ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ԴՊՐՈՑ. ՄԱՍ Ա.

ԴՊՐՈՑԻՆ  ԴԵՐԸ

ՍԵՒԱՆ ԱՒԱՏԻՔԵԱՆ

Արցախեան երկրորդ պատերազմը ընդհանուր ձախողութեան խորհրդանիշ մը դարձաւ մեր ժողովուրդին համար, հետեւաբար սփիւռքին վերակառուցումը կենսական դարձաւ:

Այս վերակառուցումը պէտք է սկսի մեր դպրոցներուն ու մտածելակերպին մէջ։ Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր Ֆրանսայի հայ դպրոցներուն վիճակը, զանազան մակարդակներու վրայ, զիս բաւական կը մտահոգէր։ Նախ՝ մեր լեզուին գործածութեան, յետոյ՝ մեր դպրոցներու դերին եւ, վերջապէս, անոնց տնտեսական վիճակին հարցերով:

Կեդրոնանանք մեր լեզուին վրայ: Այնպիսի ժամանակի հասանք, որ որեւէ գաղափար մեր համայնքը կը բաժնէ։ Այս պատճառով, պէտք է գտնել հասարակ արժէքներ կամ գաղափարներ, որոնք համայնքը միացնելու կարողութիւնը ունենան։ Ինծի համար մեր լեզուն այս արժէքներէն մէկն է, որովհետեւ մեզ՝ իբրեւ ժողովուրդ, կը յատկանշէ։ Դժբախտաբար շուրջս կը նկատեմ, որ հայախօս երիտասարդներուն թիւը երթալով կը նուազի իբր հետեւանք դպրոցներու մէջ հայերէնի անբաւարար դասերուն եւ հայերէնին բաւարարաչափ արժէք չտրուելուն։ Պէտք է, որ մեր միտքերուն մէջ հայերէնը  LV2  (կենդանի երկրորդ լեզու) մը չըլլայ, այլ արտայայտուելու եւ զուարճանալու միջոց մը:

Լեզուի կողքին, մեր դպրոցները պէտք է փոխանցեն հայկական ոգի, որ կրնայ նաեւ հասկցուիլ իբրեւ ընտանեկան ոգի, որուն կեդրոնական միտքերն են իրարօգնութիւնը, հայրենիքին պատմութիւնը եւ հայրենիքին համար գործելը: Չմոռնանք, որ մեր դպրոցները հաւաքումի եւ դաստիարակութեան  ամենազօրաւոր միջոցներն են: Անոր համար պէտք է, որ մեր դպրոցներուն մակարդակը բարձր պահենք եւ մեր հայերէնի ուսուցիչները քաջալերենք։

Նախորդ պարբերութիւնը մեզ կը հասցնէ վերջին կէտին՝ մեր դպրոցներու տնտեսական վիճակին։ Այո, մեր դպրոցները դրամի պէտք ունին եւ այս դրամը անպայման պէտք է գտնել։ Նախ եւ առաջ՝ հայ ծնողները, որոնք կարողութիւն ունին, իրենց երեխաները մեր դպրոցները պէտք է ղրկեն: Յետոյ՝ պէտք է, որ բոլորս տնտեսապէս օգնենք մեր դպրոցներուն, որպէսզի այս հայկական ոգին շարունակէ զարգանալ:

Մեր հայրենիքը սկսանք կորսնցնել, եւ եթէ այսպէս շարունակենք, պիտի կորսնցնենք Ֆրանսայի մէջ մեր նուազագոյն ձեռք բերածը՝ մեր դպրոցները:

11 Յունուար 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

  1. Հիանալի շարադրութիւն հայկական դպրոցներուն մասին Ֆրանսիայի մեջ։
    Սեւան, շատ յուզիչ եւ ճիշտ բառերով ուսումնասիրեցիր այս կարեւոր նիւթը։

    1. Ուրախ եմ որ սիրեցիր, այո մեզի համար ճիշտ է բայց դժբախտափար շատերուն համար խնդիր չէ…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան