ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՀԵՐՈ՞Ս ԹԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍ. ՄԱՍ Բ. եւ վերջ

ԳԱՅԱՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ, հոգեբան

ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՒՈՒԹԻՒՆ. ԻՄԱՍՏ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿ

Արժանապատւութիւնը անձնական, յատուկ եւ բազմաձեւ ամփոփումն է մարդու մը սկզբունքներուն, գաղափարներուն ու ապրելաձեւին, եւ կը համապատասխանէ իր ինքնութեան յօրինումին։ Այս սահմանումը բացարձակ ճշմարտութիւն չէ, ոչ ալ կատարեալ է։ Կրնայ այս իմաստը փոփոխութիւններէ անցնիլ եւ ըլլալ նոյնիսկ աւելի խրթին եւ ընդարձակ։

՛Սակայն ինծի համար յստակ է, որ արժանապատւութիւնը չի կրնար ըլլալ ընտանեկան, հանրային կամ ազգային։ Համոզուած եմ, որ անոնք որոնք կը փորձեն մեզ հակառակին հաւատացնել, կա՛մ արժանապատւութեան իմաստը չեն հասկցած, կա՛մ ալ այն շատ տարբեր է իմ սահմանումէս։

Վերջին երկու տարիներու ընթացքին հայ ազգը անհամար անգամներ խօսեցաւ դաւաճանութեան եւ իր կուսակցական ու կրօնական անարժան պաշտօնեաներուն մասին։ Ճիշտ է որ ազգ մը կ’ունենայ (ընդհանրապէս) տեսլագիծ մը, որուն ուղղութեան կը հետեւին հազարաւոր մարդեր։ Ունի նաեւ կուսակցական, կրօնական եւ մշակութային հիմնակէտեր, որոնք իմաստ կ’արտադրեն ժողովուրդին համար։ Միեւնոյն ժամանակ, այս հիմնակէտերը մարդիկը կը միացնեն զգացումներու հիմքի վրայ, մանաւանդ երբ ժողովուրդը ունի ազգին հանդէպ պատկանելիութեան զգացում։  

Կարեւոր է յիշեցնել, որ ոեւէ մարդու գործողութիւն, ըլլայ ան բարձր պաշտօնեայ կամ ոչ, անոր գործողութիւնը ըլլայ ծայրագոյն աստիճանի պատուաբեր կամ ոչ, չի կրնար երկրի եւ ժողովուրդի մը արժանապատւութեան աստիճանը բարձրացնել։ Հակառակն ալ ճիշդ է, պաշտօնեայ մը չի կրնար իր դաւաճանական որոշումներով երկրի մը արժանապատւութիւնը պակսեցնել։ Անոր փոխածը, լաւ կամ գէշ, արժանապատւութեան հետ կապ չունի։

Երկրի եւ կրօնքի ներկայացուցիչներ կրնան հակառակ գործել ազգի մը հիմնակէտերուն, այսինքն ազգի ինքնութեան հիմերուն, ոչ միայն պատմական կամ քաղաքական առումով, այլեւ զգացական։ Երբ մեր գաղափարները եւ ապրելակերպը յանկարծակիօրէն խանգարուին, ծանր դաւաճանութիւն կը զգանք, բայց ասիկա արժանապատւութեան հետ կապ չունի։ Մեր խանգարուած զգացումները մեզ կը հրեն դէպի սխալ հասկացողութիւն, որովհետեւ կը սկսինք հաւատալ, որ այս ներկայացուցիչները իրենց հակառակ գործերով կը նուազեցնեն մեր արժանապատւութիւնը, ինչ որ անշուշտ իրականութիւն չէ։

Արժանապատւութիւնը կը մնայ իւրաքանչիւր մարդու ձեռքը եւ ոչ ազգին։ Օրինակ, երբ երկիր մը պատերազմի դիմաց կը գտնուի եւ իր ինքնութիւնը վտանգի մէջ է, ամբողջ  ազգը չի զոհուիր (այսինքն պատերազմի մէջ չի մեռնիր) յանուն գոյատեւման, նոյնիսկ երբ իւրաքանչիւր անձ ունի ամբողջութեամբ այդ ազգին պատկանող զգացումներ։

Ուրեմն ազգային արժանապատւութիւն չկայ։ Բայց եթէ քիչ մը աւելի հեռու երթանք, կ’անդրադառնանք որ արժանապատւութեան արժէքը այնքա՛ն անձնական է եւ բառին սահմանումը լայն, երբեմն ալ վիճելի, որ նոյնիսկ անձ մը ուրիշը չի կրնար դատել իր չափանիշով։

Ուրեմն ի՞նչ է արժանապատւութեան նպատակը կամ պէտքը։

Ա- Մեզ ուղղել դէպի ներքին խաղաղութիւն։ Ամէն մէկ որոշում առնուած է արժանապատւութեան լոյսին տակ։ Երբ կը շեղինք մեր սկզբունքներէն, գաղափարներէն եւ արժէքներէն, կը կորսնցնենք մեր խաղաղութիւնը։ Արժանապատւութիւնը, իբրեւ ինքնութեան հիմնական արժէք, կը յիշեցնէ մեզի այն Ճամբան, ուրկէ պէտք է քալենք։

Բ- Մեզ պաշտպանել վտանգաւոր եւ անբաղձալի դիրքերէ եւ մարդոցմէ։ Արժանապատւութիւնը կ’օգնէ մեզի գտնելու, տարբեր միջավայրերու մէջ, մեր կեանքին համապատասխանող արժէքներ։ Այս արժէքներուն շուրջ կը ստեղծուին մարդկային կապեր եւ յարաբերութիւններու առիթներ, որ մեզ կը զարգացնեն։

Առանց արժանապատւութեան կեանքը քաոս կը դառնայ։ Երբ աշխատինք, գտնենք եւ հասկնանք մեր ինքնութեան արմատը, այդ ժամանակ օգտակար կը դառնանք մեր ընտանիքին, ընկերութեան եւ ազգի տեսիլքին։ Այս ճամբուն վրայ, արժանապատւութիւնը միշտ պիտի կազմէ մեր ինքնութեան մէկ մասը ու աճի մեզի հետ։

18 Ապրիլ 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան