2022-ը Վահէ Օշականի ծննդեան 100-ամեակն է։ Ծիծեռնակի երիտասարդներուն սեպտեմբերեան վիճարկումի նիւթը եղաւ անոր «Տարեդարձ» բանաստեղծութիւնը։ Այս առթիւ լոյս կ’ընծայենք Նոյեմի Շահմիրեանի յօդուածը։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
ՆՈՅԵՄԻ ՇԱՀՄԻՐԵԱՆ, մանրակենսաբան
ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Այսօր պիտի անդրադառնանք Վահէ Օշականի «Տարեդարձ» բանաստեղծութեան։
Վահէ Օշական սփիւռքահայ բանաստեղծ եւ արձակագիր Է։ Ծնած է 1922-ին Փլովտիւ՝ Պուլկարիա, մահացած է 2000-ին Ֆիլատելֆիա։ «Տարեդարձ» բանաստեղծութիւնը առնուած է իր «Խուճապ» գիրքէն, որ լոյս տեսած է 1983-ին, Նիւ Եորք։
Վերնագիրը տեսնելով կրնանք մտածել, որ ուրախ բանաստեղծութիւն մը պիտի կարդանք, բայց հակառակին կը հանդիպինք։ Օշական հայ ժողովուրդի «յետամնաց» մտածելակերպին նկատմամբ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ, կը կանգնի մասնաւորապէս վրէժխնդրութեան փաստին վրայ: Հեղինակը ի զուր չի դիմեր պարոն Վրէժին։ Կը քննադատէ անոր անզօրութիւնը, անոր անունը իբրեւ թէ Վրէժ է, բայց արարքները յուսահատութեան կը տանին. «ի՞նչ նստեր ես միս մինակ խանութիդ մէջ դուռը կղպեր մութին կու լաս»։
Հերոսը՝ պարոն Վրէժ, հաւաքական կերպար է։ Անով Վ. Օշական կը դիմէ այն հայերուն, որոնք Ապրիլ 24-ին ցոյցի կ’ելլեն, այդ արարողութեան կը մասնակցին, բայց իրենց միտքին մէջ «այսօրուայ չշահուելիք դրամը կը հաշուեն ու կը հաշուեն»։ Իրենց հայութիւնը նուազ արժէք կը ներկայացնէ քան դրամը. «Մարին լաւ որ օտար դպրոց ղրկեր ես, գէթ մէկ օրուայ դրամը փրկեցիր», կը հեգնէ Օշական։
Ի՞նչ պէտք կայ ատելութեամբ լեցուելու, եթէ այն կրաւորական է. «հարիւրներով Անքարայի ռատիոն բացեր մտիկ կ’ընեն»։ Այո, պարոն Վրէժ կը յիշատակէ Ապրիլ 24-ը, ուրիշներու պէս, բայց ամէն մէկը ձեւով մը. «Յակոբ մակոբ նստեր տեղ մը պլօթ կը դարձնեն […] կը յօրանջեն, կը պրկուին, կը հայհոյեն […] տասնեակ մըն ալ եկեղեցին ժամէ ի վեր ոտք կը փոխեն ու կ’օրօրուին ու կը թմրին գրաբարի ու քարոզի հաշիշին մէջ»։
Օշական կը դատապարտէ այս վարմունքը։ Հարցում մը կը ծնի. ինչո՞ւ կը մասնակցիս անգիտակցաբար, կը տանջուիս անիմաստ տեղը։ Ի՞նչ փաստելու համար։
Հարցականի տակ կը դնէ ապագայ սերունդներու կեանքը իբրեւ հայ։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց պայքարը, եթէ մե´նք չենք գիտեր ինչ է մեր ընելիքը եւ ո´րն է մեր ուղղութիւնը. «տղաքդ աստուած գիտէ որտեղերը կը թափառին»։ Ի դէպ, Ապրիլ 24-ի օշականեան պահակները բացասական կերպարներ են. կուզ վարժապետ, Ամերիկա երազող վարդապետ, աժան գնուած խմբագիր։ Մտաւորականի այսպիսի տիպարները չեն, որ լուծում պիտի առաջարկեն։ Արուեստագէ´տն է, որ կը մատնանշէ մոլորուած Վրէժին կրաւորականութեան մէջ բանտարկուած վիճակը։
