Այս նիւթով երիտասարդական մեր խումբին զրոյցը տեղի ունեցաւ Յունիս 19-ին։ Նիւթը առաջարկողներն ու զրուցավարներն էին Նոյեմի Շահմիրեան եւ Լիւսի Օսեբեան։ Այստեղ՝ շարունակաբար պիտի ներկայացնենք մասնակիցներէն երեքին խորհրդածութիւնները։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
ՍԱՐԳԱՀ
ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Մարդ արարածը առանձնայատուկ է իր միտքը արտայայտելու եւ հաղորդակցելու կարողութեամբ։ Այդ անհրաժեշտութիւն է իր կեանքէն ներս, ինչպէս սնունդը, ջուրը եւ թթուածինը։ Անցնելով Լասկոյի քառանձաւի ժայռապատկերներէն, մագաղաթեայ դարաւոր ձեռագիրներէն եւ հասնելով ներկայի ընկերային ցանցերուն, խօսքը, գիրն ու պատկերը մեծ դեր ունեցած են եւ ունին մարդու կեանքէն ներս։ Հետաքրքրական կը թուի հոս սահմանել այս երեքին կարեւորութիւնը եւ փորձել համեմատել իրենց ուժը։
Խօսքը, գիրն ու պատկերը կրնանք պարզապէս տեսնել իբրեւ տեղեկութեան փոխանցման եւ հաղորդակցութեան գործիք կամ միջոց։ Անոնցմէ առաջինը եղած է պատկերը, նախնադարեան շրջանին, երբ լեզուները տակաւին չէին յառաջացած եւ մարդ ուզած է պատմել իր արկածախնդրութիւնները եւ նամանաւանդ փոխանցել գիտելիքներ իր որսի, զէնքի եւ գործիքներու մասին։ Ժամանակի ընթացքին մարդ արարածը զարգացած է եւ մէջտեղ եկած են լեզուներ, որոնց շնորհիւ ան ունեցած է խօսելու եւ ապա գրելու կարողութիւն։ Այս երեք միջոցներն ալ ունին իրենց առաւելութիւնները իբրեւ տեղեկութեան փոխանցման գործիք։ Պատկերը հասանելի եւ հասկնալի է բոլորին․ այդ առումով ան անկախ է յատուկ լեզուէ եւ ազգութենէ։ Իսկ գալով խօսքին ու գիրին, անոնք կապուած են լեզուի մը եւ նման են իրարու, որովհետեւ կը ներկայացնեն նոյն միտքին արտայայտութիւնը, մէկը բանաւոր, միւսը գրաւոր։ Սակայն գիրը կրնանք նկատել տեղեկութեան փոխանցման աւելի զօրաւոր գործիք, քան խօսքը, որովհետեւ մէկ գրուած բառ կրնայ գոյատեւել ժամանակի ընթացքին եւ ճամբորդել տարբեր վայրեր անկախ զայն գրողէն, իսկ նոյն բառը արտասանուած՝ անբաժան է իրեն արտասանողէն եւ գոյութիւն ունի միայն իր արտասանուած վայրկեանին եւ արտասանուած վայրը։
Կ՛ուզեմ, որ փոխենք մեր դիտանկիւնը խօսքին, գիրին եւ պատկերին նկատմամբ, հասկնալու համար անոնց ընկերա-տնտեսական ազդեցութիւնը։ Պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ այսօր խօսքի, գիրի եւ պատկերի տիրապետումը տարբեր մակդիրներ տուած է անհատին, որ իր կարգին ազդեցութիւն ունեցած է անոր եկամուտին եւ ընկերային կեանքին վրայ։ Օրինակի համար, խօսքին տիրապետող անձը դարձած է ճարտասան, հրապարակախօս եւ վերջապէս՝ առաջնորդ իր ընկերութեան մէջ․ գիրին տիրապետողը դարձած է ուսուցիչ, գրագէտ կամ լրագրող․ իսկ պատկերինը՝ արուեստագէտ կամ լուսանկարիչ։ Ինչպէս կը տեսնենք, խօսքը, գիրն ու պատկերը մեզ կրնան առաջնորդել դէպի տարբեր ասպարէզներ՝ քաղաքականութիւն, կրթութիւն, լրագրութիւն, արուեստ եւայլն։ Հոս հարկաւոր է անդրադառնալ նաեւ հակառակին՝ ասոնց ոչ- տիրապետումին, այսինքն անգրագիտութեան եւ անոր ընկերա-տնտեսական ազդեցութեան։ Այո, անցեալին բաղդատմամբ անգրագիտութիւնը շատ նուազած է այսօր, սակայն տակաւին գոյութիւն ունի եւ ներկայիս շատ դժուար է աշխատանք գտնել որեւէ ոլորտի մէջ, երբ կարողութիւն չունիս գրելու եւ կարդալու։
