ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ԴՊՐՈՑ. ՄԱՍ Ե.

ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՄԱՍԻՆ

ԱԼԻՍԱ ԻԳԻԹԵԱՆ

Սփիւռքահայուն համար դժուար է պահել ինքնութիւնը։ Կարելի է նոյնը ըսել տարբեր ազգերու համար ալ։ Ես ինծի հարց կու տամ. ինչպէ՞ս կրնանք սփիւռքի մէջ մենք մեզի թոյլ տալ մոռնալու մայր լեզուն, լաւ գիտնալով մեր անցեալը։

Հայերը իրարմէ տարբեր պատմութիւններ ունին եւ իրարմէ տարբեր ճամբայ բռնած են։ Համաշխարհայնացումի եւ արտագաղթի պատճառով լեզուական եւ ինքնութեան ապրումի տեսակէտով Հայաստանի եւ սփիւռքի երիտասարդներու միջեւ բաց մը կայ, թէեւ անոնց հանդէպ նախանձախնդրութիւնը կը միացնէ բոլորս։  

 Զարմանալի չէ եթէ հայերէնով «մայրենի լեզու» հասկացողութեան մէջ «մայր» բառը կը յայտնուի։ Մեր մայրիկը եւ ընդհանրապէս շրջապատը մեզի կը սորվեցնեն մեր առաջին լեզուն։ Ես նկատի ունիմ թէ՛ Հայաստան ծնած եւ սփիւռք տեղափոխուածները, թէ՛ սփիւռքահայերը, (օրինակ ֆրանսահայերը), որոնք բախտ ունեցած են սորվելու այս դժուար լեզուն հայ շրջանակի մէջ, որովհետեւ դպրոցի մէջ սորվիլը դժուար գործ է։

Եթէ սկիզբէն չենք հասկնար կարեւորութիւնը սորվելու մեր մայրենի լեզուն, զայն կը կորսնցնենք։

 Իհարկէ, հայկական եւ ֆրանսական դպրոցները տարբեր են, եւ լեզուի ժամերը բնաւ նոյնը չեն։ Հայկական դպրոցները, ինչպէս Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ կրթարանը, շատ ուժեղ են, այն իմաստով, որ ամէն օր եւ հայերէնի ամէն դասին դասատուները մեզի հետ հայերէն կը խօսէին։ Յաջորդ տարիներուն, ուրիշ դպրոցներու աւելի բարձր դասարաններու մէջ, լեզուի այդ մօտիկութիւնը կը կորսուի։

 Մանկութեանս՝ ես ջուրի պէս կը խօսէի հայերէն եւ ռուսերէն։ Ժամանակ անցաւ, դեռ լաւ կը խօսիմ, բայց տարբերութիւնը կը զգացուի։ Այդ պատճառով, երիտասարդներուն հետ հայերէն խօսիլը ինծի համար դարձաւ աւելի դժուար, որովհետեւ հայերէն խօսելու վարժուած եմ միայն իմ ընտանիքիս եւ մեծերու հետ։ Սկսած եմ աւելի շատ ֆրանսերէն խօսիլ, վստահ ըլլալու համար, որ դիմացինս կը հասկնայ ըսել ուզածս եւ սխալ բառեր չեմ գործածեր։ Ֆրանսական դպրոցի մէջ ֆրանսերէնը գերազանցեց եւ դարձաւ աւելի հեշտ ու ազատ։

Ես կ’ուզեմ այդ հեշտութիւնը ունենալ ամէն լեզուի հետ, մանաւանդ հայերէնի։ Թէ՛ ինծի եւ թէ՛ հայ համայնքի համար անհրաժեշտ է ասիկա։

Իմ կարծիքովս, հայերէնով ապրիլը մեծ հաճոյք է, յարգալից յաջողութիւն է։

21 Յունուար 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան