ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԲԱՐԴՈ՞ՅԹ
ԼԻՒՍԻ ՕՍԵԲԵԱՆ
Դպրոցական առաջին վեց տարիներս անցած են Երեւան։ Տասներկու տարեկան էի, երբ ընտանիքս հաստատուեցաւ Ֆրանսա։ Ֆրանսերէն երբեք չէի խօսեր։ Ծնողներս զիս արձանագրեցին տեղական դպրոց մը, ուր օտարազգի աշակերտներուն խտացեալ ձեւով ֆրանսերէն կը սորվեցնէին։ Մէկուկէս տարուան մէջ սորվեցայ լեզուն ու շարունակեցի այնտեղ, քանի մեր շրջակայքը չկար հայկական դպրոց։ Հետեւաբար ծանօթ չեմ Ֆրանսայի հայկական դպրոցներու ծրագրին ու այս նիւթի մասին տեսակէտս փոքր-ինչ այլ է միւսներէն։
Ապրելով քաղաք մը, ուր հայեր չկան՝ հայկական ոգին իմ մէջս զարգացած է գլխաւորաբար ընտանեկան միջավայրի մէջ։ Բայց Երեւանի դպրոցական վեց տարիներս որոշիչ դեր ունեցած են հայկական ոգին մէջս սերմանելու:
Սփիւռք կամ Հայաստան՝ երեխայի առաջին տարիներու կրթութեան մէջ՝ մեծ պատասխանատւութիւն ունին թէ՛ առաջին ուսուցիչը, թէ՛ ընտանիքը: Երեխան դասարանին մէջ ստացած հայերէնի որակեալ գիտելիքը տան մէջ գործածելու կարելիութիւն պէտք է ունենայ։ Ատոր համար ծնողն ալ ջանք թափելու է, որ երեխան սիրով խօսի հայերէն։
Կարծիքովս, քու տիրապետած լեզուներէդ ո՛ր մէկով խօսիլդ ընտրութեան հարց է այլեւս։ Եւ երեխային այդ ճիշտ ընտրութեան առջեւ կանգնեցնելու համար, կը կարծեմ, որ տունը կրնայ օրինակ ծառայել հայերէնը խօսակցական լեզուի վերածելով թէ՛ տան մէջ եւ թէ՛ դուրսը, որպէսզի երեխան չամչնայ օտարներու մօտ իր լեզուով խօսելու:
Իսկ այն պարագային, երբ ծնողները չեն տիրապետեր հայերէնին, բայց երեխան կ’արձանագրեն հայկական դպրոց, ի հարկէ ուսուցման պարտականութիւնը ամբողջութեամբ կ’իյնայ ուսուցիչի ուսերուն, բայց ծնող-ուսուցիչ համագործակցութիւնն է, որ պիտի հասկցնէ երեխային, թէ ինչո՞ւ ինք կը սորվի լեզու մը, զոր չեն խօսիր ծնողները, ընդունիլ պիտի տայ, որ այդ լեզուի իմացութիւնը կարեւոր է, հպարտութիւն է, որպէսզի լեզուն չդառնայ ծանր պարտականութիւն, այլ հաճոյք։
Այլ կէտ մը։ Նկատած եմ, որ ուրիշ օտար ազգերու քով գոյութիւն չունի իրենց լեզուին գործածութեան նկատմամբ այն բարդոյթը, զոր կը նկատեմ հայերու մէջ։ Օրինակ՝ արաբներն ու հնդիկները, չինացիներն ու ռուսերը երբեք չեն ամչնար իրարու մէջ իրենց լեզուն խօսելու այլ մարդոց ներկայութեան։ Կարծիքովս, լեզուի կաշկանդուածութիւնը զուտ հայկական խնդիր է: Հայը, չես գիտեր ինչո՞ւ, ոգեւորութեամբ կը խօսի իր երկրի մշակոյթի մասին, բայց իր լեզուով խօսելու մէջ զուսպ է: Մինչդեռ, մենք պէտք է հպարտ ըլլանք, որ ունինք մեր սեփական այբուբենը, մեր լեզուն՝ ընդ որում երեք տարբերակ, որ ինքնին հարստութիւն է:
Ինծի համար հայկական ոգին Հայաստանին եւ Հայոց մշակոյթին հանդէպ սէրն ու հպարտութիւնն է, որ կը փոխանցուի ընտանիքէն եւ դպրոցէն։
7 Փետրուար 2021
Արեւմտահայերէնի վերածուած