Եկէք հիմա անդրադառնանք խօսքին, գիրին եւ պատկերին միաւորելու ուժին։ Այս երեքը մեծ դեր կը խաղան ազգի մը հիմնաւորման եւ զարգացման մէջ։ Ազգեր մէջտեղ եկած են նոյն շրջանին մէջ ապրող եւ նոյն լեզուն խօսող համայնքներէն, որոնք ժամանակի ընթացքին կերտած են պատմութիւն։ Ուրեմն խօսքն ու գիրը հիմնական դեր կը խաղան ազգի մը ինքնութեան եւ գոյատեւման մէջ, որովհետեւ խօսքին եւ գիրին շնորհիւ է, որ կրնանք կենդանի պահել անոր լեզուն, պատմութիւնը եւ ինքնութիւնը։ Այս չի նշանակեր, որ պատկերը միաւորման ուժ չունի ազգի մը համար, ընդհակառակը պատկերը կրնայ ըլլալ խորհրդանիշ, վայր կամ իտէալ, ինչպէս որ Արարատը խորհրդանիշ է, Ծիծեռնակաբերդը վայր է, «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»-ը իտէալ է։
Վերադառնալով խօսքի միաւորելու ուժին, կ՛ուզեմ խօսիլ նշանաբաններու մասին։ Նշանաբաններ մարդիկ միաւորած են եւ մէջտեղ բերած են քաղաքական, ընկերային, մարդկային եւ մարզական շարժումներ եւ միութիւններ, որոնցմէ կարելի է յիշել «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» ՀՄԸՄ-ի նշամաբանը, «Je suis Charlie» 2015-ի Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչութեան դէմ ցոյցերէն, «I have a dream» («Ես երազ ունիմ») Մարդին Լութեր Քինկի 1963-ի ճառէն, «كلّن يعني كلّن» («բոլորը՝ այսինքն բոլորը») 2019-ի լիբանանցիներու բողոքի ցոյցերէն։
Այսօր կ՛ապրինք համաշխարհայնացման դարը, ուր ամէն ինչ հասանելի է եւ որեւէ մէկ տեղեկութիւն երկվայրկեանօրէն կը սփռուի աշխարհով մէկ։ Արդեօք այս պայմաններուն մէջ կ՛ուղղուինք դէպի մէ՞կ գիր, մէ՞կ լեզու։ Անձնապէս չեմ հաւատար, որովհետեւ միայն մէկ գիր, մէկ լեզու գործածելով մարդ պիտի կորսնցնէ իր ինքնութենէն մաս մը եւ այդ ինքնութիւնն է, որ մեզի կու տայ հարստութիւն եւ երանգներ իբրեւ մարդ արարած։ Ամենայնդէպս, եւրոպացիներու միջեւ հաղորդակցութիւնը դիւրացնելու նպատակով յղացուած արհեստական լեզուն՝ Էսպերանդոն Եւրոպական Միութեան պաշտօնական լեզու դարձնելու ծրագիրը չէ յաջողած։ Կը կարծեմ, որ այդ ձախողութեան պատճառը այն է, որ լեզուն, այսինքն խօսքն ու գիրը չենք կրնար արտադասել ազգէն, մշակոյթէն եւ ինքնութենէն, դարձնելով զայն լոկ հաղորդակցութեան գործիք։
Այսօր կայ նաեւ ուրիշ իրականութիւն, որն է ընկերային ցանցերուն վրայ կազմաւորուող գիրի, խօսքի եւ պատկերի խառնուրդ մը․ առցանց խօսակցութիւնները լեցուն են էմոժի-ներով (émoji – պատկեր), ձայնապատգամով (message vocal) եւ տեսերիզներով, եւ երբ կ՛ուզենք հետեւիլ լրատուամիջոցներուն, գրեթէ բոլոր հաղորդումները մէկ-երկու վայրկեան տեւողութեամբ մէկտեղում են խօսքի (հաղորդավար), գիրի (վերնագիր, կարեւոր բառեր) եւ պատկերի (նկարահանում)։
«Խօսք», «գիր» եւ «պատկեր»․ այո, կը թուին պարզ, առօրեայ բառեր, սակայն ունին խորունկ իմաստ եւ ըմբռնում։ Այս երեքն են, որ պահած են մարդ արարածի շարունակականութիւնը նախնադարէն մինչեւ այսօր, փոխանցելով պատմութիւն եւ գիտութիւն։ Անոնք ունին նաեւ մեծ ազդեցութիւն մարդու կեանքին վրայ, յատկապէս այսօր, երբ կարելի է դիւրութեամբ ձեռնավարել եւ խեղադիւրել անձի մը խօսքը, գիրը կամ պատկերը։
10 Յուլիս 2021
One Response
Շատ հետաքրքրական եւ հակիրճ յօդուած մը կարդացի հակառակ որ նիւթը բաւական ծանր էր։ Կը կարծեմ որ ապագային, խօսքը, գիրը եւ մանաւանդ պատկերը պէտք պիտի ունենան վաւերացումի (authentification)։ Արդեօ՞ք ինչ ձեւով այդ վաւերացումը պիտի խանգարէ մարդոց ինքնութիւնը եթէ իրենց խօսքերը, գիրերը եւ պատկերները միշտ հարցաքննութեան տակ ըլլան։