ԳԱՅԱՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ
ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՅՔԱՐԸ ԴԷՊԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄ
Կեանքի եւ մահուան մասին գաղափարները բազմաթիւ են։ Թէ՛ պատմական, թէ՛ կրօնական, թէ՛ փիլիսոփայական մօտեցումներով տրուած ամենապարզ բացատրութիւնները կը համաձայնին հետեւեալ կէտերուն մէջ. կեանքը ողջ է եւ միշտ շարժումի մէջ, իսկ մահը կատարեալ է, վերջաւորութիւն, եւ երբ գայ՝ ա՛լ կեանքը գոյութիւն չ’ունենար։
Արդեօք այս երկու մտապատկերները իրարու հակադի՞ր են։ Շատ դիւրութեամբ կրնանք ՙայո՚ պատասխանել այս հարցումին, որովհետեւ անոնք հակառակ միտքեր են։ Բայց եթէ աւելի խորանանք, կ’անդրադառնանք, որ թէեւ մահուան մէջ կեանք չկայ, բայց կեանքի մէջ մահը անխուսափելի է, իսկ կորուստը՝ դեռ աւելի, որովհետեւ կորուստ կայ նոյնիսկ մահէն անկախ, ինչպէս՝ բարեկամութեան կորուստ, մանկութեան կուրուստ, նիւթական կորուստ, եւլ։ Ուրեմն մահը կեանքին հակառակը չէ, այլ անոր կարեւոր մէկ բաժինը կը ներկայացնէ։ Ան կեանքին ձեւ կու տայ, ստեղծելով նոր ճամբաներ եւ փոխելով հին ապրելակերպեր։ Ընդհանրապէս, կորուստը անակնկալ ձեւով կը հասնի մեր կեանքին մէջ, մեզ ձգելով շուարած, տխուր կամ նոյնիսկ զայրացած։ Վստահօրէն կրնանք եզրակացնել, որ առանց մահի կամ կորուստի, կեանքը ուղղութիւն չէր ունենար։ Ան կը շարունակուէր յաւիտեան, առանց բարեշրջութեան։
Մահը միշտ խորհրդաւոր գաղափար մը եղած է մարդոց համար։ Ան մինչեւ հիմա կը մնայ անբացատրելի փորձառութիւն։ Այդ պատճառով, կրօնքները փորձած են ժամանակի ընթացքին օրէնքներ եւ սովորութիւններ ստեղծել, որ մարդիկ համաձայնութեամբ ապրին միասին։ Կրօնքը, որ հաւատքի հետ պէտք չէ շփոթել, ծէսերու միջոցով օգնած է գտնելու հանգստութիւն, յաղթահարելու համար կորուստը։
Հակառակ բոլոր պատերազմներուն, որ տեղի կ’ունենան յանուն կրօնքի, մահուան դիմաց կրօնական օրէնքները մարդիկը կը միացնեն իրարու։ Կրօնքի հետեւող ժողովուրդը կը խոնարհի կորուստին առջեւ եւ կը սկսի մխիթարութիւն փնտռնել։ Իրապէս, բոլոր կրօնքներուն գործը պատասխան տալ եղած է։ Մարդիկ վախի մէջ չձգելու համար, կրօնքը կ’առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի անոր ընդունումը եւ ներքին խաղաղութիւն։
Վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին, գիտութիւնը տարբեր ճիւղերու մէջ արագօրէն զարգացաւ։ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ընդունեց այդ զարգացումը փոխելով իր ապրելակերպը։ Սակայն գիտութեան զարգացումը ունի իր սահմանները։ Մահուան դէմ տեղի ունեցող պայքարը կը կազմէ միայն մէկ մասը աւելի լայն շարժումի մը, որ կը ձգտի մարդկային հակակշռի տակ պահել բնութիւնը։ Բացայայտօրէն այն կը մնայ երազ։ Մահուան եւ կեանքի մասին աւելի ապագայապաշտական (futuristique) մտապատկերներ թոյլատրեց մանաւանդ բժշկութեան զարգացումը։ Աւելի՛ վստահելով իր գիտութեան վրայ, մարդը սկսաւ աւելի ազատ զգալ եւ կենսաբանական սահմանները ընդլայնել։ Մահը, որ կեանքի շրջանին մէջ բնական տեղ ունի, դարձաւ պայքարի պատճառ մը։
Մահը կը մնայ անըմբռնելի նոյնիսկ երբ ակնկալուած է, որովհետեւ կարելի չէ անտարբեր մնալ անոր դիմաց։ Մահը կը մօտեցնէ ժողովուրդը, կը մէկտեղէ եւ երբեմն ալ կ’ազատէ։ Ան կը խօսի բոլորին զգացումներուն եւ կը հաւասարեցնէ բոլորին պայմանները։ Եթէ ժողովուրդը շարունակէ պայքարիլ մարդկային զարգացման համար, կը հասնի այդ եզրակացութեան, որ մահը ընդունելի է։ Մահը պէ՛տք է վերածնութեան համար։ Ան դրական կը դառնայ, երբ մարդը իր կեանքը կը նուիրէ բարեգործութեան, արժէք կու տայ բնութեան եւ կը պայքարի միշտ ունենալու արդարամտութիւն։
Դէպի իմաստուն կեանք առաջին քայլը կը մնայ մահուան ընդունումը։
13 Սեպտեմբեր 2020