ կը փրկէ մահէն։

Փորձենք ապրիլ ամենաճիշդ ձեւով եւ չմոռնալ, որ «Մարդը քաղաքական կենդանի է եւ ոչ միայն ընկերային» (Արիստոտ)։ Այդ պատճառով է, որ կ’ընենք պատերազմներ եւ ունինք եսի մրցակցութիւն։

Եզրակացնելով ըսեմ, որ մարդը դեռ կը մնայ անասնական եւ նորէն վայրենի կը դառնայ եթէ անոր նախնական կարիքները չբաւարարուին։

21 Ապրիլ 2023

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան