ԱԼԻՍԱ ԻԳԻԹԵԱՆ
ԹԱՊՈՒ
Եթէ կեանք կայ, ուրեմն կայ նաեւ մահ։ Կրօնք, գիտութիւն եւ մշակոյթ կեանքն ու մահը կը ներկայացնեն իրարու հարազատ եւ զիրար լրացնող։
Մահուան մեր մօտեցումը փոխուած է դարերու ընթացքին։ Փոխուած են նաեւ մահուան պատճառները։ Հին ժամանակներուն մահը մարդոց առօրեան էր, բոլորը կը վախնային մահէն, բայց զարմանալի չէր մահանալը։ Հիմա՞. կը զարմանանք, երբ մեր հարազատը մեռնի, որովհետեւ մեր առօրեային մաս չի կազմեր մահը։
Կրօնքի մէջ չէ թոյլատրուած ինքնասպանութիւնը կամ ինչ որ կը մղէ մահուան, քանի որ մեղք կը համարուի Աստուծոյ հանդէպ։ Բայց գիտութիւնը կ’ապացուցէ, որ մարդու մարմինը կենդանի է եւ բնութեան օրէնքով օր մը պիտի մահանայ։ Իսկ հոգի՞ն. այդ արդէն ուրիշ պատմութիւն է։
Ուրիշ բան մըն ալ նկատած եմ. ներկայ դարուս, թաղելու ձեւերն ալ փոխուած են։ Տնտեսական եւ բնապահպանողական պատճառներով ժողովուրդը կը նախընտրէ դիակիզել մարմինը, քան թէ թաղել դամբարանի մէջ։ Մարմին այրելը ցոյց կու տայ, որ մենք կը խուսափինք անկեանք մարմինը տեսնելէ։ Թապու է մեռած մարմինը։ Մարդկանց առջեւ տխուր երեւալն ալ թապու է, ատոր մասին խօսիլն ալ։ Նոյնիսկ պէտք կը զգացուի մահը յայտարարելէ առաջ շրջապատը պատրաստել։
Մշակոյթներ կան, ուր մահը չի նշանակեր վերջ, այլ՝ ուրիշ կեանքի մը սկիզբ ուրիշ մարմինի մէջ։ Արեւմտեան մշակոյթը չի գնահատեր այդ վերամարմնաւորուող երեւոյթը։ Անոր համար դժուար է պատկերացնել հոգին, որ հազարաւոր տարիներու ընթացքին անընդհատ կը փոխէ իր մարմինը։ Բայց եւ այնպէս, կրօնքն ու ընկերութիւնն են մահուան մասին մեր տեսակէտը ձեւաւորողները։ Մենք միշտ պիտի փնտռենք մեր կեանքը երկարել եւ հեռանալ մահէն։ Մարդուն բնազդը մահէ խուսափում է։
Ի վերջոյ, ամէն մէկը ուզած ձեւով կը մեկնաբանէ մահը։ Կրնանք ընտրել կրօնքի կամ գիտութեան մտածելաձեւը։ Բայց, ինչ ալ ըլլայ պարագան, բոլորս ալ նոյն տեղը պիտի վերջանանք. հողին մէջ։
23 Սեպտեմբեր 2020
ՆՈՅԵՄԻ ՇԱՀՄԻՐԵԱՆ
ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ ՄԱՀՈՒԱՆ ԴԷՄ
Ի՞նչ է մահը։ Բոլորս հաւասար ենք անոր առջեւ. չենք գիտեր ե՞րբ պիտի գայ մեր ժամը, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ կը կատարուի, երբ մենք այլեւս չըլլանք։ Մէկ բանի վստահ ենք՝ մահը ամենէն մեծ գաղտնիքն է մարդուն համար։
Մարդը միշտ ուզած է ունենալ կեանքի բոլոր պատասխանները, գիտութեամբ հասկնալ իր միջավայրը, բնութիւնը։ Ասո՛ր համար է, որ մեր ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունի պայքար մահուան դէմ։ Ինչո՞ւ դէմ ենք. որովհետեւ ան տարած է մեր սիրած անձերը։ Ասիկա կը նշանակէ մեծ կորուստ՝ հոգեկան, յիշատակներու, զգացումներու, որոնցմով կ’ապրինք եւ չենք կրնար պատկերացնել մեր միտքերուն վերջը։
Մենք անընդհատ կը վախնանք եւ կը խուսափինք իրմէ ամենօրեայ զբաղումներով։ Վերջերս, համաճարակի պատճառով, մահը շատ ներկայ եղաւ եւ զբաղումները խստօրէն նուազեցան մեկուսացման ժամանակ։ Միայնակ մարդիկը՝ մանաւանդ, տառապանքի մէջ մնացին։
Ինչպէ՞ս ընդունինք անհասկնալին։ Այդ հարցով կրօնքը կը մխիթարէ մեզ։ Մեզի գուցէ չի տար պատասխան, բայց կու տայ յոյս եւ կը միացնէ ժողովուրդը յիշեցնելով, որ մինակ չէ։ Կրօնքը մարդու ստեղծածն է, հիմնուած է մահուան մասին անոր անպատասխան մնացած հարցումներէն։ Ամէն անձ, կարծիքովս, ունի մահուան իր մօտեցումը, հաւատացեալ ըլլայ ան, կամ ոչ։ Ձեւով մը պէտք է ընդունի եւ ապրի կեանքը հանգիստ միտքով։
Մահը արժէք կու տայ այս կեանքին։ Գիտնալով որ մենք ժամանակավրէպ անձեր ենք եւ պիտի օր մը լքենք աշխարհը, կը փորձենք գոնէ լաւ անցընել այս ժամանակը, մեր սիրած անձերուն օգուտ մը տալ եւ ըլլալ, ուրախացնելով, փոխանցելով մեր մտածելակերպը, գիտելիքները կեանքի մասին։ Այսպիսով, երբ մեր հերթը գայ մահանալու, ձգած կ’ըլլանք մեր յիշատակը ապրողներուն։ Մեր յիշատակը կ’ապրի անվերջ, լեզուի մը պէս, զարգանալով տարիներու ընթացքին։
Ապրինք մեր կեանքը պարզօրէն, ներկային մէջ, քաջաբար, տարածենք բարին։ Մէկ խօսքով՝ վայելենք կեանքը։
28 Սեպտեմբեր 2020