Բանաստեղծ Օշական կոչ կ’ընէ պարոն Վրէժին, որ դուրս ելլէ այս «ամօթալի», խղճալի կացութենէն, «բաղնիք մը առ» կ’ըսէ բարկացած, «փողոցն ինկիր քու դարուդ»։ Հակառակ պարագային, տառապանքիդ եւ անցեալիդ մէջ պիտի «նեխիս միս մինակդ անշշուկ […] քոլոնիայի, սիկարէթի ու քէպապի բոյրին մէջ»։
Պարոն Վրէժին միամտութիւնը եւ մանկամտութիւնը կ’ընդգծուի տարեդարձ բառով։ Օշական կը ծաղրէ Վրէժը կրկնելով՝ «տարեդարձդ է այսօր, պարոն վրեժ […] ի՞ նչ պիտի ընես այսօր տարեդարձիդ […] երեխայ չես, ալ մի´ սպասեր տարեդարձիդ»։ Այսպիսով, Օշական կ’անդրադառնայ Վրէժի անզօրութեան։ Ինքզինք կրկնող շրջանակի մը մէջ է պարոն Վրէժ, ամէն տարի Ապրիլ 24-ը նոյն ձեւով կը նշէ։ Յոգներ է։ Տարիները կ’անցնին ու մինչ «մարդկութիւնը հարիւր տարուայ ավանս ունի քու վրադ», յետամնաց միտքերով դեռ կ’ապրին հայերը։
Մեծ հակասութիւն մը կը մատնանշէ հեղինակը, երբ կը կրկնէ «փախուստ չկայ այլեւս» արտայայտութիւնը։ Կարդացողին համար կրնայ զարմանալի թուիլ այն փաստը, որ Վրէժ անունը կրող կերպարը կրնայ վախ ունենալ վրէժխնդրութենէ։ Մինչ մեր պարոն Վրէժը դուրս ելլելէ կը վախնայ։ Գործունեայ ըլլալու վախն ունի։
Օշական կը հրամայէ պարոն Վրէժին, որ արթննայ, չողբայ այլեւս անցեալին վրայ, որ «սա´նկ շպրտէ վրադ դիզուած դիակները», ու անմիջապէս յետոյ՝ «աճապարէ´», փորձէ´ լուծում գտնել, բայց ո´չ ատելութեան մէջ։ Ատելով կ’ողբանք, բայց յառաջ չենք երթար։ Չէ՞ որ «թուրքը թուրք չէ, հայը հայ չէ, մարդ ըսուածը օտար է, դո´ւն կաս միայն», ճակատագրիդ տէր կանգնէ´։ Այս վերջին խօսքով թերեւս բանաստեղծը կ’ուզէ ըսել՝ քու վրա՜դ կեդրոնացիր, պահպանէ ազգդ, հսկէ երկիրդ։ Այն ժամանա´կ միայն վրէժդ առած կ’ըլլաս։ Գրողը կ’ըսէ՝ «դուրս նետուէ, դու´րս»։ Կ’ուզէ որ հայկական ինքնութեան գիտակցութեամբ ան նետուի աշխարհին ցոյց տալու, թէ ի´նչ ժառանգութիւն ունին հայերը, թէ միայն աքսոր ապրած ժողովուրդ չեն։
Վրէժին հո´ս հասցնել կ’ուզէ Վ. Օշական, ա´յս մտածելակերպին, զոր ես պիտի կոչեմ դրական վրէժ։ Վրէժ մը, որ կը կենակցի ազնւութեան հետ, բայց որ տակաւին արթուն չէ։ Բանաստեղծութեան մէջ այն Վրէժին կինն է, «Տիկին Ազնիւ կը քնանայ տակաւին»։ Տիկին Ազնիւը պէտք է արթննայ եւ Վրէժին միանայ, որովհետեւ միայն թուրքը ատելով եւ մեր անցեալին վրայ կեդրոնանալով ոչ մէկ բանի կը հասնինք։ Օշական կը փափաքի, որ հայերը դուրս ելլեն եւ վրէժխնդրութեան միջոցներ գտնեն։ Ըստ իս, ատոնք միայն զէնքի միջոցները չեն, այլ դրական արարքները, մտածել ո´չ թէ անցեալին մասին, այլ Հայաստանի ներկային եւ ապագային մասին, այն կարօտին, որ չի մաշիր, այլ կը մեծնայ ու դրական արդիւնքներ կու տայ։ Ասոնք են, որ ես կ’ամփոփեմ «դրական վրէժ» արտայայտութեան մէջ։
Պարոն Վրէժ ինքզինք յուսադրելով ինքզինք կը խաբէ։ Եթէ ան իր արարքները չփոխէ, բոլոր յոյսերը պիտի մեռնին «դէպի անցեալ ու ապագայ տարածուելով», ու պարոն Վրէժին տարեդարձը «ա´լ պիտի չգայ»։ Այս վերջին խօսքով բանաստեղծը կը նախատեսէ պարոն Վրէժին ապագան եւ կը զգուշացնէ, որ ան վտագի մէջ է, ինչպէս որ վտանգուած է անոր տարեդարձը։
23 Սեպտեմբեր 2022