Շաբաթ 12 Փետրուար 2022-ին ԾԻԾԵՌՆԱԿի երիտասարդական խումբը զրուցեց գեղեցկութեան չափանիշներու մասին։ Նիւթը հայթայթողն ու զրուցավարն էր Ալինա Իգիթեան՝ միջազգային եւ միջմշակութային տնօրինումի (management international et interculturel) մասնագիտութեան ուսանողուհի։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
ԱԼԻՆԱ ԻԳԻԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
Հարցադրում.
Արեւմտեան (կամ զարգացած) երկիրներու գեղեցկութեան չափանիշները կ’ազդե՞ն արեւելեան (կամ զարգացող) երկիրներու վրայ։
Գեղեցկութիւնը ենթակայական ըմբռնում է։ Որպէս համամարդկային արժէք՝ գեղեցիկի, հաճելիի բնաւորութիւնն է, որպէս գեղագիտական արժէք՝ ֆիզիքական բնաւորութիւն է, բայց անոր սահմանումը կը տարբերի անձէ անձ:
Այն հարցը, զոր ես կը բարձրացնեմ այս նիւթի շուրջ, հետեւեալն է. գեղեցկութեան չափանիշները կ’ազդե՞ն մեր վրայ: Մեծ ընկերութիւնները եւ ազդեցիկ մարդիկ, ինչպիսիք են սինեմայի յայտնի դէմքեր, երգիչներ եւլ., կը մղեն մեզ փոխելու մեր ապրելու ձեւը: Մենք, քանի անոնց հանդէպ յարգանք եւ սէր ունինք, կը գայթակղինք եւ կը փորձենք նմանիլ անոնց։ Այնուամենայնիւ, կը կարծեմ որ այս կախուած է անձէն: Չափահասը, ըլլալով աւելի հասուն քան դեռահասը, չի ձգտիր անպայման այսօրուան միտումներուն համապատասխան քալելու: Երիտասարդները աւելի հեշտութեամբ կ’ենթարկուին անոնց ազդեցութեան:
Խօսելով գեղեցկութեան չափանիշներու մասին՝ չենք կրնար չնշել երիտասարդուհիներու գեղեցկութեան ազգային եւ միջազգային մրցոյթները, որոնք տեղի կ’ունենան ամեն տարի։ Այս առթիւ կանանց արժէքի հարցը կը քննարկուի մի քանի տեսանկիւններէ. կանայք կ’անցնին մի քանի փուլէ, որոնցմէ մէկն է լողազգեստներով շքերթը։
Ոմանց կարծիքով, պէտք չէ կնոջ մերկ մարմինը դատել պաստառին ետեւէն. ուրիշներու կարծիքով՝ հակառակը, մարմինը պէտք է յարգուի որովհետեւ գեղեցիկ է։
Այս մրցոյթներու հետ կապուած բուն խնդիրը կանանց արժէքը կասկածի տակ դնելն է թերեւս: Ինչու՞ պէտք է կասկածի տակ դնես արժէքը մարդու մը, զոր չես ճանչնար, դատես պարզապէս քանի որ ան կը մասնակցի մրցոյթի։
Հայկական չափանիշները.
Հայերու յատուկ գեղեցկութեան ընդհանուր գիծերն են՝ մուգ մազեր, սեւ աչքեր, սրածայր/երկար քիթ, մազոտ մարմին: Անշուշտ սա ընդհանրութիւն է, բայց հաստատ է, որ մեզ բնականօրէն կը գրաւեն ասոնք, քանի որ ֆիզիքական այս յատկութիւնները մեզի ծանօթ են:
Այսօր, դրամապաշտ աշխարհի մէջ, ուր կ’ապրինք, կարելի չէ չհետեւիլ միտումներուն, թէկուզ քիչ մը: Սա կը վերաբերի բոլոր մշակոյթներուն: Հայը, որ կ’ապրի բազմամշակութային հասարակութիւններու մէջ, օրինակ՝ Ֆրանսա, պէտք է հետապնդէ իր ինքնութիւնը պահպանելու նպատակը։ Նախ ըսենք, որ ինքնութիւն պահպանելու փափաքը բնական է մարդու համար: Տարբեր ժողովուրդներ կը պայքարին իրենց երկիրներու ամբողջականութեան եւ իրենց մշակոյթներու գոյատեւման համար: Այդ փափաքին բնական ըլլալուն պատճառով է, որ մարդոց մէջ ինքնութեան հպարտութիւնը կը ծնի, հետեւաբար՝ ինքնահաստատման անհրաժեշտութիւնը։ Այս հպարտութիւնը կրնայ փորձութեան ենթարկուիլ, երբ նորեկ տարբեր մշակոյթներ քայքայող ազդեցութիւն ունենան մեր մշակոյթին վրայ:
Անհրաժեշտ է լաւ հաւասարակշռութիւն մը գտնել: Պէտք է ըլլալ լայնախոհ, բայց նաեւ յիշել, թէ ուրկէ կու գանք։ Այս կշիռը թերեւս դժուար ըլլայ պահպանել, երբ նկատի ունենանք ընկերային ցանցերու տարողութիւնը։
Բազմազանութեան մէջ ինքնութիւն պահպանելու միջոցներէն մէկն է ընկերակցութիւններու մաս կազմելը, համայնքային գործունէութիւններու մէջ ներգրաւուիլը, պատասխանատւութիւն վերցնելը։ Մշակութային ինքնութեան պահպանման փաստը ես կ’որակէի ներքին գեղեցկութիւն: Իսկապէս, ինքնութիւնն է մէկու մը ուժը, որ նոյնպէս գեղեցկութիւն է:
Ի վերջոյ, յօդուածին սկիզբը դրուող հարցումին ես կը պատասխանէի այո եւ ոչ։ Այո, որովհետեւ իսկապէս կայ արեւմտեան երկիրներու ազդեցութիւնը արեւելեան երկիրներու վրայ։ Գացէք՝ օրինակ Հայաստան եւ կը տեսնէք, թէ որքան ժամանակակից են դարձած մայրաքաղաքն ու անոր բնակիչները։ Նոյնպէս կ’ըսեմ՝ ոչ, որովհետեւ իւրաքանչիւր անձ ունի խիղճ եւ եզակիութիւն: Սա կը նշանակէ, որ մենք բոլորս ունինք տարբեր կարծիք եւ բոլորս չենք կրնար սիրել նոյն բանը, ինչպէս որ չենք կրնար սիրուիլ բոլորին կողմէն։
Վերջապէս, չափահաս մարդը ինք կ’որոշէ, թէ կ’ուզէ՞ հետեւիլ միտումներուն կամ ոչ։ Ան բաւականաչափ հասուն է սեփական ընտրութիւնը կատարելու համար: Հիմնականին մէջ, վտանգը կը վերաբերի երեխաներուն, որոնք չափահաս մարդոցմէ աւելի կ’ազդուին։ Երեխաները հեշտութեամբ կրնան ընկերային ցանցերու ոտնձգութիւններուն ենթարկուիլ, կախեալ ըլլալ անոնցմէ, հանդիպիլ իրենց տարիքին անհամապատասխան նիւթերու։
Այս վտանգներու դէմ պայքարելու համար որոշ երկիրներ կը սահմանափակեն Tik Tok-ի օգտագործման ժամանակը երեխաներուն համար։ Չինաստան օրական միայն 40 վայրկեանի իրաւունք կուտայ։
Ի՞նչ կը մտածէք։ Մենք ալ պէ՞տք է օրինակ վերցնենք անոնցմէ։
28 Փետրուար 2022