ԳԱԲՐԻԷԼ ՍԱՐԱՅԼԸ
ՇԱՐԺՈՒՆՆ ՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆԸ
Խօսքը, գիրը եւ պատկերը միտքեր ու զգացումներ փոխանցելու համար գործածուած միջոցներ են։ Մեր միտքերն ու զգացումները փոխանցելու ժամանակ կրնանք այս միջոցները գործածել զատ-զատ կամ միասին։ Օրինակ, մեր խօսած ատեն բացառուած չէ, որ նոյն ատեն ձեռքով ալ ձեւեր ընենք, որպէսզի դիմացի անձը մեր ներքին զգացումները աւելի լաւ հասկնայ։ Ձեռքի ձեւերը կրնան պատկերել մեր ըսածները եւ ահաւասիկ՝ խօսքն ու պատկերը միասին ծառայած կ’ըլլան միտքերու փոխանցումին։
Սակայն այս տեսակէտը մակերեսային է։ Այս տրամաբանութեամբ պարզապէս կը կապենք խօսքը մարդու ձայնին, գիրը՝ տառերուն, իսկ պատկերը՝ աչքի տեսածին։ Շատ աւելի խորքային տարբերութիւններ կը բաժնեն այս արտայայտութեան միջոցները։ Հակառակ խօսքին, որ կենդանի է ու ցնդող, գիրն ու պատկերը անշարժ են ու մնայուն։ Այս սահմանումով, համր անձերուն գործածած «նշաններու խօսքը» ճիշտ ձեւով պէտք է համարուի իբրեւ խօսք եւ ոչ թէ պատկեր, որովհետեւ արտայայտութեան կենդանի ձեւ մըն է։ Իսկ ձայնագրութիւնները պէտք է համարուին իբրեւ գիր, որովհետեւ անշարժ (մնայուն) են, նոյնիսկ եթէ ձայներ են, որ կը լսուին։
Գիրը եւ պատկերը նոյնպէս անշարժ են։ Ի՞նչ է ուրեմն երկուքին միջեւ եղած տարբերութիւնը։ Պատկերով կրնանք աւելի ուղիղ ձեւով ներկայացնել մեր միտքերը եւ աւելի արագ փոխանցել զանոնք։ 21-րդ դարուն, երբ ժամանակը չափազանց յարգի է եւ ոչ ոք այլեւս շատ ժամանակ ունի իր տրամադրութեան տակ, պատկերը աւելի շատ կ’օգտագործուի։ Միեւնոյն ատեն, պատկերով կարելի կը դառնայ նաեւ տարբեր մշակոյթի եւ ժողովուրդի պատկանող անձի մը հետ հաղորդակցիլը։ Սակայն, հակառակ այս առաւելութիւններուն, պատկերը կը փոխանցէ պարզ միտքեր միայն եւ երբ փորձենք բարդ մտածումներ յայտնել, արագօրէն կը դառնայ շփոթ։
Ձեւով մը՝ կրնանք ըսել, որ գիրը պատկերին ծայրայեղ ձեւն է, ուր ամէն նշան ունի իր նշանակութիւնը խումբ մը անձերու համար եւ որու միջոցով կարելի կը դառնայ բարդ մտածումներ յայտնել յստակ ձեւով։ Անկասկած, գիրը պատկերէն աւելի անթափանց է, երբ կը գործածուի տարբեր մշակոյթի եւ ժողովուրդի պատկանող անձի մը հետ հաղորդակցելու համար։
12 Օգոստոս 2021