ԳԱՅԱՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ
ՍՈՐՎԻԼ, ՄՏԱԾԵԼ, ԲԱԺՆԵԿՑԻԼ
Հազիւ աչքերը բացած, նորածինը արդէն կը սկսի իր անձնական արկածախնդրութիւնը, որ զինք պիտի առաջնորդէ դէպի յատուկ փորձառութիւններ եւ հանդիպումներ։ Նորածինը այդպէս կը մեծնայ, սորվելով ինչ որ պէտք ունի ապրելու համար։ Եւ այն բոլոր սորվածներուն գումարն է, որ պիտի ըլլայ իր ինքնութեան հիմը։
Մարդը կ’ապրի իր բնազդներուն, սորված գիտելիքներուն եւ ապրած փորձառութիւններուն վստահելով։ Արդեօք մեզմէ քանինե՞ր կ’անդրադառնան, որ կեանքը շարունակական ուսում է։ Իւրաքանչիւր օր կը սորվինք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար եւ անոր համաձայն կու տանք որոշումներ եւ կը ստեղծենք կամ կը քանդենք կապեր։ Մեր չափահաս կեանքին ամենակարեւոր ժամանակները ուղղակիօրէն կապուած են մեր գիտելիքներուն (այս բառը չի վերաբերիր միայն մեր ուսումի մակարդակին, այլ նաեւ մեր գաղափարներուն եւ մեր ապրելակերպին)։
Եթէ մեր սորվածները մեզ արդէն կ’առաջնորդեն դէպի հանգիստ կեանք, ուրեմն ինչո՞ւ ջանք թափենք եւ գիտակցօրէն շարունակենք սորվիլ։ Պատասխանը պարզ է. որովհետեւ սորվիլ կը նշանակէ նաեւ մտածել եւ բաժնեկցիլ։
Ստորեւ երկու պատճառ, որ յուսամ մտածումի աղբիւր կը դառնայ մեր բոլորին համար.
ա. Չսորվող միտքը չի մտածեր։ Իսկ միտք մը, որ չի մտածեր, կը ծուլանայ։ Դուրս ելլելու համար մեր շինած հանգիստ շրջապատէն, պէտք ունինք մեր միտքերը հաստատօրէն մարզելու, որ մնան մեր հսկողութեան տակ։ Մարդ մը, որ կորսնցուցած է իր մտածելու կարողութիւնը, կ’ապրի առանց նպատակի։ Ճիշտ է, որ ան կրնայ հանդարտ կեանք ունենալ, բայց՝ առանց նորութեան, առանց սորվելու, հետեւաբար եւ առանց մտածելու՝ ան չի տարբերիր միւս կենդանիներէն։
Մտածենք փոխաբերական պատկերով։ Մեր անձնական տունը թող ներկայացնէ մեր միտքը։ Գիտենք, որ տուն մնալով ապահով եւ անհոգ կ’ըլլանք։ Եթէ բնաւ դուրս չելլենք, չենք զգար կարեւորութիւնը մեր դրացիները ճանչնալու, մեր քաղաքին օգտակար դառնալու կամ հանդիպելու նոր մարդոց։ Թէեւ կրնանք ձանձրանալ, բայց կը մնանք ապահով մեր գիտելիքներուն մէջ։
Պահ մը երեւակայենք, որ մեր միտքը անձնական տուն չէ, այլ քաղաք կամ երկիր։ Ինչպէ՞ս կը ներկայանայ այն։ Այո, այս տեսակ մտածումը մեզ կը ստիպէ աւելի ուշադիր ըլլալու, մեզ կը մղէ լքելու մեր ծուլութիւնը եւ ընդունելու նոր պատեհութիւններ։ Սկզբնական անհանգստութիւնը կը ցրուի, երբ հասկնանք, որ սորվիլը մտածել է եւ տունէն դուրս մտածելը շատ աւելի օգտակար է եւ նպատակայարմար։
բ. Երբ կը սորվինք, կը զարգացնենք մեր անձը, ինչպէս նաեւ մեր շրջանակը (մեր զաւակները, ընտանիքի անդամները, բարեկամները եւ գործընկերները)։ Սորվիլը բաժնեկցիլ է, առնել եւ ետ տալ, զօրաւոր կապեր ստեղծել եւ պաշտպանել։ Սորվիլ կը նշանակէ նաեւ սերունդներ պատրաստել աւելի լայն միտքերով եւ գաղափարներով։ Իրենց հետ բաժնել գիտելիքներ, ոչ թէ որպէսզի անպայման իմաստուն մարդեր դառնան, այլ որպէսզի մտածել սորվին։
Սորվիլը միայնակ գործունէութիւն չէ։ Փոխանակութիւն է, որ իր ամբողջ ազդեցութիւնը կը գտնէ ժողովուրդի մէջ, որովհետեւ, ի վերջոյ, մարդը միշտ եղած է ընկերային կենդանի։
Երբ մեր անձնականութիւնը հեռացնենք եւ համեստութեամբ սորվինք, նոր աշխարհ մը կը բացուի մեր դիմաց, որուն մէջ կարելիութիւնները անսահման են։ Մեզի կը մնայ ընդունիլ, որ ծոյլ միտքի հանգստութիւնը պատրանք է։
19 Հոկտեմբեր 2021