ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՆՈՒՆ ՇԱՀԻ ԵՒ ԿՈՐՈՒՍՏԻ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ

ԱՐԵԳ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ, իրաւաբանութեան ուսանող

Անձնական եւ հարազատ գաղափար մը ունենալը յոգնեցուցիչ է, մանաւանդ երբ դիրքորոշուիլ պէտք է միջազգային դէպքի մը խնդրով։ Պէտք է տեղեկանալ բախումի մէջ գտնուող ժողովուրդներու պատմութեան, կարդալ զանազան աղբիւրներ եւ մտածել։ Այս ամբողջը ժամանակի եւ ուժի սպառում է։ Մարդիկ ընդհանրապէս խնայել կ’ուզեն զանոնք, բայց միեւնոյն ժամանակ կ’ուզեն հանգիստ խիղճ ունենալ, ցոյց տալով ուրիշներուն, որ աշխարհի դժուարութիւններուն նկատմամբ անտարբեր չեն։

Ուկրանիոյ պատերազմը ամենաարդիւնաւէտ ձեւերէն մէկն է մարդոց համար այս հաւասարակշռութիւնը գտնելու, որովհետեւ մամուլը արդէն իրենց դիրքորոշումին համար ամէն ինչ պատրաստած է. մէկ կողմէն կայ վատը՝  յարձակող ռուսը, որ կը ներկայացնէ ինչ որ եւրոպացիները կ’ատեն, այսինքն՝ միահեծան իշխանութիւն եւ աւանդապաշտութիւն, միւս կողմէն կայ խեղճ եւ անմեղ ուկրանիացին, հարկաւ եւրոպամէտ, որ կ’ուզէ ազատիլ յարձակողին ճանկերէն։ Եւրոպացին, որ ընկերային ցանցերուն վրայ կը տարածէ հակառուսական միտքեր, ոչ միայն կորուստ չ’ունենար, որովհետեւ բոլորը իրեն համաձայն կ’ըլլան, այլեւ շահ կ’ունենայ, քաջալերուած զգալով իբրեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան։

Ֆրանսերէնով արտայայտութիւն մը կայ, «prêt-à-penser», որ կրնանք թարգմանել իբրեւ «պատրաստ գաղափար»։ Պարզ միտքեր են, որ դիւրին ձեւով ամէն ինչի պատասխանը կու տան եւ որոնց սեփականացման համար բնաւ ուժ վատնելու պէտք չկայ։ Ինչպէս կան պատրաստ ճաշեր եւ պատրաստ հագուստներ, կան նաեւ պատրաստ գաղափարներ. մարդիկ կը սպառեն մամուլին ծախած աժան պատրաստ գաղափարները, ինչպէս կէսօրին աճապարանքով կ’երթան McDonal’s-էն ճաշ պատուիրելու։ Ուկրանիոյ պատերազմը պատրաստ գաղափարի համով եւ արդիւնաւէտ խոհագիր մըն է, որովհետեւ թէ՛ ժամանակի կորուստ չկայ այս գաղափարը ունենալու համար, թէ՛ այս գաղափարը գնողը կը շահի մարդասէրի համբաւ։

Շահի եւ կորուստի հաւասարակշռութեան այս հետապնդումը միայն ժողովուրդները չեն կատարեր, այլ նաեւ ձեռնարկութիւնները։ Տեսանք, թէ ինչպէս անոնցմէ ոմանք յաջորդաբար Ռուսիոյ հետ իրենց կապը կտրեցին եւ հպարտութեամբ յայտնեցին, թէ կ’ընդունին տնտեսական կորուստ կրել յանուն Ուկրանիոյ զօրակցութեան։ Շատերը այս կապը խզեցին քննադատուելու մտահոգութենէն ելած։ Բայց արդեօք իրենցմէ քանի՞ն Ռուսիոյ հետ մտերիմ կապեր ունէր տնտեսական լուրջ կորուստ կրելու չափ։ Արդեօ՞ք Carrefour  ընկերութիւնը տնտեսական իսկական կորուստ կրեց, երբ Ֆրանսայի իր հանրախանութներէն մէկը յայտնեց, որ յանուն Ուկրանիոյ զօրակցութեան կ’արգիլէ ռուսական ապրանքներու առուծախը։ Կասկածելի է, մանաւանդ երբ գիտենք, որ արդէն հանրախանութներուն մէջ ռուսական շատ ապրանքներ չկան։ Այս որոշումը տալով ո՛չ միայն ընկերութիւնները տնտեսական կորուստներ չեն կրեր, այլեւ կը զօրացնեն իրենց մարդասիրական համբաւը։

Ուստի, երբ այս հաւասարակշռութեան տեսակէտով քննարկենք Արցախեան պատերազմը, կը հասկնանք, որ եւրոպացիին համար շատ հետաքրքրական դէպք մը չէ այդ։ Ինք ստիպուած է ուժ եւ ժամանակ վատնելու, որպէսզի  խորապէս տեղեկանայ պատերազմի մանրամասնութիւններուն, որովհետեւ պատրաստ գաղափարի առաջարկ մը չկայ մամուլի կողմէն, կամ աւելի ճիշտ, մամուլը չէզոք դիրքէն դուրս գալ չ’ուզեր։ Համբաւի կապակցութեամբ մասնաւոր շահ ալ պիտի չապահովէ, որովհետեւ քիչ մարդիկ կը հետեւին այս պատերազմին։ Ուրեմն, ինք կանգ կ’առնէ Արցախի՝ իբրեւ պետութիւն ընդունուած չըլլալու իրականութեան առջեւ եւ կ’եզրակացնէ, թէ երկու ժողովուրդներն ալ յանցաւոր են։ Այսպիսով, մարդասէր եւրոպացին կը գոցէ իր աչքերը մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներուն դիմաց եւ կը նախընտրէ պաշտպանել մամուլին իրեն համար որոշած դիրքը։

20 Մարտ 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

  1. Արեգ, դիւանագիտական ձեւով ցոյց տուիր մեզի եւրոպացիին մարդասէր ըլլալը։ Եւ աւելի ճիշտը, իր անկարողութիւնը մտածելու եւ ազատ մնալու ոեւէ մէկ ծանօթ կամ օտար ազդեցութիւններու դիմաց։ Եւ հարկաւ, մամուլը ունի զգայական ուժ մը, պատմութիւն գրելու եւ իրականութիւն մը ստեղծելու որուն շատ դիւրին է հաւատալ։

  2. Այո Գայանէ, մէկ կողմէն ցոյց տալ ուզեցի թէ Եւրոպացին բնաւ միտքի ազատութիւն չունի եւ նաեւ ցոյց տալ ուզեցի որ այսօր մարդիկ լուրերը եւ գաղափարները կը սպառէն, ինչպէս կը սպառէն ճաշեր կամ հագուստներ ։ Լուրը դարձաւ սպառման առարկայ ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան