ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԴԱՐՁԵԱԼ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ

ՍԵՒԱՆ ԱՒԱՏԻՔԵԱՆ

Նախ եւ առաջ սահմանենք յիշողութեան երկու մեծ ճիւղերը: Առաջինը անձնական յիշողութիւնն է, որ միայն մեր անձնական պատմութեան կը վերաբերի: Կը յիշենք ինչ որ իբրեւ անձ կ’ուզենք յիշել։

Երկրորդը հասարակաց յիշողութիւնն է: Աւելի խորունկ գաղափար մը, որ կը վերաբերի ոչ միայն անձին, այլեւ ընդհանուրին՝ համայնքներու կամ պետութիւններու. եւ այս պարագային, կրնայ դառնալ դիւանագիտական զօրաւոր գործիք մը։

Իմ կարծիքովս պէտք է ընդգծել, որ հասարակաց  յիշողութիւնը ո՛չ թէ միայն քաղաքական խաղ մըն է, այլեւ տնտեսական եւ պիզնեսի խաղ։ Ուստի, համայնքները բնաւ հաւասար չեն այս հասարակաց  յիշողութեան առջեւ: Որպէսզի երկիր մը համայնքի մը ողբերգութիւնը յիշէ, կա՛մ պէտք է, որ գաղութը ճնշում բանեցնէ երկրին վրայ (որեւէ ձեւով՝ ներքին կամ արտաքին), կա՛մ պէտք է, որ յիշողութեան արարքը Խնդիր չստեղծէ յիշող երկրին համար:

Այս կէտը պատկերացնելու համար, նոյն նիւթով ԾԻԾԵՌՆԱԿի մէջ լոյս տեսած նախկին յօդուածներուն (3-5-7 Մայիս 2021) օրինակները առնենք. այսինքն՝ Ռուանտայի, հրեաներու եւ հայոց ցեղասպանութիւնները։

Հրեաներու ողբերգութեան յիշողութիւնը ընդունուեցաւ, որովհետեւ ժամանակին (եւ մինչեւ հիմա) մեծ ճնշում եղաւ աշխարհի պետութիւններուն վրայ, նկատի առնուեցաւ նաեւ Իսրայէլի  ռազմագիտական կարեւոր դերը:

Ռուանտայի ցեղասպանութեան յիշողութիւնը կը յարգուի Ֆրանսայի մէջ, որովհետեւ այդ արարքը հետեւանք չունի Ֆրանսայի համար։ Ռուանտան ուղիղ վնաս մը չէ, ընդհակառակը, Ֆրանսայի ձեռնարկութիւնները հանգիստ սրտով կրնան շահագործել Ռուանտայի հողերը:

Վերջապէս, Ֆրանսան մեր ցեղասպանութիւնը կը յիշէ, բայց այս յիշողութեան հետ կը խաղայ, որովհետեւ մեր ճնշումը բաւարար չէ եւ Թուրքիոյ համեմատ Հայաստանը բաւական շահաբեր չէ: Այսպիսով, այս յիշողութիւնը քաղաքական կեր մըն է, որ մեզ կը գոհացնէ եւ միւսին կը սպառնայ։
Կենդրոնանանք հայոց ցեղասպանութեան յիշողութեան վրայ:

Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր մեր դիւանագիտական ռազմավարութիւնը հայոց  ցեղասպանութեան յիշողութեան վրայ կը հանգչի։ Ատկէ զատ բան մը չունինք եւ գրեթէ բանի մը մէջ չենք յաջողած: Առաւել, միշտ նոյն միտքերը կրկնելով եւ սորվելով մենք մեզի կը համոզենք, որ տանջուած ժողովուրդ մը եղած ենք եւ միշտ ուրիշներու ճնշումները պէտք է կրենք։ Բայց մոռցած ենք, որ Տիգրան Մեծի ժամանակ մեր թագաւորութիւնը կը տարածուէր Միջերկրական Ծովէն մինչեւ Կասպից Ծով։

Հետեւաբար, յիշողութիւնը շատ կարեւոր դեր մը ունի ժողովուրդի մը ինքնաճանաչման եւ ինքնահայեցման վրայ: Օրինակի համար, թուրքերը իրենց միտքին մէջ ունին եւ կը շարունակեն յիշել Օսմանեան կայսրութեան փառաւոր ժամանակները, որոնց վերադառնալը նպատակ է։ Ասոր շուրջ հաւաքական յիշողութիւնը կենդանի եւ արթուն պահելու համար ճիգ կը թափուի։ Պզտիկ օրինակ մը. վերջերս հեռատեսիլէն սփռուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան նուիրուած շատ յաջող ֆիլմաշար մը, որուն հետեւեցան միլիոնաւոր դիտողներ։  

Եզրակացնելու համար ըսենք, որ հասարակաց  յիշողութիւնը ժողովուրդի մը մտածելակերպը կը պայմանաւորէ։

4 Յունիս 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

  1. Կը շնորհաւորեմ Սեւանին։Ուրիշ տեսանկիւնէն մը նայած է հասարակաց յիշողութեան որը շատ հետաքրքրական է։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան