ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԽՕՍՔ – ԳԻՐ – ՊԱՏԿԵՐ. ՄԱՍ Գ. եւ վերջ

ՍԵՒԱՆ ԱՒԱՏԻՔԵԱՆ

ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆ ՉՈՐՍ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ 

Խօսքը, գիրը եւ պատկերը արտայայտուելու միջոցներ են, բայց տարբեր ձեւով կ̕ ազդեն մեր վրայ: Այս նիւթին մասին պիտի տամ իմ ենթակայական կարծիքս, քանի որ ամէն մարդ ունի իր յատուկ մօտեցումը:

Ինծի համար արտայայտուելու այս երեք միջոցները կարելի է բաղդատել չորս մակարդակի վրայ. անոնք են՝ ուժգնութիւն, ժամանակաւորութիւն, արհեստագիտութիւն եւ ձեւի կարեւորութիւն:

Խօսքը հաղորդակցութեան ամենադիւրին եւ ազդու միջոցն է, քանի որ երկու կողմերու միջեւ ընդհանրապէս միջնորդ չկայ: Միջնորդի մը պարագային, խօսքը իր ուժը կը կորսնցնէ: Խօսքը նաեւ կենդանի միջոց է եւ աւելի արագ կը ներգործէ միտքի վրայ: Օրինակի համար, ուսուցիչն է, որ իր խօսքերով դասագիրքերուն կեանք կու տայ եւ աշակերտներուն կը սորվեցնէ: Նկարին ուժը, սակայն, կը գտնուի իր ամփոփ ըլլալուն մէջ։ Յաճախ կ̕ ըսենք որ մէկ նկար կրնայ արժել հազար բառ:

Արտայայտուելու այս միջոցները տարբեր յարաբերութիւններ ունին ժամանակին հետ: Խօսքը աւելի՝ վայրկենականի հետ կապ ունի, մինչդեռ գիրը անջնջելի միջոց մըն է, որ կը փոխանցուի դարէ դար առանց փոփոխուելու: Օրինակի համար, գիրերու միջոցո՜վ կրցանք արձանագրել մարդկութեան պատմութիւնը:

Այս երեք միջոցները՝ խօսք, գիր, պատկեր, ո՜չ թէ միայն տարբեր արդիւնք ունին, այլ նաեւ տարբեր կարողութիւններ կը պահանջեն: Բացի լեզուներու պատուարը, զոր չունի նկարը, գրեթէ ամէն մարդ խօսելու կարողութիւն ունի։ Սակայն գրելը եւ նկարելը աւելի շատ գիտութիւն կ’ուզեն: Թերեւս մեզմէ շատերը կրնան նկար մը կամ բանաստեղծութիւն մը հասկնալ, բայց ո՞վ կ՜ըսէ, որ յուզումներ կրնան փոխանցել գրելով կամ նկարելով:  

Վերջապէս, նախորդ պարբերութիւնը մեզի կը հասցնէ ձեւի կարեւորութեան: Մինչ խօսքը եւ նկարը ազատ արտայայտուելու միջոցներ են, գիրը բաւական կանոնագրուած (codifié) միջոց է, ուր գիտութիւնն ու ձեւը պէտք է հաւասարակշռել: Բովանդակութիւնը եւ ձեւը այսքան կարեւորութիւն կը ստանան թերեւս որովհետեւ ամէն մէկ սխալ եւ թերութիւն շուտով կը նկատուի:

Ուստի, այս երեք միջոցները ունին իրենց առաւելութիւնները, իսկ իրենց գործածութիւնը եւ ազդուութիւնը կախեալ է կացութենէն եւ մարդոց զգացումներէն:

1 Սեպտեմբեր 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան