Վերոնշեալը ԾԻԾԵՌՆԱԿ երիտասարդական խումբի վիճարկման նիւթն էր Կիրակի 4 Դեկտեմբեր 2022-ին։ Նիւթը առաջարկողն ու զրուցավարն էր քաղաքական եւ հասարակական փիլիսոփայութեան ուսանողուհի Ծովինար Ներսիսեան։ Ստորեւ՝ Թաթուլ Մովսիսեանի անդրադարձը։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Թաթուլ Մովսիսեան, ուսողութեան ուսանող
ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ԵԼՔ ՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Արցախի վերջին պատերազմին հայ ժողովուրդը տուաւ հազարաւոր զոհեր եւ պարտուեցաւ։ Նորէն վհատեցաւ: Արդեօք կրնա՞յ ան դարձեալ յառաջդիմել։ Ինչպէ՞ս կրնայ դուրս գալ իր ինկած վիճակէն ու դարձեալ ծաղկիլ։
Ոմանց կարծիքով հայ ժողովուրդը պիտի կարենայ վերականգնիլ արտաքին ուժերու օգնութեան շնորհիւ. ըստ ուրիշներու՝ միմիայն ինքն իր միջոցներով: Առաջին պարագային, վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ Հայաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ մօտեցումները ի վնաս Ռուսաստանին են, որ խրած է Ուքրանիոյ հետ պատերազմի մէջ: Այդ մօտեցումները, որոնց կը նպաստեն յատկապէս Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները, յոյս կը ներշնչեն հայերուն։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլլալ: Շատեր քննադատեցին քառասունչորսօրեայ պատերազմի ժամանակ Արեւմուտքի կրաւորական կեցուածքը։ Եւրոպայի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած կազի պայմանագիրը ցոյց տուաւ, որ միջազգային ուժերու կողմէ Ատրպէյճանը դեռ չէ ճանչցուեր յարձակող կողմ:
Բայց եւ այնպէս, Հայաստանին համար բարենպաստ վերջին կոչերը կը հաստատեն, որ Արեւմուտքը հետզհետէ կը ներգրաւուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստան-Արցախի ընդհարման մէջ։ Այդ ամէնը հասկնալի է երբ գիտենք, որ մէկ կողմէն՝ Պարսկաստանը կը հզօրանայ եւ Արեւմուտքին համար Հայաստանը հետաքրքրական տարածք կը ներկայացնէ ճնշում բանեցնելու համար Պարսկաստանի վրայ, միւս կողմէն՝ Ռուսաստանի սահմանը հեռու չէ։ Ուրեմն հասկնալի է, որ միայն ռազմավարական շահեր կրնան Արեւմուտքը խթանել Հայաստանին օգնելու, մանաւանդ ապահովելու համար կազի ճանապարհը Ատրպէյճանէն մինչեւ Եւրոպա եւ վերջ տալու համար Թուրքիոյ ներքին բախումներուն։ Ուրեմն քիչ հաւանականութիւն կը տեսնենք, որ այս պատմութիւնը վերջանայ առանց արեւմտեան միջամտութեան։
Այս համածիրին մէջ, իր գոյատեւումը ապահովելու համար ի՞նչ կրնայ առաջարկել Հայաստան ի տարբերութիւն Ատրպէյճանին, որ բնական շատ հարստութիւններ ունի: Այսպէս, եթէ միջազգային բեմի վրայ ելք մը կը տեսնենք, յիշենք, որ այս ընդհարումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ է: Ուրեմն բնական է, որ Հայաստան առանց օգնութիւն սպասելու պէտք է գիտնայ հարցին շուրջ բանակցութիւնները անձամբ վարել։
Յաճախ մարդիկ կը խօսին հայ ժողովուրդի հպարտութեան մասին, որ շատ անգամ ազգապաշտութեան կը տանի։ Այս երեւոյթը այսօր ալ գոյութիւն ունի, հակառակ անոր որ վերջին ընդհարումները ձեւով մը հայերու եռանդը կոտրեցին: Հայ ժողովուրդը պիտի գիտակցի եւ ընդունի իր ներկայ վիճակը, այսինքն այն՝ որ մենք այլեւս պատմութեան թելադրած յաղթական ժողովուրդը չենք։
Միեւնոյն ժամանակ, քառասունչորսօրեայ պատերազմի ժամանակ երբ Ատրպէյճանի ժամանակակից զօրքը Արցախը կը ռմբակոծէր, Հայաստանի հնարաւորութիւններու վերաբերեալ հարցեր ծագեցան։ Եթէ Հայաստանը չէր օժտուած Ատրպէյճանի հաւասար ռազմական հնարաւորութիւններով, ընդունինք սակայն, որ ունեցաւ կարեւոր առաւելութիւն մը. անմարդկայինի դէմ անոր երիտասարդ կռուողներու քաջութիւնը:
Ուրեմն, եթէ այսօր Հայաստանը պէտք չէ հպարտանայ իր վիճակով, պատճառ ունի, սակայն, հպարտանալու իր կռուողներով ու հերոսներով, որոնք կեանքերնին իրեն զոհաբերեցին: Մշակոյթը եւ պատմութիւնը պէտք է հայ ժողովուրդը առաջնորդեն: Բայց պէտք չէ խաբուիլ։ Մինչեւ որ իր ռազմական վիճակը եւ մանաւանդ իր դիւանագիտութիւնը չբարելաւէ Հայաստան, քիչ հաւանական է, որ բարգաւաճի նորէն։ Յատկապէս սփիւռքին հետ յարաբերութիւնները պէտք է զարգանան, որ նոր միտքեր եւ տեսանկիւններ թարմացնեն հայկական համակարգը։ Այդ մօտեցումով, այսինքն սփիւռքին միջոցով պէտք է դիւանագիտութիւնը գործէ, որ միջազգային աջակցութիւն ըլլայ։ Բայց կրկնենք. Հայաստան նախ իր ներքին կազմակերպութիւնը պէտք է վերանայի եւ յետոյ զբաղի միջազգային աջակցութիւններով։
Մեր յառաջդիմութիւնը մեր ձեռքերուն մէջն է:
Շատ հայերու երազն է, որ Ուքրանիոյ պէս տարածուի Հայաստանի խնդիրը։ Միջազգային օգնութիւնը շատ օգտակար կ’ըլլար անշուշտ այդ պարագային, բայց անհրաժեշտ պիտի չըլլայ. հայ ժողովուրդը միշտ դժուարութիւններու մէջէն է անցեր, նոյնիսկ ջարդերու, բայց միշտ ապրեր է:
Հայաստան, հասկնալով իր վիճակը, կա՜մ պիտի ուզէ ապրիլ, ուրեմն իր առաջնահերթութիւնները՝ այսինքն իր դիւանագիտական որոշումները եւ սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները պէտք է վերանայի, եւ կա՜մ ընդմիշտ ուրիշներէ օգնութիւն սպասելով իր հերոսներու յիշատակը պիտի անարգէ։
26 Դեկտեմբեր 2022