Այս նիւթով մեր երիտասարդական խումբին վիճարկումը տեղի ունեցած է 29 Օգոստոս 2020-ին։ Յօդուածաշարքին Ա. մասը լոյս տեսած է Սեւան Աւատիքօղլուի հեղինակութեամբ 2 Սեպտեմբեր 2020-ին։ Կը շարունակենք ընդհատուած նիւթը։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
ՆԱԹԷԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ
ՆԵՐԿԱՅ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՀՈՒԱՆ ԴԻՄԱՑ
Կեանք ու մահ. ահաւասիկ երկու նիւթեր, որոնց մասին դիւրութեամբ չենք խօսիր։ Ինչո՞ւ: Թերեւս կը խորհինք, թէ մեզի կամ դիմացի անձին տխրութիւն կրնայ պատճառել։ Նաեւ, քանի որ բոլորս նոյնպէս չենք ըմբռներ այս գաղափարները եւ կը նախընտրենք չխօսիլ նեղութիւն չպատճառելու համար։
Սկսինք մտորել այս գաղափարներուն նշանակութեան մասին։ Կեանքը ապրելու հետ կապ ունի. մինչեւ այն ատեն, որ շունչ կայ, ողջութիւն կայ՝ կեանք կայ։ Երբ շունչը կը կենայ, մահը կը սկսի։ Մահը կրնայ ըլլալ անհատի մահ, բայց նաեւ յիշատակի կամ զգացումի մահ, որոնք անհետանալով վերջ կը դնեն ապրումի մը։
Նշենք, թէ կեանքը ու մահը անպայման իրարու հակադիր գաղափարներ չեն։ Երկուքն ալ կենսաշրջանին մաս կը կազմեն։ Գոյութիւն մը կը սկսի ծնունդով, այսինքն՝ երբ անձ մը կեանքի կու գայ, իսկ ժամանակի ընթացքին կ’ապրի ու յիշատակներ կը կերտէ, մինչև այն օրը, երբ կը հասնի կենսաշրջանի վերջին հանգրուանը, որ մահն է։ Հոս կը գտնուի ֆիզիքական մահի մէջ, բայց յիշատակը կը մնայ։ Հակառակն ալ ճիշդ է. կան պարագաներ, ուր ֆիզիքական մահ տեղի չ’ունենար, բայց կը հանդիպինք յիշատակի կամ զգացումի մահուան։
Հետաքրքրական է նաեւ մահը ուսումնասիրել կրօնքի տեսանկիւնէն։ Ամէն կրօնք իր տարբեր բացատրութիւնը ունի մահուան եւ մանաւանդ անոր հետեւանքին մասին։ Քրիստոնեաները՝ օրինակ, կը հաւատան, թէ մահը նոր կեանքի մը սկիզբն է, զոր կը կոչեն յաւիտենական կեանք։ Ուրիշ կրօնքներ կ’ըսեն, թէ մահէն վերջ հոգին ուրիշ մարմին կը ճամբորդէ եւ նոր կեանք մը կ’ապրի աշխարհի վրայ (hindouisme): Բայց նոյնիսկ երբ հաւատքները տարբերին, գրեթէ բոլոր կրօնքներուն մէջ մահը մարմինի եւ հոգիի բաժանումն է։
Այսօրուան ընկերութիւնը մահուան նիւթը կը գործածէ իր նպատակներուն հասնելու համար։ Շատ ատեն իրականութիւնը կը փոխէ, որպէսզի ժողովուրդը վախի մէջ չապրի եւ բողոքները չշատնան։ Նաեւ, որպէսզի ժողովուրդը շարունակէ գործածել արտադրանքեր, որոնք կրնան առողջութեան համար վտանգաւոր ըլլալ, ինչպէս՝ քիմիական դեղերով աճող բերքը։ Ընկերութիւնը չի շեշտեր մարդոց կեանքին վրայ նման երկրագործութեան ձգած հետեւանքները, որպէսզի տնտեսութիւնը չխանգարուի։ Հակառակը կը պատահի դեղագործութեան ճարտարարուեստի պարագային, երբ նոր դեղ մը ստեղծուի։ Այն ատեն ընկերութիւնը թուանշաններու փաստերով մէջտեղ կը բերէ հիւանդութեան ու մահուան նիւթը, որպէսզի վախ ստեղծելով համոզէ ժողովուրդը, որ գնէ զայն։
Վերջապէս, կ’անդրադառնանք, թէ այս երկու գաղափարներուն մասին խօսիլը այնքան նեղացուցիչ չէ եւ կարեւոր ու հետաքրքրական է աշխարհը հասկնալու համար։
23 Սեպտեմբեր 2020