ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ԴՊՐՈՑ. ՄԱՍ Դ.

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈԳԻ

ՆԱԹԷԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ

Հայկական ոգի. գաղափար մը, որուն մասին յաճախ կը լսենք, մանաւանդ երբ հայրենիքը դժուարութեան մէջ կը գտնուի։ Արցախեան վերջին պատերազմի ընթացքին, սփիւռքի երիտասարդներէն շատերուն հայկական ոգին զօրացաւ եւ նոր արթնութիւն մը ապրեցան։ Բայց ի՛նչ տխուր է մտածել, որ հայկական ոգիին զօրանալը այսպիսի դէպքէ մը կախեալ է։

Ոգիի արթնութեան ազդող ուրիշ ձեւեր կա՞ն արդեօք։
Այս յօդուածը պիտի կեդրոնանայ  սփիւռքի հայկական դպրոցներու դերին վրայ։  

Ի՞նչ կը նշանակէ հայկական ոգի։ Հայկական ոգին այն զգացումն է, որ հայ ժողովուրդը կը կապէ իր երկրին, պատմութեան ու մշակոյթին, անոնց գոյութիւնը պահելու եւ զարգացնելու համար պայքարի ուժ կու տայ։

Կը կարծենք, թէ փոքր տարիքէն հայկական դպրոց գացողը հայկական զօրաւոր ոգի կ’ունենայ, քանի որ հայկական շրջանակի մէջ կը մեծնայ, կը սորվի հայերէն եւ հայոց պատմութիւն։ Բայց զարմանալի է, որ Ֆրանսայի երիտասարդներուն մէկ մասը դժուարութիւն ունի հայերէնով արտայայտուելու հայկական դպրոց գացած ըլլալով հանդերձ։ Ես՝ սփիւռքահայ երիտասարդուհի, մինչեւ14 տարեկան հասակս հայկական երեք տարբեր դպրոցներ գացած եմ երեք տարբեր երկիրներու մէջ։ Ձեռք բերած փորձառութիւններս զիս կը յանգեցնեն մի քանի միտքերու, որոնք կրնան բացատրել հայկական ոգիի ներշնչման հարցով սփիւռքահայ դպրոցներուն դերը։

Տուպայ’  ապրած ատենս կը յաճախէի հայկական միօրեայ դպրոց, ուր բոլոր գործունէութիւնները կը կազմակերպուէին հայերէն լեզուով՝ դասեր, խաղեր, թատերախաղեր, հանդէս։ Բայց շաբաթը մէկ անգամը բաւարար չէր դպրոցէն դուրս ալ ընկերային շրջանակը հայերով ապահովելու: Հետաքրքրական պիտի ըլլար եթէ կազմակերպուէին հայերէնով գործող մարզական կամ մշակութային խումբեր, որպէսզի պատանիներն ու երիտասարդները կարելիութիւն ունենային հայերէնով իրարու հետ հաղորդակցելու դպրոցական շրջանակէ դուրս։

Նկատեցի թէ Լիբանանի դպրոցներուն մէջ վերոնշեալ կէտերը գոյութիւն ունէին։ Ամենօրեայ դպրոցներու գոյութիւնը բնական կը դարձնէր հայերէնով արտայայտուիլը։ Համալսարաններուն մէջ նոյնիսկ հայկական ոգի կար, քանի որ ուսանողները հիմնած էին հայկական մշակութային միութիւններ եւ իրենց ոչ-հայ ընկերներն անգամ հայկական սովորութիւններու ծանօթ էին։

Այս երկիրներուն եւ Ֆրանսայի տարբերութիւնը այն է, որ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասերէն դուրս ուսուցիչները հայերէն չեն խօսիր աշակերտներուն հետ, օրինակ՝ մարզանքի կամ գծագրութեան պահերուն: Այս պատճառով աշակերտներուն մօտ անբնական դարձած է հայերէնը գործածել որպէս ամենօրեայ խօսակցութեան լեզու։

Բայց բոլոր պատասխանատւութիւնը դպրոցներուն վրայ պէտք չէ դրուի։ Ֆրանսայի մէջ գոյութիւն ունի նաեւ համարկումի խնդիրը։ Շատ անգամ երիտասարդները ընկերութեան կողմէ չմերժուելու համար չեն համարձակիր իրենց հայութիւնը ցոյց տալ ու այդպիսով կը հեռանան իրենց մշակոյթէն։ Կարգ մը ծնողներ իրենց երեխաները չեն արձանագրեր հայկական դպրոց այլեւայլ պատճառներով՝ հեռաւորութիւն, համարկուելու մտահոգութիւն, դպրոցական մակարդակ, եւլ։ Այս որոշումը անձնական է եւ քննադատական ​​չէ, քանզի տեսանք թէ հայկական դպրոց երթալ չի նշանակեր հայկական ոգիով մեծնալ։  

Կ’ուզեմ նշել սակայն, թէ պարտականութիւն ունինք հայկական դպրոցները բանեցնելու։ Անոնք պէտք է շարունակեն գոյութիւն ունենալ։ Հետեւաբար, մէկ կողմէն կարեւոր է ապահովել անոնց ուսման բարձր մակարդակը, որպէսզի ծնողները չյուսահատին, միւս կողմէն՝ ծնողները կամ աւարտած հայ երիտասարդները պատասխանատուներու նկատողութեան պէտք է յանձնեն դպրոցին թերացումները, որպէսզի անոնք բարելաւուին։ Բնականաբար, կառավարող մարմինները ականջ դնելու են անոնց, ընդունելու են նկատողութիւնները եւ առաջարկները՝ եթէ իրականանալի են։  

Չմոռնանք, որ այսօրուան երիտասարդներն ու մանուկները պիտի ըլլան հայկական մշակոյթը յետագայ սերունդին փոխանցողները։ Իսկ հայկական ոգիի պահպանման համար անհրաժեշտ է, որ սերունդները լաւ ճանչնան իրենց ինքնութիւնը եւ հանգիստ զգան զայն ապրելով։  

Որքան տկարանայ հայկական ոգին, այնքան կ’ընդարձակուի ճամբան թշնամիին առջեւ։

25 Յունուար 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան